- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
ԱՄՆի մէջ գործող «Ամերիկայի ատրպէյճանցիներու ցանց» կազմակերպութիւնը (USAN) դիմած է ԱՄՆ Ծերակոյտին՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու խնդրանքով:
Ատրպէյճանական «Զերքալօ» օրաթերթը կը գրէ, որ երբ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը օրեր առաջ որդեգրեց Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ թիւ 175 բանաձեւը, Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Ամերիկայի ատրպէյճանցիներու ցանց կազմակերպութիւնը Ծերակոյտին դիմած է՝ խնդրելով նոյնպէս Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալ։
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը պէտք է իրարու սատար հանդիսանան, անոնք ընդհանուր հայեացքներ ունին եւ ամուր կապեր. The Business Year ամսագրի Ատրպէյճանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած յատուկ թիւին համար այսպիսի մեկնաբանութիւն կատարած է Վրաստանի նախագահ Միխաիլ Սահակաշվիլին:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Ատրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Ատրպէյճանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով լոյս տեսած «Տը Պիզնըս Եիր-Ատրպէյճան 2011» պարբերաթերթի յատուկ թիւին մէջ լոյս տեսած իր մեկնաբանութեան մէջ նշած է, որ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանը կոչուած է կովկասեան շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ապահովելու:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի ոճրասպան Օկիւն Սամասթի դատավարութեան աւարտին արձակուած վճիռին դէմ, բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Հրանդ Տինքի Բարեկամները, արդարութիւն պահանջելով:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմարովսքի Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման հարցով՝ տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքները տարանջատելի չեն: