Սեպտեմբեր  1922ին  Քեմալական  զօրքը  գրաւեց  ու  հրոյ ճարակ  դարձուց  Զմիւռնիան՝  հարիւր  հազարաւոր  յոյն եւ  հայ  կոտորելով,  հրդեհէն  փախչողները  ծովամոյն ընելով,  իսկ ողջ  մնացողները  քաղաքէն  վտարելով

Այս տարուան Սեպտեմբերին կը լրանայ 90-ամեակը արդի ժամանակներու համաշխարհային պատմութեան աղէտալի ու ծանրագոյն ողբերգութիւններէն մէկուն՝  հինաւուրց Զմիւռնիա քաղաքի Մեծ Աղէտին։
Յունական զօրքը պարտութեան մատնելով՝ 9 Սեպտեմբեր 1922ին Մուսթաֆա Քեմալի բանակը գրաւեց Միջերկրականի «գոհար»ը նկատուած Զմիւռնիա նաւահանգիստ-քաղաքը եւ, Առաջին Աշխարհամարտի յաղթական Դաշնակից պետութեանց նաւատորմիղներու աչքին առջեւ, հրոյ ճարակ կործանեց հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող յունական, իսկ վերջին դարերուն նաեւ հայկական դրոշմ ստացած այդ չքնաղ քաղաքը։
Նուրէտտին փաշայի հրամանատարութեան տակ, քեմալական զօրքը յաղթական մուտք գործեց երեք քառորդով յունաբնակ եւ հայաբնակ Զմիւռնիա քաղաքը։ Երեք օր շարունակ թուրք զինուորները ահաւոր վայրագութեանց՝ կոտորածի ու կողոպուտի, բռնաբարման ու հըր- կիզման ենթարկեցին հազարամեակներու ճամբայ կտրած ու բարգաւաճած քաղաքակրթութիւն կերտած այս գեղեցիկ, արգասաբեր ու վաճառականական մեծ կեդրոն քաղաքը։
Բայց յատկապէս Զմիւռնիայի հայկական թաղամասերէն սկսած եւ արագօրէն ամբողջ յունաբնակ քաղաքն ու արուարձանները տարածուած անզուսպ հրդեհը աշխարհի քարտէսէն ջնջեց, գրեթէ ամբողջութեամբ, յունական եւ հայկական՝ քրիստոնէակա՛ն շեշտակի դրոշմը Զմիւռնիային։ Իսկ յոյն թէ հայ այն զմիւռնիացիները, որոնք չէին կրցած յունական նահանջող զօրքին հետ հեռանալ իրենց ծննդավայր քաղաքէն, նոյնիսկ եթէ յաջողեցան խուսափիլ թրքական զօրքի կոտորածներէն, ի վերջոյ զոհ գացին Զմիւռնիայի մեծ հրդեհին՝ բախտաւոր պարագային ծովը նետուելով...
Այդպէ՛ս կործանեցաւ հելլենական եւ հռոմէական դարերէն՝ Քրիստոսի ծնունդէն հազարամեակ մը առաջ կառուցուած ու մինչեւ 1920ականները հոյակերտ  քաղաքակրթութիւն մը իր անունին կապած Զմիւռնիան, որ յատկապէս յոյն ժողովուրդին, բայց նաեւ 11րդ դարէն սկսեալ հոն հաստատուած հայութեան ստեղծագործ տաղանդին եւ քաղաքակրթական շը-նորհներուն խօսուն վկայութիւնն ու փառքի դափ- նեպսակը հանդիսացաւ։
Եւ ա՛յդ բարբարոսութեան վրայ հիմնուեցաւ Աթաթուրք հռչակուած Մուսթաֆա Քեմալի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ կործանուած Զմիւռնիային փոխարէն 1928ին ձեռնարկեց Իզմիր վերանուանուած քաղաքի կառուցման, որ տասնամեակներու ընթացքին դարձաւ աւելի քան 2,5 միլիոն թուրք բնակչութեամբ առեւտրական մեծ նաւահանգիստ՝ միջազգային տօնավաճառներու կեդրոն հանդիսանալով։
Շատ գրուած է ե՛ւ 1919էն 1922 մղուած յոյն-թրքական պատերազմին, ե՛ւ նոյնինքն Զմիւռնիայի Աղէտին մասին։ Այսօր եւս լոյս կը տեսնեն տարբեր բնոյթի ուսումնասիրութիւններ կամ գրական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս եւ գեղարուեստական գործեր կը հրապարակուին՝ ամբողջապէս լուսաբանելու եւ արժեւորելու համար թէ՛ Զմիւռնիայի Աղէտը, թէ՛ Զմիւռնիայի քաղաքակրթական  մեծ ներդրումը։
Յատկապէս յոյն ժողովուրդը, աշխարհի չորս ծագերուն, ամէն Սեպտեմբերի 9ին, ոչ միայն կþոգեկոչէ յիշատակը բազմահազար իր նահատակներուն, այլեւ՝ կը սգայ կործանումն ու կորուստը յոյն ազգային յիշողութեան մէջ իր անփոխարինելի տեղն ու նշանակութիւնը ունեցող Զմիւռնիային։
Բայց նաեւ իր այժմէական դասերով՝ 9 Սեպտեմբեր 1922ի Զմիւռնիայի Աղէտը իր վրայ կը կեդրոնացնէ ուշադրութիւնը ոչ միայն յոյն ժողովուրդին, այլեւ  թրքական եղեռնագործութեան այս կամ այն չափով զոհ գացած բոլոր ժողովուրդներուն, որոշապէս ցեղասպանութեան ենթարկուած իրաւատէր հայութեան։ Զմիւռնիայի կործանումը անմոռանալի դաս մը եղաւ բոլորիս համար, որովհետեւ 90 տարի առաջ պատահած մեծ ողբերգութեան նկատմամբ եւս Թուրքիա օրին որդեգրեց եւ, մինչեւ այսօր, կը շարունակէ կառչած մնալ պետական ու պաշտօնական ուրացումի եւ չքմեղանքի միեւնոյն քաղաքականութեան։
Աւելի՛ն. Զմիւռնիայի Աղէտը ուսանելի շատ ծանր դասեր կը փոխանցէ նաեւ մեծապետական աշխարհի ղեկավար ուժերուն նեղ-շահամոլական վարքագծին մասին։ Կը յիշեցնէ Թուրքիան սիրաշահելու նպատակով մեծապետական ուժերը վարակած խօլ մրցապայքարը, որմէ առաւելագոյնս օգտուեցաւ Մուսթաֆա Քեմալ 1922ին՝ Զմիւռնիան գրաւելու եւ այդպէ՛ս կործանելու ժամանակ։
