Իսլամական երկիրներու կազմակերպութիւնը 28-30 Յունիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ժողովին ընթացքին որդեգրեց 22 կէտերէ բաղկացած ատրպէյճանամէտ բանաձեւ մը:
Բանաձեւը կը խօսի Հայաստանի կողմէ կատարուած երեւակայածին բռնարարքի մը մասին, ինչպէս նաեւ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ «Ատրպէյճանի բռնագրաւուած հողամասերուն» վրայ «հայ բնակեցուածներու» տեղակայման առնչութեամբ: Բանաձեւը այս վերջին եզրով ընթերցողը կը մղէ իսրայէլացի բնակեցուածները մտաբերելու եւ այդպիսով իսլամական աշխարհին մէջ առանցքային տեղ գրաւող պաղեստինեան արդար դատը չարաշահելով կը փորձէ ատըրպէյճանական յերիւրածոյ «դատ»ին նկատմամբ զօրակցութիւն հրահրել, սակայն ի զուր, որովհետեւ սրտխառնուք պատճառող այսպիսի զուգորդումներ շինծու եւ սնամէջ «դատ»ի մը խորք ու կշիռ չեն պարգեւեր, այլ պար-զապէս անոր շուրջ զգացական տղայամիտ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն:
Բանաձեւը իր 10-րդ կէտով ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու մնայուն պատուիրակներուն կոչ կ՛ուղղէ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովներուն ընթացքին իրենց քուէարկութեամբ զօրակցելու «Ատրպէյճանի հողամասերու անձեռնմխելիութեան», այլ խօսքով՝ կազմակերպութիւնը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ գտնուող՝ «Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներու մասին» բանաձեւին, եւ այլ պետութիւններէ ալ կը խնդրէ իր օրինակին հետեւիլ: ՄԱԿ-էն ետք անդամներու մեծագոյն թիւը ունեցող այս կազմակերպութեան բանաձեւին այս կէտը անոր միակ գործնական, ուստի եւ մտահոգիչ բաժինն է: Մնացեալ կէտերը ընդամէնը քարոզչական բնոյթ կը կրեն եւ ցանկութեանց աշխարհին կը պատկանին:
Նշեալ կազմակերպութեան որոշումները ընդամէնը անդամներուն ուղղուած յանձնարարականներ են եւ պարտաւորիչ բնոյթ չեն կրեր: Անիկա անցեալին եւս որդեգրած է նմանօրինակ ատրպէյճանամէտ բանաձեւեր, որոնք այժմ անդամ երկիրներուն դարակները կը խճողեն:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