Ապրիլ ամսուայ ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նպաստող գովազդային վահանակներ կը տեղադրուին Պոսթըն քաղաքի մէջ՝ Ֆոքսպորօ, Քեմպրիճ եւ Ուոթըրթաուն (Մասաչուսէթս):

Գովազդային վահանակներու տարեկան տեղադրումը կը հովանաւորուի «Խաղաղութեան արուեստ» (www.PeaceofArt.org), կազմակերպութեան եւ կազմակերպութեան հիմանադիր նախագահ՝ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի կողմէ:

1996-էն սկսեալ‘ վերջին 18 տարիներու ընթացքին, Վարուժանը դուրս բերաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը համայնքային փակ դռներէն դէպի լոյս աշխարհ՝ բաց երկնքի տակ բարձրացնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող մեծածաւալ գովազդային վահանակներ, հանրութեան ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան ողջ իրողութիւնը, իբրեւ անհերքելի պատմական փաստ եւ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ միջազգային հանրութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
2004-էն սկսեալ «Խաղաղութեան արուեստ» (www.PeaceofArt.org) կազմակերպութիւնը հովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած գովազդային վահանակները:

Այս տարի 2014-ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող վահանակները յարգանքի տուրք կը մատուցեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ վերապրողներուն: Վահանակներու կարմիր ֆօնի վրայ նարնջագոյն տա- ռերով գրուած է՝ «Ճանչնանք դարու ոճիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: «Ցեղասպանութիւն» բառը իր մէջ կը մարմնաւորէ 100 թիւը եւ ձեռնաշղթայ: 100 թիւը կը յիշեցնէ ցեղասպանութեան մօտալուտ հարիւրամեակը, իսկ ձեռնաշղթան կը խորհրդանշէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը յանցագործներու եւ անոր կողմնակիցներու կողմէ:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը դարու ոճիրն է, քանի որ կը հանդիսանայ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Եթէ ժամանակին անիկա դատապարտուէր, հաւանաբար կանխուէին ապագայ ցեղասպանութիւնները: 1915-էն սկսեալ ցեղասպանութիւնը դարձաւ արդիւնաւէտ գործիք վերացնելու բնակչութեան անցանկալի մասը: Աշխարհը, որ մէկ դար շարունակ աչք փակած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին վրայ, ամօթալի կերպով կը շարունակէ կոյր մնալ աշխարհի մէջ տիրող ոճրագործութիւններուն հանդէպ, եւ այդ իսկ պատճառով միլիոնաւոր մարդիկ կը սպաննուին ամբողջ աշխարհի մէջ՝ քաղաքական, կրօնական կամ ազգային զտումներու պատճառով:
Հայ ազգը պիտի չդադրի պայքարելէ ցեղասպանութեան ճանաչման համար հարիւրամեակին ընդառաջ՝ կոչ ուղղելով համաշխարհային հանրութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ դատապարտելով մարդկութեան հանդէպ նման յանցագործութիւնները: Ժամանակը եկած է պահանջելու Թուրքիայէն՝ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

www.PeaceofArt.org