Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եանաքիս Օմիրուն նամակ մը յղած է Եւրոխորհրդարանին, Միջխորհրդարանական միութեան, Միջերկրականի խորհրդարանական վեհաժողովի ու Ուղղափառներու միջխորհրդարանական վեհաժողովի նախագահներուն, Քեսապի մէջ տիրող իրավիճակին մասին:

Եւրոգօտիի մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան («օմպուցմեն»-ներու) հիմնարկը, որ կը միաւորէ հարիւրաւոր իրաւապաշտպաններ Եւրոպայի տարածքին, արձագանգած է քեսապահայութեան խնդիրով Կարէն Անդրէասեանի ուղերձին:


Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Դամասկոսի Պապ Թումա շրջանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից "Փարոս" վարժարանին վրայ երէկ առաւօտեան հրթիռ ինկած է: Հրթիռներու պատճառով զոհուած է աշակերտ մը, կան նաեւ վիրաւոր աշակերտներ եւ ուսուցիչներ:

Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը երէկ Քալամունի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Մաալուլա գիւղը մուտք գործելով՝ Մար Թաքլա եւ Քըտտիսին վանքերը առաւ իր վերահսկողութեան տակ:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Իրանի արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Մոհամետ Ռեզա Նեմաթզատէ յայտարարած է, որ Իրան մտադիր է աւելի մեծ դեր խաղալ կազի համաշխարհային շու- կային մէջ, սակայն չ՛ուզեր Ռուսիոյ մրցակից դառնալ: