Ռուսական RT (Russia Today) հեռատեսիլի կայանը կը յայտնէ, թէ Քեսապի եւ անոր մերձակայ բարձունքներուն շուրջ բուռն բախումները կը շարունակուին։

«Քեսապահայերը մեծ յոյսեր ունին, որ հայրենի Քեսապը շուտով պիտի ազատագրուի», հաստատած է Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեան՝ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։

Կիպրոսի ընկերվարական ԷՏԷԿ կուսակցութեան հրաւէրով երկօրեայ այցելութեամբ Կիպրոս կը գտնուի Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահներէն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Մարիօ Նալպանտեանը: 

Փարիզի մէջ երէկ երեկոյեան ժողովրդային բազմամարդ հաւաք մը տեղի ունեցաւ:

Լոս Անճելըսի մէջ նոյնպէս, Ուրբաթ 28 Մարտին, հարիւրաւոր հայորդիներ, ընդառաջելով Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Քեսապի հայրենակցական միութեան հրաւէրին, զօրակցութեան ցոյց կատարեցին Լոս Անճելըսի մէջ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ:

Ըստ «Ալ Մայատին»ի, սուրիական բանակը Մարտ 31-ի դրութեամբ սկսած է իր յառաջխաղացքը դէպի Քեսապի ծովամերձ հայկական Գարատուրան գիւղը, ուր բուռն մարտեր տեղի կ’ունենան։