- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Պաշտօնական Պաքուն բողոքի նամակ յղեց Թեհրանին՝ Իրանի զինուած ուժերու գըլխաւոր շտապի պետ Հասան Ֆիրուզաբադիի յայտարարութիւններուն համար:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ատրպէյճանական լրատուական գործակալութիւնները՝ վկայակոչելով երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան, նամակը փոխանցուած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւն հրաւիրուած Իրանի դեսպան Մահոմեդբաղիր Բահրամիին:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով շրջանին մէջ իր աղբիւրը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Յուլիս 15ին Թուրքիա այցելութեան ընթացքին ուրուագծուեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի նոր հեռանկարային քարտէսը ղարաբաղեան տագնապի լուծումէն ետք, որ կապուած է ոչ միայն տագնապի գօտիին մէջ միջազգային խաղաղապահներ տեղակայելու, այլ նաեւ՝ հակամարտող կողմերուն որոշ տարածքային եւ հաղորդակցութեան փոխ հատուցումներու հետ:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական դատարան մէ ազատ արձակած է այս տարուայ 24 Ապրիլին թրքական բանակին մէջ հայազգի զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքչն սպաննած նոյն զօրամասի մէջ ծառայող Քըվանչ Աղաօղլուն։
Օրաթերթը կը գրէ, որ Սեւակի սպանութեան դատական հարցին առաջին նիստը, որ տեղի ունեցած է Տիարպեքիրի ռազմական դատարանին մէջ, 13 ժամ տեւած է։ Դատաւորը ջնջած է Քըվանչ Աղաօղլուի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց սահմանուած կալանքը։
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը բողոքարկած է Պոլսոյ 10-րդ վարչական դատարանի կայացուցած որոշումը, ըստ որու, անիկա իբրեւ փոխհատուցում պէտք է Տինքի եղբայրներ՝ Խոսրովին եւ Երուանդին վճարէ հարիւր հազար թրքական լիրա (շուրջ 60 հազար տոլար)։
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Մետվետեւ. «Կարեւոր քայլեր կատարուած են, սակայն դեռ խորհրդակցելու հարցեր կան»
Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Տմիթրի Մետվետեւ եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ Սոչիի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն գլխաւոր նիւթը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթն էր: