Երեք ինքնաշարժեր վնասուած են, երբ Թուրքիոյ մայրաքաղաքի Էսքիշեհիրի մայրուղիին վրայ ական մը պայթած է։ Պայթումը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 8։00-ին
Ճեփա առեւտրական համալիրին դիմաց Միջին Արեւելքի արհեստագիտական համալսարանին առջեւ։ Նշեալ վայրէն անցնող երեք ինքնաշարժեր վնասուեցան, սակայն զոհեր չարձանագրուեցան։ «Անատոլու» նախապէս հաղորդած էր, թէ պայթումը տեղի ունեցած էր մինչ զինուորական ինքնաշարժ մը նշեալ վայրէն կþանձնէր։