Ուքրանական «Վերսի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ի յայտ եկած է, որ Ռուսիա Ատրպէյճանի փոխանցած է Տաղստանի Մահարամքենթի շրջանի երկու գիւղ եւ Սամուր գետին վրայ գտնուող ամբարտակ մը: Հողերու յանձնումի այս հոլովոյթը կատարուած է գաղտնիութեան պայմաններու մէջ եւ հապճէպ կերպով, ինչ որ Ռուսիոյ Տումային մէջ լուրջ գայթակղութիւն յառաջացուցած է:

Կիպրոսի արքեպիսկոպոս Խրիսոսթոմոս Բ. սրբազանը խօսելով վաղը Հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ կայանալիք եռակողմ հանդիպման (Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի, գրաւուած Կիպրոսի ղեկավարի եւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի մասնակցութեամբ) մասին, դիտել տուած է թէ ոչինչ կ՛ակնկալէ այս հանդիպումէն

PanARMENIAN.Net - Kultura.Az կայքին մէջ յայտնուեցաւ Ատրպէյճանի ազգային ակադեմիայի Փիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան  եւ իրաւունքի ինստիտուտի տոքթոր Այդին Ալի-զադէի յօդուածը, ուր ան ատրպէյճանցիներուն կ՝ախտորոշէ «հայամանիա» հիւանդութիւնը: Ըստ անոր, ատրպէյճանցիները կ՝ընեն այն, ինչ որ հայերը կ՝ընեն, իսկ եթէ բան մը հայերը չեն ըներ, ատիկա իրենց միտքէն չ՝անցնիր:

Յունիս 12ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք, Թուրքիա քաղաքական ծանր տագնապի մէջ խրած է: Մէկ կողմէ ՃԷ Հէ Փէ (հանրապետական) կուսակցութիւնը կը դժգոհի, որ իր ցանկերէն ընտրուած եւ «Էրկէնէքոն»ի ծանօթ թղթածրարին շրջանակին մէջ բանտը գտնուող երեսփոխանները ազատ չեն արձակուիր:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ «Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն» մասին բանաձեւը դարձեալ ընդգրկուած է   ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ:
Կայքէջը կը նշէ, որ 66-րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ ընդգրկուած է նաեւ «ՎՈՒԱՄ-ի (Վրաստան, Ուքրանիա, Ատրպէյճան, Մոլտաւիա) տարածքին մէջ երկարաձգուող տագնապներու եւ միջազգային հանրութեան անվտանգութեան եւ զար-գացման համար անոնց հետեւանքներուն» մասին կէտը: