31 Օգոստոսի այս օրը, 108 տարի առաջ, Վանայ ծովու Աղթամար կղզիին վրայ եւ շրջակայքը, բուռն կռիւ մղուեցաւ դաշնակցական ֆետայիներուն եւ թրքական կանոնաւոր զօրքին միջեւ։ Աղթամարի կռիւը հանդիսացաւ հայ ֆետայական շարժման ամէնէն փայլուն նուաճումներէն մէկը, որ առասպելական քաջագործութեան պսակին արժանացուց դաշնակցական հայդուկները եւ պանծացուց հերոսական հայդուկապետի կերպարը անզուգական Անդրանիկին։

Օգոստոս 30ի այս օրը, 15 տարի առաջ, Երեւանի մէջ վախճանեցաւ հայ բեմի եւ շարժանկարի յառաջապահ նուիրեալներէն Ֆրունզէ Դովլաթեանը։
Հանդիսատեսին կողմէ մեծապէս սիրուած ու փնտռուած բեմադրիչ, բեմագրող եւ դերասան էր հայ բեմական արուեստի բազմատաղանդ վարպետը։

Օգոստոս 29ի այս օրը, 147 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ վախճանեցաւ Հայ Դպրութեան հաւատաւոր պահապաններէն Կարապետ Վարդապետ Շահնազարեան։
Օրմանեան Պատրիարք, իր «Ազգապատում»ի երրորդ հատորին մէջ, առանձին գլուխ մը նուիրած է Հայ Եկեղեցւոյ լայնախոհ ու յառաջդիմական այս նուիրեալին։

Այսօր՝ Օգոստոս 28ին, կը լրանայ մահուան 34րդ  տարելիցը հայ գրականագիտութեան արժանաւոր նուիրեալներէն Սողոմոն Սողոմանեանի։
Խորհրդային կարգերու տակ կազմաւորուած հայ գրականագէտներու ամբողջ սերունդի մը երախտաշատ ներկայացուցիչներէն եղաւ Արցախի այս զաւակը, որ իր մտաւորական պաշարն ու գիտական պատրաստութիւնը ի սպաս դրաւ Երկաթէ Վարագոյրով աշխարհէն առանձնացուած հայ սերունդներու հոգեմտաւոր կրթութեան ու զարգացման։

 

Օգոստոս 27ին, 205 տարի առաջ, Փարիզի մերձակայ Պիէվրի իր տան մէջ, 67 տարեկանին մահացաւ միջազգային համբաւի տիրացած հայազգի գործիչ մը՝ Իգնատիոս Թոսունեան, որ քաղաքական եւ մտաւորական աշխարհին այսօր ծանօթ է Իգնատիոս Մուրատճայ Տ'ՕՀՍԸՆ գրչանունով։