Անթիլիասի Ուխտի օրը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այլեւ մեր ամբողջ ժողովուրդին համար:

Ապրիլ ամսուայ ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նպաստող գովազդային վահանակներ կը տեղադրուին Պոսթըն քաղաքի մէջ՝ Ֆոքսպորօ, Քեմպրիճ եւ Ուոթըրթաուն (Մասաչուսէթս):

Համազգայինի Հիմնադրամներու Կառոյցի Մարմինը իր հերթական ժողովը գումարեց 19 Մարտ 2014-ին, օրակարգի վրայ ունենալով Համազգայինի տրամադրութեան եւ տնօրինումին յանձնուած հիմնադրամներու 2013ի գործառնութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատելու համար հիմնադրամներու եկամուտներէն կատարուելիք յատկացումները:

Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը կը փորձէ Գալատուրանը Քեսապին կապող ճամբան կտրել, ինչպէս կը հաղորդէ «Մայատին» կայանը, զինեալները մեկուսացնելու համար, շարունակելով քանի մը օր առաջ դէպի Քեսապ իր յառաջխաղացքը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ 
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԵՒ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի 1 Ապրիլ 2014-ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական Ժողովի հանդիպում, մասնակցութեամբ թեմակալ առաջնորդներուն։