Թիֆլիսի մէջ
Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլ 6-ին կատարուած է հոգեհանգիստի արարողութիւն Սուրիոյ պատերազմին զոհուածներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Արարողութեան ներկայ եղած է վիրահայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան: Այս մասին կը յայտնեն Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանէն:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Վիրահայոց Թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի, «Վրաստանի Հայ Համայնքի», «Թիֆլիսի Հայերու Վեհաժողովի» նախաձեռնութեամբ, հայերէ կազմուած խումբ մը, եկեղեցիէն շարժած են դէպի Վրաստանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան շէնք: Բողոքի ցոյցին մասնակիցները՝ Վրաստանի եւ ՀՀ պետական դրօշներով ու պաստառներով, պահանջած են դադրեցնել Սուրիոյ մէջ խաղաղ բնակչութեան դէմ ուղղուած բռնութիւնները եւ պատասխանատուութեան ենթարկել Թուրքիան՝ Քեսապի եւ յարակից շրջաններու վրայ յարձակած ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար: Այնուհետեւ ցոյցի մասնակիցները քաղաքի կեդրոնական Ճաւճաւաձէ մայրուղիով քայլերթով հասած են Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ՝ «Պահպանենք Քեսապը», «Պադրեցուցէք յանցագործ գործողութիւնները Քեսապի դէմ» տարբեր լեզուներով պաստառներով: Ցոյցին մասնակցած է աւելի քան 250 մարդ: Վրաստանի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններուն կողմէ դիմում ներկայացուած է ՄԱԿ-ին, ուր կոչ կ’ուղղուի ուսումնասիրելու Քեսապի իրադարձութիւնները եւ տալու համապատասխան իրաւական գնահատական Թուրքիոյ Հանրապետութեան գործողութիւններուն:
Մոսկուայի մէջ
Ռուսատանեան հասարակայնութեան ձեռնարկը, որը զօրակցութիւն յայտնեց Քեսապի հայերուն եւ սուրիացի ժողովուրդին, տեղի ունեցաւ Ապրիլ 4-ին, Մոսկուայի մէջ: Ձեռնարկի կազմակերպիչներն էին «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութիւնը եւ Մոսկուայի հայ երիտասարդութեան ընկերակցութիւնը: Միջոցառման ժամանակ ելոյթ ունեցած հասարակական եւ քաղաքական գործիչները դատապարտեցին Սուրիոյ մէջ միջազգային ահաբեկչութիւնը եւ անօրինական զինուած խմբաւորումներուն Թուրքիայի աջակցութիւնը: Ելոյթ ունեցողները աջակցութիւն յայտնեցին Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու ջանքերուն, որոնք ուղղուած են սուրիական խնդրի խաղաղ կարգաւորման:
«Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան նախա- գահ Եուրի Նաւոյեան նշեց, որ ՄԱԿ-ը եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւն- ներ պէտք է հետաքննութիւն սկսին խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ յան- ցագործութիւններու վերաբերեալ եւ մեխանիզմներ ստեղծեն, որոնք կþերաշխաւորեն իրենց պատմական բնակութեան վայրեր Քեսապի բնակչութեան վե- րադարձը:Միջոցառման մասնակիցները ընդունեցին դիմում, ուր կը դատապարտուի միջազգային ահաբեկչութիւնը եւ հակամարտող կողմերուն կոչ կþուղղուի բոլոր հարցերը լուծել խաղաղ միջոցներով:
Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ
ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան (ՔԵՄ) եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ, Քեսապի զօրակցական բողոքի հաւաքներ տեղի ունեցան Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ: Թորոնթոյի բողոքի հաւաքը տեղի ունեցաւ տեղւոյն թրքական հիւպատոսարանի շէնքին դիմաց: Ցոյցի ընթացքին խօսք առին ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Յարութ Գասապեան, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան անդամ Ալեք Օհանեան, սուրիահայ ուսանող Ռազմիկ Էպեճեան, Քեսապի արմատներով ՔԵՄ-ի անդամ Ռուբինա Սարգիսեան, որոնք բուռն կերպով դատապարտեցին թրքական պետութեան գործօն մասնակցութիւնը Քեսապի դէպքերուն:
Թորոնթոյէն եւ Քեմպրիճէն ժամանած 600 երիտասարդներ, համալսարանական ուսանողներ ՀՕՄ-ի Գոլոլեան երկրորդական վարժարանի աշակերտներ եւ թորոնթոհայ ազգայիններ կը մասնակցէին ցոյցին:
Մօտ 20-25 թուրքեր եւ ատրպէյճանցիներ հիւպատոսարանին դիմաց հակադարձեցին հայկական կողմի բողոքի հաւաքին: Անոնք յատկապէս իրենց ձեռքերով թրքական «Գորշ գայլեր» ազգայնամոլ կազմակերպութեան գայլակերպ նշանը պարզած էին եւ պաստառներու վրայ գրուած հակահայ լոզունգներ ունէին, ինչպէս՝ «Հայեր, դուրս եկէք Ղարաբաղէն»:
Նոյն օրուան ընթացքին, Մոնրէալի ՄԱԿ-ի շէնքին դիմաց կայացաւ բողոքի ցոյց, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան (ՔԵՄ) եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան կողմէ: Բողոքի հաւաքին կը մասնակցէին նաեւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի երկրորդականի բարձրագոյն կարգերու աշակերտները, ինչպէս նաեւ Մոնրէալէն եւ Լաւալէն ժամանած շուրջ 500 ազգայիններ:
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան կողմէ խօսք առաւ Միրնա Ֆուտուլեան, իսկ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի խօսքը փոխանցեց Կորիւն Գոյունեան: Ցուցարարները ՄԱԿ-էն պահանջեցին ապազինել Քեսապն ու շրջակայքը եւ դատապարտեցին թրքական յարձակողապաշտ ընթացքը:
Այնճարի մէջ
Անցնող երկու օրերուն Այնճար ժամանելով Քեսապահայ աշակերտներ, սկսան յաճախել վարժարանս,որոնք հայկական հարազատ միջավայրի մէջ գտնուելով, անմիջապէս ընտելացան մթնոլորտին ու մտերմացան իրենց դասընկերներուն հետ: Այս մասին կը յայտնէ Այնճարի ազգային վարժարանի կայքը։ Աղբիւրի համաձայն, անոնք վարժարանի եւ իրենց նոր դասընկերներուն զօ-րակցութեամբ վճռակամ են՝ իրենցմէ խլուած ուսումնական առօրեան եւ ժամանակը պայքարունակ ջանասիրութեամբ վաստկելու եւ վերականգնելու: