- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
ՊՈԼՍԱՀԱՅ
Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող հայկական թերթերը արձագանգ կը հանդիսանան պետական ծանուցումներու խորհուրդի ընդհանուր տնօրէնի ցուցաբերած բացառիկ հետաքրքրութեան, որ հիւրասիրեց փոքրամասնական թերթերու ներկայացուցիչները, զրուցեց իրենց հետ եւ խոստացաւ լուծում գտնել ծանուցումներէն բաժին մը հոն ալ տրամադրելու համար:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թրքական սպայակազմի մէջ կատարուած փոփոխութիւնները ցոյց կուտան թէ վարչապետ Էրտողան զինուորականներու հրաժարականներէն ետք ներկայացած առիթը օգտագործեց, փորձելով ցոյց տալ Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն մօտ, թէ երկրի ժողովրդավարական ընթացքին սատարող քաղաքականութիւն կը վարէ, իր հակակշռին տակ առնելով Թուրքիոյ զինուորական հզօր համակարգը:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
«CNN turk» կը հաղորդէ, որ քիւրտերը Թուրքիոյ մէջ իրանեան իշխանութիւններուն դէմ զանգուածային բողոքի ցոյց կազմակերպած են։
Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններու մասնակցութեամբ բողոքի ցոյցը կատարուած է Իրանի հետ սահմանին մօտ գտնուող Հաքքիարի նահագնի Եուքեսքով շրջանին մէջ գտնուող Էսենտերէ սահմանային կէտին մօտ։
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Ատրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ատրպէյճանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով լոյս տեսած «Տը Պիզնես Եիր» պարբերաթերթի յատուկ թիւին մէջ հրապարակուած իր հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Հայաստան եւ Ատրպէյճան յաջողած են շարք մը տարակարծութիւններ հարթել:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Եթէ Պաքու ճանչնայ հիւսիսային Կիպրոսը, 15 այլ երկիրներ պիտի ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը
«Ատրպէյճան կը գիտակցի Թուրքիոյ համար կիպրական հարցին կարեւորութեան, բայց մտահոգ է Հիւսիսային Կիպրոսի անկախութիւնը ճանչնալու հետեւանքներէն, որոնք կրնան ծագիլ ներքին ճակատին վրայ», ըսաւ Ատրպէյճանի փոխ վարչապետ Ալի Հասանով՝ Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: