Թուրքիոյ բանակի բարձրագոյն հրամանատարութեան փոփոխութենէն յետոյ նոյնիսկ, չէ կասեցուած զինուորականներու ձերբակալման արշաւը: Այսօր երկրի քրէական դատարաններէն մէկուն մէջ վճիռ

Յուլիս 31էն մինչեւ Օգոստոս 6 ժամանակահատուածին ընթացքին ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գծին վրայ հակառակորդ կողմը հրադադարը խախտած է աւելի քան 100 անգամ:

Սոչիի մէջ կը կայանայ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու՝ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը: Ինչպէս կը հաղորդեն մամլոյ ծառայութիւնները, այս հանդիպումը հրաւիրուած է Ռուսաստանի նախագահի նախաձեռնութեամբ: Խորհրդակցութեանց նիւթը չէ բացայայտուած:

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ վաւերացուցած է Զինուորական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին նշանակուած զինեալ ուժերու սպայակոյտի ղեկավար կազմի նոր անդամները:

Թուրք նախկին դեսպան Էօմեր Լիւթեմ ատրպեճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին յայտարարութիւնը, անկասկած, որ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղ գործընթացին վրայ, եթէ այս վերջինս դեռ գոյութիւն ունի։