ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է,

որ Ատրպէյճան պատրաստ է Հայաստանի հետ ղարաբաղեան տագնապին առնչութեամբ խաղաղ համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքներու սկսելու:
«Կը կարծեմ, որ որոշակի յառաջընթաց արձանագրուած է, եւ մենք հանգիստ կրնանք անցնիլ խաղաղ համաձայնագիրին», ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «Պաքու ե՞րբ կրնայ սկսիլ հայկական կողմին հետ խաղաղ համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն», Մամետեարով ըսած է. «Նոյնիսկ այսօր»: «Տարբեր լրատուամիջոցներ կը գրեն այն մասին, որ Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը յաջողութեամբ չպսակուեցաւ: Սակայն ես այդ տեսակէտին համաձայն չեմ: Ես աւելի կը կիսեմ այն դիրքորոշումը, որ նախ եւ առաջ, ինչ որ արտացոլուած է նախագահներու յայտարարութեան մէջ, մերձեցում տեղի ունեցած է, եւ երկրորդ, մենք՝ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը, պէտք է շարունակենք բանակցութիւնները առանց որեւէ քարոզչական քայլերու, ջղագարութեան, պէտք է շարունակենք դիրքորոշումներու մերձեցման համար աշխատանքները»: Մամետեարով աւելցուցած է, որ «Ատրպէյճան կը շարունակէ 2010-ի Սոչիի հանդիպումէն ի վեր հանդէս գալ նոյն դիրքերէն: Մենք պատրաստ ենք խաղաղ համաձայնագիրի բնագիրի մշակման շուրջ աշխատանքներուն սկսելու՝ հաշուի առնելով այն ինչ որ կատարուած է: Քազանը մեզի թոյլ տուաւ դէպի յառաջ շարժելու»:
«Մենք կը հասկնանք, որ տակաւին կան չհամաձայնեցուած տարրեր, սակայն անոնք ամէն պարագայի պէտք է արտացոլան խաղաղ համաձայնագիրին մէջ: Եւ եթէ իրականութեան մէջ կայ բարի կամք, եկէք առանց սպասելու հիմնարար սկզբունքներուն առնչութեամբ բանակցութիւններու յաջորդ փուլին մէկ անգամէն սկսինք աշխատանքներունե, ըսած է ան:
«Հիմնարար սկզբունքներուն մէջ գոյութիւն ունին չհամաձայնեցուած մանրամասնութիւններ, եւ ինչու ջանք մսխել այդ տարրերուն համաձայնեցման ուղղութեամբ, եթէ անոնք ամէն պարագայի պիտի արտացոլան խաղաղ համաձայնագիրին մէջ», ըսած է Մամետեարով՝  կոչ ուղղելով խաղաղ համաձայնագիրին շուրջ աշխատանքները անյապաղ սկսելու:
«Եկէք ամբողջ աշխարհին ցոյց տանք մեր քաղաքական կամքը, որ մենք պատրաստ ենք անմիջապէս իրաւաբանօրէն պարտադրուող խաղաղ համաձայնա- գիրին շուրջ աշխատանքներու սկսելու, քան՝ քաղաքական փաստաթուղթի», ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը: