Կիպրոսի արքեպիսկոպոս Խրիսոսթոմոս Բ. սրբազանը խօսելով վաղը Հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ կայանալիք եռակողմ հանդիպման (Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի, գրաւուած Կիպրոսի ղեկավարի եւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի մասնակցութեամբ) մասին, դիտել տուած է թէ ոչինչ կ՛ակնկալէ այս հանդիպումէն

, գիտակցելով թէ թրքական կողմը երբեք չէ նահանջած իր պահանջքներուն մէջ: Նոյն պահուն, ան ահազանգ հնչեցուցած է թէ՝ աչքի լոյսի պէս պէտք է պաշտպանել Կիպրոսի հանրապետութեան պետական կայունութիւնը, եթէ ոչ՝ Կիպրոս պիտի թրքացուի:
Նախապէս սրբազան Խրիսոսթոմոս խօսելով Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ  քաղաքականութեան հարցերու յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէի հետ ըսած էր, թէ կղզիէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան բոլոր հետքերը ոչնչացնելու վերաբերեալ թրքական ծրագրեր գոյութիւն ունին:
«Թրքական զօրքերու կողմէ գրաւուած մեր հայրենիքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան հետքերը կը փափաքին ջնջել թուրքերը. յուշարձաններու մեծամասնութիւնը արդէն ոչնչացման վտանգի տակ է»,- յայտնած է սրբազանը: