Անթիլիասի Ուխտի օրը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այլեւ մեր ամբողջ ժողովուրդին համար:

Եօթը տարին անգամ մը տեղի ունեցող միւռոնօրհնութեան արարողութենէն բացի, արիւնով ու քրտինքով պահուած Լուսաւորիչի օրհնաբաշխ Սուրբ Աջը տարուան ընթացքին միայն մէկ անգամ իր արծաթապատ արկղէն դուրս կու գայ:

Երէկ Կիրակի 6 Ապրիլ 2014ին հոգեւոր մեծ խանդավառութեամբ եւս նշուեցաւ Ուխտի օրը Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Ուխտի օրը կանխող շաբթուան ընթացքին, Ուրբաթ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք նախատօնակ կատարուեցաւ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի Վիրապին:
Կիրակի առաւօտեան մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ՝ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին: Օրուան պատարագիչն էր Բերիոյ հայոց թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան: Պատարագիչ սրբազանը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդի վերանորոգութեան առաջնորդն է: Այսօր կը դիմենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին եւ կը խնդրենք, որ իր բարեխօսութեամբ Աստուած մեր ժողովուրդը պապէ, պահպանէ ու առաջնորդէ իր ողորմութեամբ եւ մարդասիրութեամբ»:
Շարունակելով իր խօսքը Սրբազանը նաեւ Սուրիոյ հայութեան անունով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ հայրապետին որ մօտէն կը շարունակէ մտահոգուիլ, աշխատիլ ու աջակցիլ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան ու վերականգնումին գծով:
Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք խուռներամ բազմութեան մէջ աւանդական թափօրը սկսաւ Վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ: Հայ ժողովուրդի զաւակները, այր թէ կին, մեծ թէ փոքր, հաւատքի մղումով մօտեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին ու ստացան անոր օրհնութիւնը: Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին աւանդութեան համաձայն, նոյն օրը նաեւ դարեր շարունակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ պահպանուած այլ սուր- բերու մասունքները եւս գանձատունէն դուրս բեր- ւեցան:
Թափօրի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով, եւ ապա Վեհափառ հայրապետը Սուրբ Լուսաւորիչի Աջը ի ձեռին աղօթեց իր կողմէ խմբագրուած աղօթքը, ուր ի միջի այլոց կÿըսէր՝ «Հայոց աշխարհի Երկրորդ Լուսաւորիչ, եկո՛ւր եւ հաւատքի լոյսով վառէ՛ մեր միտքին, սիրտին ու հոգիին կանթեղը. “առաւել կեանք”ով շաղաշէ՛ մեր երկրաւոր կեանքը ու երկնայինին յոյսով զօրացո՛ւր մեր յուսաբեկ սիրտերը» ըսաւ վեհափառը: