13 Ապրիլին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան միջոցով «Համահայկական հիմնադրամ»-ին կողմէ 63,060 ամերիկեան տոլար փոխանցուեցաւ Լաթաքիոյ շտապ օգնութեան մարմինին:

«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, վեհաժողովին մէջ Ֆրանսայի պատուիրակութեան ղեկավար Ռընէ Ռուքէ Քեսապի հարցին վերաբերեալ նամակով մը դիմած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսին:

Լաթաքիոյ Նապաին շրջանին եւ Քեսապի հիւսիսային շրջաններուն մէջ Հինգշաբթի, Ապրիլ 10ի առաւօտեան թէժ մարտեր տեղի ունեցած են կառավարութեան համակիր եւ իսլամ ծայրայեղական ուժերուն միջեւ:

Բերիոյ թեմէն կը տեղեկանանք թէ անցնող օրերուն Հալէպի ապահովական վիճակը վատթարացաւ: Սուրիական օրինաւոր բանակի եւ զինեալ ընդդիմադիրներու միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ'ունենան Զահրաա (քաղաքի արեւմտեան կողմը), Լերամուն (քաղաքի հիւսիս արեւմտեան կողմը),

Քրտական ժողովուրդի քոնկրեսը(ՔՈՆԿՐԱ-ՃԵԼ) հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բուռն կերպով դատապարտեց քեսապահայութեան ահաբեկման արարքը եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին: