Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը կը փորձէ Գալատուրանը Քեսապին կապող ճամբան կտրել, ինչպէս կը հաղորդէ «Մայատին» կայանը, զինեալները մեկուսացնելու համար, շարունակելով քանի մը օր առաջ դէպի Քեսապ իր յառաջխաղացքը:

Բանակային աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ վերջին 24 ժամերուն ընթացքին մօտաւորապէս հազար իսլամ ծայրայեղականներ սպաննուած են Լաթաքիոյ նահանգին մէջ, ուր բանակը ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող քանի մը բարձունք կրցած է վերագրաւել: «Մայատին» հաղորդեց, որ Քեսապի շրջանին մէջ բախումները կը շարունակուին:

Իր կարգին «Սուրա Ալ-Էն» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քեսապի ճակատին վրայ նախաձեռնութիւնը ամբողջութեամբ կառավարական ուժերուն ձեռքն է: Շրջան ուղարկուած են զինուորական այն ստորաբաժանումները, որոնք լեռնային շրջաններուն մէջ մարտեր մղելու փորձառութիւն ձեռք ձգած էին Դամասկոսի հիւսիսը գտնուող Քալամուն շրջանի մարտերուն ընթացքին: Այլ ուժեր եկած են նաեւ Թարթուսէն եւ Դամասկոսէն:
Սուրիական լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան «Նաշրա» կայքին յայտնած են, որ մինչեւ հիմա Քեսապի դէմ յարձակումին թրքական ուղղակի միջամտութեան հակադարձելու որոշում չէ տրուած, որպէսզի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան զայն քաղաքապետական ընտրութիւններուն մէջ չօգտագործէ, «սակայն՝ այդ ընտրութենէն ետք ամէն ընտրանքները սեղանի վրայ են»:
Միւս կողմէ, «Մայատին» կայանը կը հաղորդէ, թէ Քեսապի շրջանին մէջ բուռն բախումներ սկսած են, երբ զինեալները փորձած են Խըրպեթ Սուլասի դիտարանը գրաւել: Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը ռմբակոծած է Պէյթ Ամլաք, Ղամամ եւ Սաուտա գիւղերը:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Մայատին»ին յայտնած է, որ բախումները տարածուած են մինչեւ Գալատուրան գիւղի մերձակայքը, եւ բանակը կը ջանայ Գալատուրան-Քեսապ ճամբան փակել՝ զինեալները հոն մեկուսացնելու համար:
Լրագրող Մաժտ Լէյլա «Մայատին»ին յայտնած է, որ սուրիական օդուժը Քեսապի մէջ կարգ մը փողոցներ ռմբակոծած է, ինչպէս նաեւ թիրախ դարձուցած է Այն Նըսր բլուրի շրջակայքը:


Քեսապ Վերադառնալու Քեսապահայերու Յոյսերը
Օրէ Օր Կ՛աճին. Քեսապի Քաղաքապետ

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2ին Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեանը տեղեկացուցած է թէ քեսապահայերը այսօր աւելի մեծ յոյսեր ունին իրենց բնակավայրը վերադառնալու, տեսնելով Սուրիոյ բանակի յառաջխաղացքը: Քաղաքապետը նշեց, որ Լաթաքիոյ եկեղեցիին մէջ ապաստան գտած մօտաւորապէս 700 հայ ընտանիքներէն շատերը այժմ վարձու տուներու մէջ հաստատուած են Լաթաքիոյ մէջ, կամ՝ ազգականներու մօտ. եկեղեցւոյ մէջ կը մնան մօտաւորապէս 50 հայ ընտանիքներ, որոնք կը ստանան անհրաժեշտ օգնութիւններ:
Ըստ Չափարեանի՝ տակաւին Քեսապ կը մնան 17 հայեր, որոնցմէ ոմանք կը փափաքին դուրս գալ, իսկ ուրիշներ կ՛ուզեն մնալ: «Փառք Աստուծոյ, զոհեր, վիրաւորներ եւ ձերբակալուածներ չկան: Մնացող հայերը 80 տարիքը բոլորած մարդիկ են, իսկ զինեալները անոնց վնաս չեն հասցուցած», նշեց քաղաքապետը:

Ռուսիա կ՛առաջարկէ Քեսապի Դէպքերը
ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի Օրակարգի Նիւթ Դարձնել

Ռուսիոյ Դաշնութեան (ՌԴ) արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, ուր յայտնած է, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է քննարկէ Քեսապի հայութեան դէմ կատարուած յարձակումները, տալով անոնց սկզբունքային գնահատականը:
«Վերջին օրերուն միջազգային հանրութեան եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան կողմէ Թուրքիոյ սահմանակից, Լաթաքիա քաղաքէն 65 քիլոմեթր հեռու գտնուող Քեսապ քաղաքի իրադարձութիւններուն վրայ: Ստացուած տեղեկութիւններու համաձայն՝ Քեսապ քաղաքի մերձակայքը, դաժան յարձակումի ենթարկուած է «Ալ Քայիդայի» կապուած «Ճապհաթ Նուսրի» եւ «Ահրար Շամ» ծայրայեղական խմբաւորման քանի մը հազար մարդոց կողմէ», գրուած է յայտարարութեան մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նա- խարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Քեսապի 700 ընտանիքներու միակ մեղքը անոնց հաւատարմութիւնն է Սուրիոյ կառավարութեան:
«Ինչ կը վերաբերի Youtube-ի մէջ հրապարակուած տեսանիւթերուն, եթէ նոյնիսկ անոնց մէջ ներկայաց- ւածը, ինչպէս կը հաստատեն որոշ աղբիւրներ, ոչ թէ Քեսապի հայերու սպանութիւնն է պատկերուած, այլ սուրիական բանակի զինուորներու դէմ դաժան հաշուեյարդարը, ապա ատկէ այդ յանցագործութիւնը պակաս սարսափելի չի դառնար», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ: