Թուրքիա մեկնող հայաստանցիներուն թիւը 2011ի առաջին հինգ ամսուան ընթացքին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատւածի համեմատ՝ աճած է 8.8 տոկոսով:
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, 2011 Յունուար-Մայիս ամիսներուն ընթացքին Թուրքիա այցելած է 18.835 հայաստանցի, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աւելի է

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է,

Թուրք ծանօթ մտաւորական եւ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու համացանցային յօդուածի մը մէջ հարց կուտայ, թէ արդեօք Մեսրոպ պատրիարքինը Կոմիտասի երկրորդ պարագա՞յ մըն է. ան այդ զուգահեռը կը գծէ ըսելով, թէ երկուքն ալ զոհ գացին վախի ու սարսափի զգացումներու: Անոնք իրենց ժողովուրդին դիմաց ցցուած սպառնալիքներուն գինը վճարեցին իրենց հոգիով:

Երեք ինքնաշարժեր վնասուած են, երբ Թուրքիոյ մայրաքաղաքի Էսքիշեհիրի մայրուղիին վրայ ական մը պայթած է։ Պայթումը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 8։00-ին

Իսլամական երկիրներու կազմակերպութիւնը 28-30 Յունիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ժողովին ընթացքին որդեգրեց 22 կէտերէ բաղկացած ատրպէյճանամէտ բանաձեւ մը:
Բանաձեւը կը խօսի Հայաստանի կողմէ կատարուած երեւակայածին բռնարարքի մը մասին, ինչպէս նաեւ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ «Ատրպէյճանի բռնագրաւուած հողամասերուն» վրայ «հայ բնակեցուածներու» տեղակայման առնչութեամբ: