31 Օգոստոսի այս օրը, 108 տարի առաջ, Վանայ ծովու Աղթամար կղզիին վրայ եւ շրջակայքը, բուռն կռիւ մղուեցաւ դաշնակցական ֆետայիներուն եւ թրքական կանոնաւոր զօրքին միջեւ։ Աղթամարի կռիւը հանդիսացաւ հայ ֆետայական շարժման ամէնէն փայլուն նուաճումներէն մէկը, որ առասպելական քաջագործութեան պսակին արժանացուց դաշնակցական հայդուկները եւ պանծացուց հերոսական հայդուկապետի կերպարը անզուգական Անդրանիկին։
Ապստամբ Սասունի համար ծանր ժամանակաշրջան էր։ Գարնանամուտին ամբողջ Տարօնայ Աշխարհը բռնկած էր, որովհետեւ սուլթան Համիտ յղացած եւ գործադրութեան յանձնած էր հայ ազգային¬ազատագրական պայքարին ողնաշարը՝ անառիկ Սասունը կոտրելու եւ հայկական յեղափոխութիւնը ծունկի բերելու ծրագիրը։
Մշոյ դաշտի հայկական գիւղերէն մինչեւ Սասնոյ բարձունքները թիրախ դարձան թրքական կանոնաւոր զօրքերու եւ անոնց կողմէ զինուած ու շարժման մէջ դրուած քրտական անկանոն ուժերու ընդհանուր գրոհին։
Թուրքեւքիւրտ գրոհը դիմագրաւելու պատրաստ վիճակի մէջ էր Դաշնակցութեան Դուրան¬Բարձրաւանդակի ողջ կազմակերպութիւնը։ Հրայր-Դժոխքի եւ Վահանի (Մանուէլեան) առաջնորդութեամբ ու Անդրանիկի մարտական ղեկավարութեամբ, դաշնակցական ֆետայիները նետուեցան օրհասական կռուի մէջ եւ մինչեւ ամառ հերոսաբար դիմադրեցին արիւնարբու ոսոխին։ 1894-1896ի կոտորածները կրկնելու համիտեան ախորժակերը թէեւ սանձուեցան, դաշտային թէ լեռնային մարտերու մէջ թէեւ փայլուն յաղթանակներ արձանագրուեցան, այդուհանդերձ՝ հայկական յեղափոխութիւնը Հրայր-Դժոխքի եւ Վահանի նման անզուգական հերոսներու եւ ղեկավար մարտիկներու արեան զոհաբերման ծանր գինը վճարեց թըշնամին ետ մղելու համար։ Յուլիսին արդէն համիտեան գրոհը սկսած էր մեղմանալ, եւրոպական տէրութեանց միջամտութիւնները որոշակի զինադուլ առաջացուցած էին եւ ֆետայիները ընդունած էին քաշուիլ լեռները...
Սուլթանը անշուշտ փորձեց առաւելագոյնս օգտուիլ ֆետայիներու այդ զիջումէն եւ բացակայութենէն... Հայ անզէն բնակչութիւնը կողոպտելու եւ նեղելու սանձարձակ գրոհի կանաչ լոյս տուաւ թուրք եւ քիւրտ անկանոն զինեալներուն, որոնք եւրոպացի հիւպատոսներու քիթին տակ համատարած ահ ու սարսափի մատնեցին հայութիւնը։ Ստեղծուած կացութիւնը դիմագրաւելու եւ հայ ազատագրական պայքարի հետագայ քայլերը ճշդելու եւ ծրագրելու նպատակով՝ Տարօնի ու Վասպուրականի տարածքին գործող դաշնակցական խումբերու եւ կազմակերպական կառոյցներու պատասխանատուները որոշեցին ընդլայնուած խորհրդակցութեան համար հաւաքուիլ Աղթամար կղզիին վրայ։ Օգոստոսի կէսերուն գումարուած Աղթամարի Ժողովը պատմական նշանակութիւն ունեցաւ, որովհետեւ վճռահատեց տարիներէ ի վեր օրակարգի վրայ դրուած, բայց տարակարծութեանց հետեւանքով իր վերջնական լուծումը չստացած Երկրի ընդհանուր ապստամբութիւնը նախապատրաստելու խնդիրը։ Անդրանիկի եւ Գէորգ Չաւուշի, Արամի եւ Կոմսի, Մուրատի եւ Վանայ Իշխանի տարողութեամբ ղեկավար գործիչներու մասնակցութեամբ, Աղթամարի ժողովը որդեգրեց տարիներէ ի վեր Հրայր¬Դժոխքի պաշտպանած համաժողովրդային ընդհանուր ապստամբութեան ռազմավարութիւնը, որ կը նշանակէր նուազագոյնի իջեցնել եւ միայն անհրաժեշտութեան պարագային ֆետայական ընդհարումներ ունենալ թշնամիին հետ։ Նաեւ՝ խուսափիլ դէպի Երկիր զինատար խումբերու օգտագործումէն, փոխարէնը թափ տալով «Ծծման եղանակ»ով Երկրի հայութիւնը զինելու եւ ապստամբութեան պատրաստելու գործունէութեան։ Իսկ աւելի ծանրակշիռը՝ Տարօնի Աշխարհէն հեռացնել Անդրանիկի եւ Մուրատի օրինակով Հայաստանի այլեւայլ շրջաններէն Սասուն հաւաքուած մարտական ղեկավարները, որպէսզի Գէորգ Չաւուշի եւ Կորիւնի օրինակով տեղական ուժերը ստանձնեն ընդհանուր ապստամբութիւնը կազմակերպելու գործին պատասխանատուութիւնը։
Ժողովը նոր աւարտած էր իր աշխատանքները եւ ժողովականները, ինչպէս Սասուն վերադարձող Գէորգ Չաւուշն ու Կորիւնը, իրենց նաւակներով հազիւ հեռացած էին կղզիէն, երբ Աղթամարը յանկարծ շրջափակուեցաւ ժողովին լուրը իմացած եւ Դաշնակցութիւնն ու ֆետայական շարժումը մարտականօրէն գլխատելու հրահանգ ստացած թրքական զօրքի նաւերուն կողմէ։
Օգոստոս 31ի այդ ամբողջ օրը բուռն կռիւ մղուեցաւ։ Թրքական նաւերը աւելի քան քսան թնթանօթներով ռըմբակոծեցին ֆետայական դիրքերը, որպէսզի ռումբերու տարափին տակ ահ ու սարսափի մատնեն հայ յեղափոխականները եւ ցամաք էջ կատարեն ու հաշուեյարդար տեսնեն սուլթանի կառավարութեան դէմ ապստամբութեան դրօշ պարզած հայ «կեաւուր»ներուն հետ... Բայց պատահեցաւ ճիշդ հակառակը, արձակուած ռումբերը չհասան իրենց նպատակին եւ, ընդհակառակն, Անդրանիկի հրամանատարական փայլուն տաղանդով, ֆետայիները կրցան իրենց հրացաններով եւ նշանառութեամբ տասնեակներով զոհ խլել հարիւրներով նաւ բարձրացած թրքական զօրքէն։
Թշնամին ճարահատ նահանջեց, որպէսզի վերադասաւորէ իր շարքերը եւ ամրացնէ նաւերու վրայ դրուած թնթանօթներուն դիրքերը։ Անդրանիկ լաւագոյնս օգտագործեց թրքական զօրքի նահանջը եւ հայ մարտիկները նաւակներ բարձանալով՝ հակագրոհի անցան թրքական նաւերուն դէմ։ Ծովուն բացերը մղուեցաւ հրացաններով բուռն կռիւ, որուն ընթացքին հայ ֆետայիները իրենց նաւակներու արագաշարժութեամբ եւ նշանառուի իրենց առաւելութեամբ՝ մինչեւ գիշեր շարունակեցին հարուածել թշնամին։
Մութը կոխելէն ետք հայ մարտիկներու նաւակները ճեղքեցին թրքական պաշարումը եւ տարբեր ուղղութիւններով հեռացան Աղթամարէն։ Ոմանք ուղղուեցան դէպի Մուշ ու Սասուն, իսկ միւսները՝ դէպի Վան։
Հոկտեմբեր 1904ի իր համարով՝ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ» ամփոփ նկարագրականը տուած է Աղթամարի կռուին եւ հետեւեալ խօսուն արժեւորումով եզրափակած է իր թղթակցութիւնը.¬
«Կռիւը շատ տպաւորիչ էր. մերոնցից ամբողջ օրուայ կռուի ընթացքում վիրաւորւում են երկու հոգի, սպաննւում է 19 տարեկան մի պատանի. թշնամու կորուստը անցնում է 19ից։ Արձակուած ռումբերի թիւը 30ից աւելի է։
«Մի քանի օրից յետոյ Գէորգ Չաւուշը 20 հոգով վերադառնում է Դաշտը՝ ժողովրդին օգնելու համար, իսկ Անդրանիկը՝ 50 հոգով մնում է Վասպուրական»։
Շատ է գրուած ժամանակակից հայոց պատմութեան եզակի ու արծուաթռիչ այս Հսկային մասին, որ 1890ականներու վերջերուն Սասնոյ լեռներէն սկսաւ սաւառնիլ հայոց երկնակամարին վրայ, արժանաւորապէս խորհըրդանշեց հայ ժողովուրդին մարտական ցայտուն արժանիքները՝ քաջութիւնն ու խիզախութիւնը, յանդգնութիւնն ու անձնազոհութիւնը, ռազմունակութիւնն ու տոկունութիւնը, քսաներորդ դարու առաջին քսանամեակի հայոց դարակազմիկ բոլոր վերիվայրումներուն վրայ դրաւ իր անջնջելի դրոշմը եւ... Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն ետք հեռացաւ Հայաստան Աշխարհէն՝ հեռաւոր Ֆրեզնոյի ցուրտ հողին մէջ իր վերջնական անդորրը գտնելու համար... Վախճանեցաւ՝ «Գործս կէս մնաց»... տրտունջը շրթներուն։
Շատ է գրուած եւ տակաւին շատ ու շատ պիտի գրուի Հայոց Ազատամարտի անպարտելի Արծիւին մասին, որ անլռելի երգ դարձաւ նախ նոյնինքն հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերու շրթներուն։ Բանաստեղծներէն առաջ ժողովրդային մեր աշուղները վանկ առ վանկ հիւսեցին փառքը քաջ ֆետայիի, անձնուրաց յեղափոխականի եւ համազգային հերոսի ինքնատիպ մարմնաւորումը հանդիսացած այս մեծ Դաշնակցականին, որ ինչպէս Աւետիս Ահարոնեան պիտի ընդգծէր անզուգական հայդուկապետին ու անվիճելի զօրավարին մահուան առիթով գրուած իր մենագրութեան մէջ՝
«Անդրանիկ հայ ժողովրդի համար անհատ չէ, այլ մարմնացումն է մի հզօր ու անսասան գաղափարի։ Եւ իբրեւ այդպիսին՝ նա ժողովրդի երեւակայութեան մէջ անանձնացած, դիւցազնական է։ Կուռք է Անդրանիկը, որ մեր ժողովուրդն է կռել, կոփել ու քանդակել համապատասխան իր դարաւոր իղձերի, ձգտումների, ամբողջ իր իտէալին, արդարութեան եւ իրաւունքի ծարաւ իր հոգու պահանջներին։
«Առաջնորդ, շէֆ էր ծնուած Անդրանիկ։ Ամէն տեղ ու ամէն պարագաներում Անդրանիկ մնում էր տիրական, իշխող ու հրամայող։
«- Կուսակցութեան չէր կարող տոկալ Անդրանիկ, թէեւ ոտքից գլուխը դաշնակցական էր։ Աւելի՛ն կþասեմ. նա կուսակցութիւն բնաւ չէր էլ հասկանում, աւելի եւս՝ պետականութիւն, որի մասին շատ թիւր ըմբռնում ունէր»...
Շատ է գրուած նաեւ ու մանաւանդ Դաշնակցութենէն «խռոված» բաժնուելու եւ իբրեւ այդպիսին աչքերը փակելու Անդրանիկի վերջին տարիներու ողբերգութեան մասին։ «Քաջ Անդրանիկ»ի մահուան 84ամեակին նուիրւած յուշատետրի այս էջով հարկ չկայ վերաբանալու այդ դառն թղթածրարը, որովհետեւ՝
- Նախ՝ ինչպէս Հրաչ Տասնապետեան կþընդգծէ, ՀՅԴէն անդին՝ «Հայաստանի անկախութեան օրերուն անհամաձայնութիւններ կ'ունենայ Հանրապետութեան կառավարութեան հետ եւ կ'անցնի արտասահման»...
- Ապա՝ ինչպէս Գաբրիէլ Լազեան կը վկայէ, «Անդրանիկ խռոված մեռաւ Դաշնակցութեան հետ։ Վերջինը չպատասխանեց Անդրանիկի կողմէ եղած վիրաւորանքներուն եւ միշտ պահեց իր գուրգուրանքը հերոսին հանդէպ։ Անդրանիկի ամբողջ կեանքը անքակտելի կապերով միացած է Դաշնակցութեան պատմութեան հետ»։
- Վերջապէս եւ ամէնէն կարեւորը, ինչպէս որ Շաւարշ Միսաքեան պիտի նշէր 1928ի Յունուար 29ին, «Յառաջ»ի էջերուն, Անդրանիկի աճիւններուն Ֆրանսա տեղափոխութեան եւ Փէր Լաշէզի մէջ թաղման առիթով՝ «Հերոսը որ կը թաղուի այսօր, օտար հողի վրայ, ունեցաւ փառքի եւ դառնութեան օրեր։ Փառք՝ Հայաստանի լեռներուն վրայ, «իբրեւ արծիւ»։ Դառնութիւն՝ քաղաքի մէջ, իբրեւ զէնքը վար դրած մարդ, որ ակռայ կը կրճտէ, գործը կիսատ մնալուն համար։ ... Զինքը չհասկցողները ուզեցին իբրեւ դրամագլուխ ծառայեցնել իր վրիպումները։ Մինչեւ այսօր ալ, այդ լպրծուն գետնին վրայ կեցեր են, առանց ըմբռնելու որ ատով ոչ թէ կը բարձրացնեն, այլ կը փոքրացնեն հերոսը։ Որովհետեւ, եթէ Անդրանիկ դառնացաւ իր ընկերներէն եւ անկիւն մը քաշուեցաւ, «պառաւ»ներուն հաճոյք պատճառելու համար չէր։ Ընդհակառա՛կն։ Եւ եթէ կարելի ըլլար կարդալ մարդոց սիրտը այնպէս, ինչպէս կը թղթատենք ու կը կարդանք գիրք մը, ապահովաբար սրտաբեկութեան շատ աւելի ծանր փաստեր պիտի գտնենք։ Նայեցէք իր վերջին պատկերին եւ դատեցէք։ Ո՜ւր այն խստագիծ Հայդուկը, պողպատէ նայուածքով եւ պիրկ ջիղերով, եւ ո՜ւր սա տժգոյն, նկուն դիմագիծը։ Տարի՞քն է, որ կատարած է այդ այլափոխումը։ Բայց Անդրանիկ նոր չծերացաւ։ Հիւանդութի՞ւնը։ - Սակայն տարիներէ ի վեր հիւանդ էր ան, սաստկօրէն կը տառապէր, յաճախ կը մռնչէր յօդացաւի չարչարանքներէն, եւ դէմքը նորէն ամուր էր, իսկ նայուածքը՝ արու։ Գիտութիւնը անճար է մարդոց սիրտը վերլուծելու։ Բայց այն սերունդը, որ Անդրանիկներով սնաւ ու ծաղկեցաւ, այն սերունդը հազար պատմութիւն կը կարդայ այս դէմքին վրայ, մանաւանդ 1920էն յետոյ։ Ամէնէն առաջ կը տեսնէ անոր կատաղութիւնը, տարիներու հերակլեան պայքարին եւ սա տժգոյն մանրանկարին առջեւ։ - Հայրենիք մը՝ ո՛չ ազատ, ո՛չ ալ անկախ։ Երկիր մը, որ իր թափառական զաւակներն անգամ համրանքով կը դատէ, տասը հազարին մէկ համեմատութեամբ, այն ալ պատահաբար։ Հայաստան մը, վերջապէս, որ ոչ իսկ իր մեռելներուն տէր կ'ըլլայ»...
Այո՛, այսպէս կոչուած «դաշնակցական Հայաստան»էն սրտնեղած Անդրանիկին Խորհրդային Հայաստանը նոյնիսկ չուզեց հայրենի մեր հողին մէջ յաւիտենական հանգիստի արժանացնել։
Հայոց Ազատամարտի անպարտելի Արծիւին յիշատակին՝ այսօր չենք կրնար չյիշել յատկապէս Սիամանթոյի «Հայորդիները» շարքին Անդրանիկի նուիրուած դիպուկ պատգամը.
Խօսեցաւ ինծի ան եւ իր բառերը իրարու ետեւէ եւ կարգ առ կարգ
Խիստ էին եւ քաղցր եւ ճշմարիտ եւ քինախոյզ եւ առնական...
«Ոտքի՛ կեցի՛ր այն ատեն, եղբայրացի՛ր խումբերուս եւ մրրկուէ՛ անոնց հետ,
Որովհետեւ գիտցիր որ այս զոհաբերումի, ընդվզումի եւ յոյսի օրերուն
Մեր ամէն մէկուն համար անկողնի մէջ հոգի տալը վատութիւնն է վատութիւններուն»...
Անզուգական Անդրանիկ այդպիսի՛ վատագոյն վախճան ունեցաւ, որովհետեւ ռազմի դաշտէն չհեռացաւ վահանով կամ վահանի վրայ, այլ հեռաւոր Ֆրեզնոյի մէջ եւ փափուկ սնարի վրայ իր անզօր կատաղութեամբ մաշեցաւ, հանգեցաւ ու Փէր Լաշէզի պանթէոնին մէջ Ազգային Հերոսի փառքով... դամբարան ունեցաւ։
Դարձեալ Շաւարշ Միսաքեանի բառերով՝ «Անդրանիկը թաղելով Փէր Լաշէզի մէջ, կաղնեփայտէ սնտուկով, մեր ուխտը պիտի ըլլայ ոչ թէ ցուցադրել զայն իբրեւ հին փառքի ամուլ յիշատակարան մը, ինչպէս Լեւոն Լուսինեանը, այլ իբրեւ կենդանի մասունք մը, որ ուժ եւ հաւատք պիտի կաթեցնէ թմրութեան դատապարտուած հոգիներուն մէջ։ Իր դամբարանը պէտք է դառնայ ներշնչարան մը, որպէսզի աւելի ամուր քալենք դէպի Անդրանիկներու երազը,- դէպի հայրենիքի եւ ժողովուրդի ազատութիւնը»։
Այսօր արդէն իր պաշտած Հայաստան Աշխարհին գիրկը վերադարձած է 30 Օգոստոս 1927ին վախճանած Սասնոյ Արծիւը, որ իր սերունդին հետ մարմնաւորեց երազը ամբողջական Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան ազատութեան եւ անկախութեան, երազ՝ որուն հասնելու երթը կը շարունակուի։ Պիտի՛ շարունակուի։
Ն.