6 Սեպտեմբերը ծննդեան տարեդարձն է ինքնատիպ հայ հոգեւորականի մը՝ Խորէն Արքեպիսկոպոս Գալֆայեանի, որ ինչպէս իր ժամանակակիցներուն, նոյնպէս եւ հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ, Խորէն Նարպէյ գրչանունով, մնայուն տեղ գրաւեց իբրեւ հայ ժողովուրդի շնորհալի, այլեւ վիճայարոյց տաղանդաւորի մը։
Նարպէյ գրական-ստեղծագործական եւ ազգային-հասարակական ալիք բարձրացնող դէմք մը եղաւ իր ժամանակին։
Դարաւոր գերութեան տակ աղճատուած ու մոռցուած հայ ազգային հոգեմտաւոր հարստութիւնը փոշիներէն մաքրելու գործին մէջ իր ներդրումը ունեցաւ՝ յատկապէս աշխարհաբար արեւմտահայերէնի մշակման ու յղկումին կարեւոր նպաստ բերելով։
Օսմանեան Կայսրութեան դաժան լուծը թօթափելու, հայոց ազգային ինքնավստահութիւնը վերականգնելու եւ Հայկական Հարցի միջազգային արծարծումը ապահովելու ուղղութիւններով՝ Հայ Մտքի առաջին ծիծեռնակներէն եղաւ Նարպէյ, որ հետագայ սերունդներուն իբրեւ պատգամ յանձնեց «Հայ Ապրինք» խորագրով հանրածանօթ ու շուտով ժողովրդական սիրուած երգի վերածուած քերթուածը.-
Հայ ապրինք եղբայրք, մարդկութեան մէջը,
Հայ կնքեր է մեզ պատմութեան էջը.
Հայ անուամբ զմեզ կ’ողջունէ երկինք,
Եղբայրք Հայ ապրինք:
Հայ ապրինք. ո՞ր ազգ կայ Հայու նման,
Որ ունենայ հին պարծանք այսքան,
Որ ազգ Հայուն պէս շքեղ Հայրենիք,
Եղբայրք Հայ ապրինք:
Ոչ, ճակատագիր մեր, չէ միշտ տխուր,
Զթշուառութեան ուտել հացն ու ջուր,
Նոր երջանկութեան ապագայ մ’ունինք.
Եղբայրք Հայ ապրինք
Հայ ապրինք, որ մեր որդիք ալ, եղբայրք,
Կարենան պարծիլ որ զմեզ ունին հարք,
Չըլլանք Հայ անուան, չըլլանք նախատինք
Եղբայրք, Հայ ապրինք:
6 Սեպտեմբեր 1831ին Կ. Պոլիս ծնած Գալֆայեան Խորէնը, ծննդավայրին մէջ տարրական կրթութիւն ստանալէ ետք, ղրկուեցաւ Վենետիկ, ուր Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի ուսումնական շրջանը աւարտելէ ետք, միացաւ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ դարձաւ անոր ամէնէն աշխոյժ մտաւորական գործիչներէն մէկը։ Եւրոպական լեզուներուն հմուտ, հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան տիրապետած եւ եւրոպական մշակոյթին սերտօրէն կապուած երիտասարդ վարդապետը շուտով ուշադրութիւն գրաւեց՝ «Բազմավէպ»ի էջերուն լոյս ընծայած իր ինքնուրոյն եւ թարգմանական երկերով։ Նարպէյ գրչանունը հոմանիշ դարձաւ գեղարուեստական որակով խոստմնալից բանաստեղծի մը, որ գրաբարի եւ աշխարհաբարի կամրջման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցաւ՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ազգային¬հայրենասիրական շունչով առաջնորդուելով եւ Շէյքսփիրի, Լամարթինի ու Հիւկոյի տարողութեամբ մեծութիւններու լաւագոյն գործերուն հայերէն թարգմանը հանդիսանալով։
Անհանդարտ խառնուածքի տէր անհատականութիւն էր Խորէն Նարպէյ, որ երկար չդիմացաւ Մխիթարեան միջավայրին մէջ։ 1854ին, Գաբրիէլ Եպս. Այվազովսքիի (որ «Բազմավէպ»ի հիմնադիր խմբագիրներէն եղած էր) գլխաւորած երիտասարդ միաբաններու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերադառնալու շարժման միանալով, Նարպէյ հրաժարեցաւ Մխիթարեաններէն եւ, ընդհանրապէս, Կաթողիկէ եկեղեցիէն ու անցաւ Փարիզ, ուր ոգեւորութեամբ փարեցաւ Այվազովսքիի նախաձեռնած «Մասեաց Աղաւնի» հանդէսի հրատարակութեան գործին, միաժամանակ շարունակելով Մխիթարեաններու կողմէ իրեն վստահուած ուսուցչական պաշտօնը Փարիզի «Մուրատեան» վարժարանին մէջ։
Փարիզեան իր գործունէութեան շրջանին Նարպէյ մօտէն ծանօթացաւ ու մտերմացաւ ֆրանսացի գրողներու եւ մտաւորականներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական երիտասարդ գործիչներու հետ, որոնց հետ կապ պահպանեց մինչեւ վերջ։ Յատկապէս Լամարթինի մտերիմն էր, որուն «Դաշնակք» գործը հայերէն թարգմանութեամբ լոյս ընծայեց 1859ին։
1860ականներուն սկիզբը հեռացաւ Փարիզէն եւ գործեց, յաջորդաբար, Թէոդոսիայի, Էջմիածնի ու Երուսաղէմի մէջ, ուր Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ 1867ին։ Իբրեւ թեմակալ առաջնորդ կարճատեւ շրջան մը Ռումանիա ապրելէ ետք՝ 1870ին փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր ծաւալեց ազգային-հոգեւորական եւ գրական¬հասարակական բեղուն գործունէութիւն։
Նարպէյ 1863ին լոյս ընծայեց իր բանաստեղծական երեխայրիքը՝ «Վարդենիք»ը, որ մէկ կողմէ գրաբարեան արտայայտելաոճի իր կապուածութեամբ, իսկ միւս կողմէ ժամանակի մտայնութեան հետ անհաշտ‘ որոշակի սեռականութիւն (erotism) մատնող յուզաշխարհով տեղիք տուաւ թեր եւ դէմ քննադատութեանց։
Իսկ յաջորդաբար 1868ին եւ 1874ին լոյս տեսած իր միւս գործերուն՝ «Քնար Պանդուխտի» եւ «Ստուերք Հայկականք» հաւաքածոներուն մէջ, Նարպէյ հիմնովին շրջադարձ կատարեց դէպի հայ իրականութեան ազգային¬հասարակական վէրքերն ու ցաւերը։ Իբպեւ այդպիսին, 1870ականներուն, Նարպէյի քերթուածները լայն ժողովրդականութիւն գտան յատկապէս նորահաս սերունդին մօտ։
Նարպէյ ծաւալեց նաեւ ազգային-քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն, յատկապէս 1877-1878ի Ռուս¬Թրքական պատերազմի ժամանակ, երբ ոչ միայն հանդէս եկաւ Հայկական Հարցի պաշտպանութեան նուիրուած հրապարակային ու ատենախօսական ելոյթներով եւ յօդուածներով, այլեւ՝ դիւանագիտական աշխոյժ աշխատանքներով՝ ցարական իշխանութեանց հայանպաստ դիրքորոշումը ապահովելու առաջադրանքով։ Այդ նկատառումով ալ Խրիմեան Հայրիկ իր Պերլինեան պատուիրակութեան կազմին մէջ առաւ Նարպէյը՝ իբրեւ խորհրդականի ու թարգմանի։
Բայց թէ՛ հայ եկեղեցականութեան շարքերուն մէջ իր մրցակիցներուն չարախօսութիւնները եւ թէ ցարական իշխանութեանց կողմէ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած մեծարանքները պատճառ դարձան, որ Ապտիւլ Համիտ կասկածելի հռչակէ Նարպէյին։ Սուլթանական վերապահութիւնը այնքան խորացաւ, որ Պատրիարքը ստիպուեցաւ կարգալոյծ հռչակել արժանաւոր եկեղեցականին։ Բայց Նարպէյ շարունակեց իր գործունէութիւնը մինչեւ հոն, ուր ֆրանսացի իր մտերիմներուն միջոցաւ հայանպաստ քարոզչութեան ձեռնարկեց եւրոպական տարողութեամբ, ինչ որ արիւնարբու սուլթանի աչքին... «բաժակը յորդեցուց»։
Եւ 4 Նոյեմբեր 1892ին, լուսաբանական տեսակցութեան մը համար Պոլսոյ ոստիկանութեան կեդրոններէն մէկը հրաւիրուելով ու թունաւոր սուրճով հիւրասիրուելով՝ կտրուեցաւ կեանքի թելը Խորէն Արք. Գալֆայեան-Նարպէյի, որ իբրեւ հոգեւորականի եւ բանաստեղծի, մանկավարժի ու հասարակական գործիչի, իր ուրոյն պատուանդանը գրաւած էր հայ իրականութեան մէջ։
Ն.