Մեծապետական ուժերու այդ վարքագիծը միշտ ալ բաւարար հիմք տուած է թրքական պետութեան վարիչներուն, Քեմալի ժամանակներէն մինչեւ Էրտօղանի այս օրերը, որպէսզի արհամարհեն պատմութիւնն ու թրքական եղեռնագործութեան զոհերուն ազգային յիշողութիւնը՝ անպատիժ մնացած իրենց յանցագործութեան վրայ գումարելով Ուրացման, այլեւ Պատմական Նենգափոխման  ոճիրը։
Զմիւռնիայի Աղէտէն 90 տարի ետք ալ թրքական պաշտօնական քաղաքականութիւնը կը շարունակէ աշխարհին հրամցնել միեւնոյն յանկերգը, թէ իբր՝
1) Յոյները իրենք հրահրեցին ազգամիջեան ատելութիւնն ու թշնամանքը, երբ 1919ի Մայիսին «գրաւեցին» Զմիւռնիան՝ օգտուելով Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին Օսմանեան Կայսրութեան կրած խայտառակ պարտութենէն։
2) Զմիւռնիա մտած յոյն զինուորները ուղղակի կոտորածի ենթարկեցին քաղաքի թուրք փոքրամասնութիւնը, ինչ որ պատճառ դարձաւ քեմալականներու ատելավառ հակազդեցութեան։
3) Զմիւռնիան հրդեհի տուողներն ալ եղան իրենք՝ յոյն զինուորները, որոնք իրենց նահանջին եւ Զմիւռնիան պարպելու ժամանակ ուզեցին քարուքանդ քաղաք մը... աւար ձգել յաղթական թուրք բանակին։
Թրքական քարոզչութեան այսօրինակ սուտն ու կեղծիքը, յերիւրանքներն ու պատմական նենգափոխումները,  անշուշտ, իրենց հատու եւ սպառիչ պատասխանը ստացած են։
Յոյն, անգլիացի, ամերիկացի, ֆրանսացի եւ մանաւանդ հայ պատմաբաններու սպառիչ ուսումնասիրութիւններով եւ փատագրական հաւաքածոներով, ինչպէս նաեւ պետական արխիւներու մէջ պահուած զեկուցագրերու եւ նամակագրութեանց ճամբով՝ թրքական յանցագործութիւնը, իր ամբողջական ահաւորութեամբ, մերկացուած է ամէն կարգի ուրացման եւ խեղաթիւրման փորձերէ։
Արար-աշխարհ այսօր գիտէ, արդէն, որ՝
1) Դաշնակիցները իրե՛նք Յունաստանի իշխանութեան վստահեցան Զմիւռնիայի հոգատարութիւնը եւ այդպէս էր, որ վարչապետ Վենիզելոս յունական զօրք ղրկեց Զմիւռնիա 1919ի Մայիսին։
2) Մինչեւ 9 Սեպտեմբեր 1922 մղուած յոյն-թրքական կռիւներու ընթացքին փաստօրէն պատահած են, թէ՛ յոյն եւ թէ թուրք զինուորներու կողմէ, անզէն ու խաղաղ բնակիչներու դէմ փոխադարձ ոճիրներ՝ ազգային թշնամանքէ մղուած։ Բայց այն, որ տեղի ունեցաւ քեմալական զօրքին Զմիւռնիա յաղթական մուտքէն ետք, ուղղակի Նուրէտտին փաշայի հրահանգով կազմակերպուած սպանդն էր քաղաքի յոյն եւ հայ բնակչութեան։
3) Դաշնակիցները իր բախտին լքեցին Զմիւռնիան եւ անոր յոյն թէ քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնը պաշտպանող յունական զօրքը, երբ Քեմալ սկսաւ Լենինի հետ իր սիրաբանութեան, իսկ անգլիացիք եւ ամերիկացիք, ֆրանսացիք ու իտալացիք սկսան թրքական ազգայնամոլութեան նորայայտ               առաջնորդին սիրաշահելու միջոցներ փնտռել, որպէսզի չկորսնցնեն Առաջին Աշխարահամարտի աւարտին իրենց նուաճած պատերազմական աւարները...
Պատմական ճշմարտութիւնը փաստագրող աղբիւրները նաեւ կ'անդրադառնան յունական ներքին քաղաքականութեան մէջ այդ շրջանին երեւան եկած տարակարծութիւններուն, որոնց հետեւանքով Վենիզելոս կորսընցուց իշխանութիւնը եւ փոխարինուեցաւ ուժերով, որոնք ռազմական եւ դիւանագիտական փորձառու ուժերը հեռացուցին յոյն¬թրքական ռազմաճակատէն, ինչ որ եկաւ աւելիով տկարացնելու Զմիւռնիա հաստատուած յունական զօրքին դիմադրականութիւնը, գումարուելով Դաշնակիցներուն կողմէ լքուած ըլլալու վիճակին վրայ։
Այս բոլորը առաւլագոյն առարկայականութեամբ եւ գիտական փաստագրութեամբ ներկայացուած են տասնեակաւոր հատորներու մէջ։ Անոնց շարքին կարեւոր տեղ կը գրաւէ յատկապէս ամերիկահայ պատմաբան Մարճըրի Յովսէփեան-Տոփքինի «Զմիւռնիա 1922.- Քաղաքի մը կործանումը» խորագրով անգլերէն կոթողական գործը։ Արխիւային նիւթերու եւ ականատեսներու վկայութեանց վրայ հիմնուած իր գիրքով՝ մասնաւորաբար Զմիւռնիայի հայ բնակչութեան դէմ Քեմալի կազմակերպած «ազգային մաքրազտում»ի քաղաքականութեան մերկացումը կատարելով, հայազգի պատմաբանը դեռ 1980ականներուն ահազանգ կը հնչեցնէր քաղաքակիրթ աշխարհին, որ Սեպտեմբեր 1922ին Զմիւռնիայի կործանումը եւ քեմալական յանցագործութեան անպատիժ մնալը օրինակ ծառայեցին մինչեւ մեր օրերը շարունակուող «ազգային մաքրազտում»ի ոճիրներուն...
Ահազանգ, որ այսօր ալ ի զօրու կը մնայ, որովհետեւ թրքական պետութիւնը կը շարունակէ ուրանալ իր պատասխանատուութիւնը Զմիւռնիայի կործանումը կազմակերպելու յանցագործութեան մէջ։
Իբրեւ այդպիսին՝ Զմիւռնիայի Աղէտին 90ամեակը առիթ մըն է, որպէսզի քաղաքակիրթ աշխարհը առաջին հերթին պատժելի հռչակէ թրքական ուրացումները եւ խեղաթիւրումները, ապա՝ թրքական պետութեան պատասխանատուութիւնը ամրագրելով եւ Զմիւռնիայի անմեղ զոհերուն արդար հատուցումի պահանջատիրութիւնը օրինականացնելով, ընդհանրապէս մարդկութիւնը երաշխաւորէ «ազգային մաքրազտումներու» չարիքին դէմ։
Յատկանշականօրէն, արդէն կը բազմանայ թիւը նաեւ թուրք այն ազատախոհ մտաւորականներուն, որոնք թրքական պետութեան ցեղասպանական վարքագիծը մերկացնելով եւ դատապարտելով՝ լոյս կը սփռեն Զմիւռնիայի Աղէտին վրայ եւս։
Խօսուն օրինակ մըն է «Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» կայքէջով 5 Մայիս 2012ին հրապարակուած Սայիտ Չեթինօղլուի վկայութիւնը՝ «Զմիւռնիա 1922. Այդ օր Զմիւռնիայի կառամատոյցներուն քրիստոնեաներու կեանքը շատ աժան էր...» խորագրով։
Կþարժէ Զմիւռնիայի Աղէտին 90ամեակին ոգեկոչումը եզրափակել՝ թրքական այդ վկայութենէն վերցուած հետեւեալ հաստատումներով.
- Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք ալ «Երիտթուրքերու համար պատերազմը չէր աւարտած։ Որոշ իմաստով ներքին պատերազմը շարունակուեցաւ մինչեւ 1922։ Աւարտեցաւ 1922ի Սեպտեմբերին՝ Քեմալականներու յաղթանակով: Երբ քեմալականները, Սաքալլը Նուրէտտին փաշային հրամանատարութեամբ, մտան Զմիւռնիա, գրաւեցին կեավուր Զմիւռնիան: Աւար, աւեր, կոտորած ու հրդեհ. այս ամէնը քեմալականներուն նուաճումը եղաւ։
«Գրաւման բանակի կազմին մէջ թուրք զինուորները հագած էին թաւոտնեայ տաբատներ, կապած էին խաչաձեւ փամփշտակալներ եւ կը կրէին դաշոյններ։ Այս միաւորներուն երբեմն աւազակախումբ անունը կու տային. օտարները այդքան ալ մեծ տարբերութիւն չէին դներ ուղղակի զինուորներուն եւ աւազակախումբերուն միջեւ: Թուրք առաջնորդները իրե՛նք կþընդունին, որ նախկին ապստամբներէ կազմուած խումբերը 1920ին Մուսթաֆա Քեմալ միաւորեց իր բանակին մէջ։ Համաձայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ռազմական հետախուզութեան զեկոյցին՝ 1922ին թրքական բանակին մէջ «կարգ ու կանոնը կ'իրականացուէր «գերադասներու եւ բարձրաստիճանաւորներու առաջացուցած վախով, սարսափով եւ խրատով»: Նոյն զեկոյցին մէջ նշուած էր, որ զինուորներու ոգեւորու-թիւնը վառ կը պահուէր՝ «աւարի տիրանալու ցան-կութեամբ»:
«Առաջին վայրերը, որոնք աւարի ենթարկուեցան, հայերու եւ յոյներու կրպակներն էին: Միջադէպերը գլխաւորապէս փողոցները տեղի կþունենային, նոյնիսկ գործի անցան քաղաքացիներու փոքր խումբեր։ Հետագային զինուորները՝ հասկնալով, որ իտալացի եւ թուրք ոստիկանները պիտի չմիջամտեն, գործի անցան. կարճ ժամանակ ետք անոնց պիտի միանային նաեւ սպաները: Մտան աչքի զարնող «Rue Franque» կրպակները եւ կռներու տակ՝ ատլաս ու ժանեակ, գրպանները՝ ժամացոյց եւ թանկարժէք իրեր, դուրս եկան եւ հեռացան։ Ֆրանսացի սպայ մը կը գրէ.- «Կը գործէին՝ առանց որեւէ միջամտութեան հանդիպելու կամ ալ առանց վախնալու: Ընդհանրապէս չէին շտապեր. կը վերցնէին ամենարժէքաւոր իրերը, մնացածը կը նետէին: Ինչո՞ւ պիտի ամչնային կամ վարանէին, երբ ոստիկանական պահակները իրենց կ'օգնէին:
«Որոշ ժամանակ յետոյ թալանը վերածուեցաւ  զինուած կողոպուտի: Այդ գիշեր Կարմիր Խաչի գնդապետ Տէյվիս Պրիսթոլին հեռագիր կը ղրկեն՝ «Գաղթականները պէտք է երկիրը լքեն կամ ալ պէտք է նեղութիւն կրեն. անոնց կեանքը վտանգուած է: Հաւատացէք՝ սա ազգային հարցի լուծման վերջին որոշումն է, զոր կայացուցած է ազգայնական կառավարութիւնը»:
«Երեկոյեան կողմերը յայտնի դարձաւ, որ թուրքերը համակարգուած կերպով հայերու հետքերը կը հետապնդէին: Հիւպատոսի օգնականներ Փարքն ու Պարնեսը, դէպի Լիչֆիլտ ճամբայ իյնալէ առաջ, վկայ են եղած, թէ ինչպէ՞ս արնաթաթախ մահակներով հինգ առանձին խումբեր կը շրջէին կառամատոյցի գաղթականներուն մէջ եւ կը փնտռէին իրենց զոհերուն: Տեսած են, թէ ինչպէ՞ս այս խումբերէն մէկը մարդու մը ծեծելով հասցուցած է մահուան: Պարնես կ'ըսէ.- «Անհաւատալի վայրենութիւն էր: Վերջին հարուածը հասցնելու ատեն, յարձակողներէն 3 մեթր այն կողմն էինք: Վստահ եմ, որ երբ նաւամատոյցին փռուելով՝ մարդը նետուեցաւ ծովը, մարմնին մէջ չջարդուած ոսկոր մը անգամ չէր մնացած»: Թուրքերէն մէկը, որ նկատած էր ամերիկացիներուն դէմքի սարսափելի արտայայտութիւնը, փորձած էր քաղաքավարութեամբ բացատրել, որ զոհը հայ է. եւ ուսերը թօթուելով ըսած էր.- «Ուրիշ ալ ի՞նչ պէտք է ընէինք որ»...
«Սեպտեմբեր 13ին ֆրանսացի սպայ մը կը գրէ.- «Հայկական թաղամասը գերեզմանոց կը յիշեցնէ: Որոշ երիտասարդ կիներու, աղջիկներու, յատկապէս՝ գեղեցիկներուն, վերցուցին տարին եւ փակեցին տան մը մէջ, ուր անոնց կը սպասէին պահակները, որոնք յագուրդ տուին իրենց ցանկութիւններուն:
«Լրագրող Քլայթոնը իր դիւրակիր գրամեքենայով նոր առասպել մը կը տպէր.- «Բարձիթողի մնացած թրքական թաղամասէց բացի՝ Զմիւռնիայի մէջ ոչինչ մնացած է: Փոքրամասնութիւններու խնդիրը արդէն մէկընդմիշտ կարգաւորուեցաւ:
«Հիւպատոս Ճորճ Հորթընը կը մտածէր, որ սարսափի, բարբարոսութեան եւ բռնութեան տեսանկիւ- նէն Զմիւռնիայի ճակատագիրը կարելի է համեմատել միայն հռոմէացիներու՝  Կարթագէնը բնաջնջելու հետ.- «Այն տարբերութեամբ, որ Կարթագէնի մէջ քրիստոնեայ նաւատորմ չկար, որ կառավարութեան սանձազերծած իրավիճակին ականատեսն էր: Թուրքերը թալանած, սուրէ էին անցուցած եւ հիմա ալ քաղաքը հուրի կը մատնէին, որովհետեւ համոզուած էին, որ իրենց ոչ ոք կրնայ համակարգուած ձեւով միջամտել»: Համաձայն Էտ Ֆիշըրի՝ տեղի ունեցածը կարելի էր համեմատել միայն Պուլվէր Լիթոնի «Պոմպէոսի վերջին օրերուն հետ»:
«Հիւպատոս Հորթուն կը գրէ.- «Զմիւռնիայէն ստացած ամենակարեւոր դիտարկումս մարդկային  ցեղին պատկանելու ամօթն է»: Հիւպատոսը կը նշէ, որ թուրքերը շարժած են հայերուն ոչնչացնելու եւ ա- զատ ժամանակ ալ յոյներով զբաղելու որոշակի ծրագրին համապատասխան:
«Իսկ լրագրող Ահմէտ Էմին Եալման կþըսէ, որ նեղուցին ծովը լեցուն էր խեղդուած հայերու եւ յոյներու դիակներով։ Այնուհետեւ՝ կþաւելցնէ, որ իզմիրցիները երկար ժամանակ ձուկ չէին ուտեր:
«Դաշնակից ուժերը հայերի եւ յոյների պատճառով Մուստաֆա Քեմալին ճնշելու ժամանակ ընդհանրապէս չունէին: Ճորճ Հորթոնը Զմիւռնիայի զոհերուն կը հաշուէ 100.000էն աւելի: Անոր հաշուարկը շատ աւելի խելամիտ է, որովհետեւ հրդեհէն անմիջապէս առաջ Զմիւռնիայի մէջ, կոպիտ հաշուարկներով, եղած է 400.000 օսմանեան քրիստոնեայ (ծնուած-մեծցած Զմիւռնիացի, գումարած՝ գաղթականները, իսկ Հոկտեմբեր 1ի դրութեամբ առնուազն 190.000ի մասին տեղեկութիւն չկար»:
Ահա՛ թուրքին իսկ վկայութեամբ տարողութիւնը 90 տարի առաջ կատարուած Զմիւռնիայի կործանումին։

Ն.