- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
«Մենք կը շարունակենք ջանքեր գործադրել՝ տարածաշրջանէն ներս կայունությունը վերականգնելու, միաժամանակ՝ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու ուղղութեամբ», օդանաւակայանին մէջ յայտարարած է Պաքու այցելող Թուրքիոյ վարչապետը: Էրտողան անմիջապէս յիշեցուցած է, որ Թուրքիան կողմ է ղարաբաղեան խնդրի խաղաղ կարգաւորման՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջակա-նութեան ծիրէն ներս:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
«Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Պոլսոյ դատարաններէն մէկը շուրջ 23 տարուան ազատազրկման դատապարտեց Հրանդ Տինքի սպանութեամբ ամբաստանուած Օկիւն Սամասթը:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Չորեքշաբթի, Յուլիս 20ի յետմիջօրէին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբը, ատենապետութեամբ Իլենա Ռոս Լեհթինընի, քննեց մօտաւորապէս ամիս մը առաջ Քոնկրեսին ներկայացուած այն բանաձեւը, որ կ՛առնչուի Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու, պոնտոսցիներու, սրիանիներու եւ այլոց, պատկանող եկեղեցիներու, եկեղեցական կալուածներու եւ ստացուածքներուն վերադարձին, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութեան կրօնական ազատութիւններու ապահովման:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը երկիրի Մայր օրէնքին համապատասխան համարած է եւ ուժի մէջ ձգած է 1934-ին որդեգրուած օրէնքը, ըստ որու, Թուրքիոյ քաղաքացիները իրաւունք չունին օտար մականուններ կրելու։
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: