Յունիս 12ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք, Թուրքիա քաղաքական ծանր տագնապի մէջ խրած է: Մէկ կողմէ ՃԷ Հէ Փէ (հանրապետական) կուսակցութիւնը կը դժգոհի, որ իր ցանկերէն ընտրուած եւ «Էրկէնէքոն»ի ծանօթ թղթածրարին շրջանակին մէջ բանտը գտնուող երեսփոխանները ազատ չեն արձակուիր:

Միւս կողմէ քրտական Պէ Տէ Փէ կուսակցութիւնը կրակ կը ժայթքէ ի տես իր զօրակցութեամբ ընտրուած թեկնածուներէն մէկուն երեսփոխանութեան ջնջումին: Ներկայիս, երկու կուսակցութիւններն ալ որոշած են խորհըրդարանին աշխատանքները պոյքոթի ենթարկել, դեռ նստաշրջանը չսկսած իսկ: Անոնք որոշած են արարողակարգը խափանել չմասնակցելով երդման հանդիսութեան, ինչ որ ինքնին խոչընդոտ մը հանդիսացած է ձեւակերպական առումով:
Անկէ ետք, նախագահ Կիւլ որոշած է նշեալ կուսակցութիւններուն ղեկավարները ընդունիլ եւ բանակցիլ լուծումի մը յանգելու համար: