Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Պենկազի կատարած այցելութեան յաջորդեց իր յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիա 200 միլիոն տոլարով պիտի օժանդակէ ըմբոստներու Ազգային Խորհուրդը: Տաւութօղլու յայտնեց թէ «պահը եկած է, որ Քատաֆի հեռանայ Լիպիայէն»: Ինչպէս կը հաղորդեն թրքական լրատու գործակալութիւնները, Թուրքիա արդէն  ետ կանչած է Լիպիոյ մէջ իր դեսպանը:

Ատրպէյճան  կը  շարունակէ  ռազմատենչ  իր կոչերը

 ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան  Նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ հայկական զինուած ուժերու կրակէն Նախիջեւանի մէջ ատրպէյճանցի զինծառայող մը վիրաւորուեցաւ:
Նախարարի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Կարապետեանը յայտարարեց. «Այդ տեղեկութիւնը չի համապատասխանում իրականութեանը: Հայկական զինուած ուժերը խստօրէն պահպանում են հրադադարի ռեժիմը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ «Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներու» մասին բանաձեւը դարձեալ ընդգրկուած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ։
Կայքէջը կը նշէ, որ 66-րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ ընդգրկուած է նաեւ «ՎՈՒԱՄ տարածքին մէջ երկարաձգուող հակամարտութիւններու (Վրաստան, Ուքրանիա, Ատրպէյճան, Մոլտավիա)

Թուրքիոյ նորընտիր խորհըրդարանին մէջ ստեղծուած է անհամ կացութիւն: Քիւրտ պատգամաւորները երդման արարողութեան ժամանակ հրաժարած են երդման թուղթին հետեւեալ կէտը կարդալէ՝ «հաւատարիմ պիտի մնամ Աթաթուրքի սկզբունքներուն»:

Լ արուածութեան մագլցումի ցուցանիշ նկատւող եւ իր տեսակին մէջ առաջինը եղող քայլով մը, թրքական իշխանութիւնները երէկ քանի մը ժամով փակեցին Թուրքիա-Սուրիա սահմանը, մինչ Թրքական աշխատաւորական կուսակցութիւնը ջնջեց սուրիական վարչակազմին նկատմամբ զօրակցութեան իր նստացոյցը: