Սեպտեմբեր 4ը իւրայատուկ նշանակութեամբ Օր մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական տօնացոյցին մէջ։
2008 թուականի Սեպտեմբեր 4ին, Հ.Հ. կառավարութեան թիւ 1008 որոշումով, Հայաստանի պետական տօներու շարքին աւելցաւ «Փրկարարի Օր»ը, որ նուիրուած էր աղէտահար գօտիներու եւ անոնց վտանգուած մարդոց օգնութեան հասնող ու, սեփական կեանքը վտանգելու գնով, փրկարարական աշխատանքներ իրագործող զինուորագրեալներու։


Իսկ երկու տարի ետք, Օգոստոս 2010ին, դարձեալ Հ.Հ. կառավարութեան լրացուցիչ մէկ այլ որոշումով, Սեպտեմբեր 4ի տօնին անուանումը փոփոխութիւն կրեց եւ ստացաւ իր այժմու բանաձեւումը՝ Արտակարգ Իրավիճակների Աշխատողի Օր»։
Աշխարհի ամէն կողմ եւ շատ ժողովուրդներ ունին նմանօրինակ տօն։ Հայաստանի եւ հայութեան պարագային Սեպտեմբեր 4ի տօնին իւրայատկութիւնը կը կայանայ Սպիտակի 1988ի աղէտալի երկրաշարժին հետ իր ունեցած առընչութեան մէջ։
Ամբողջ Հայաստանը, հայ ժողովուրդը եւ ընդհանրապէս խղճամիտ մարդկութիւնը խոր սուգի մատնած Սպիտակի երկրաշարժը եկաւ ցոյց տալու, թէ որքա՜ն բախտորոշ նշանակութիւն ունի քաղաքացիական պաշտպանութեան համակարգին կատարելագործումը բնական աղէտներու դէմ տակաւին անպաշտպան մարդկութեան օգնութեան հասնելու եւ փրկարարական գործ իրագործելու համար։
Դառն ու աղէտալի իր փորձառութենէն մեկնելով՝ դեռ իր լիիրաւ անկախութիւնը չվերականգնած, Հայաստան ստեղծեց իր Սէյսմիկ Պաշտպանութեան Ազգային Ծառայութիւնը Յուլիս 1991ին։ Իսկ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն երկու ամիս անց, Դեկտեմբեր 1991ին, Հ.Հ. կառավարութեան առընթեր հիմը դրուեցաւ Արտակարգ Իրավիճակների Վարչութեան։
Իր ստեղծման սկզբնական շրջանին, Հայաստանի վերանկախացումին հետեւած տնտեսական փլուզման եւ վայրագ հասարակափոխութեան մութ ու ցուրտ տարիներուն, Վարչութիւնը պետական անհրաժեշտ միջոցները չունեցաւ ինքնակազմակերպման համար։ Հարկ եղաւ սպասել մինչեւ 1997 թուականի Սեպտեմբեր 4ը, որպէսզի այդ օրուան իր նիստին Հ.Հ. կառավարութիւնը իր թիւ 359 որոշումով կեանքի կոչէր արտակարգ իրավիճակներու արագ արձագանգման Հ.Հ. առաջին փրկարարական ջոկատը, որ այնուհետեւ հաստատաքայլ յառաջ ընթացաւ ինքնակազմակերպման ու արդիականացման ուղղութեամբ։
Հ.Հ. կառավարութեան միաժամանակ հետեւեալ առաքելութիւնը սահմանեց մեր երկրի փրկարարական ջոկատներուն համար.
Ա.¬ Փրկարակական աշխատանքներ իրականացնել Աղէտի Գօտիներուն մէջ, նաեւ՝ արտակարգ պատահարներու պարագային, հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ, վտանգուած բնակչութեան համապատասխան մասնագիտական օգնութիւն հասցնել։
Բ.¬ Աղէտներու կամ արկածներու եւ վտանգներու պարագային վերականգնողական աշխատանքներ իրականացնել։
Հ.Հ. ուժային կառոյցներու գործակցութեամբ կատարելագործուած փրկարարական ջոկատները յաջողեցան արագ զարգացում ապրիլ եւ ազդու օգնութիւն հասցնել ոչ միայն մեր երկրին մէջ պատահած արկածներու պարագային, այլեւ՝ արտասահմանի տարածքին, հոն՝ ուր փրկարարական օգնութեան կարիքը ստեղծուեցաւ եւ Հայաստան փութաց փոխադարձելու Սպիտակի Աղէտին ժամանակ մեր երկրին օգնութեան հասած խղճամիտ մարդկութեան ցուցաբերած մարդավայել կեցուածքին։
Միջազգային ընտանիքը անտարբեր չմնաց Հայաստանի իշխանութեանց այս մարզէն ներս ցուցաբերած աշխատունակութեան նկատմամբ եւ Զուիցերիոյ եւ Ճափոնի օրինակով առանձին երկիրներու կողքին նաեւ միջազգային համապատասխան գործակալութիւններ թեքնիք օժանդակութեան ձեռք երկարեցին Հայաստանի, որպէսզի արտակարգ իրավիճակներու դիմագրաւման Հ.Հ. պետական ծառայութիւնը արդիական հիմունքով կատարելագործուի՝ վարչական կազմակերպման, մարդուժի վարժեցման եւ արհեստագիտական հնարաւորութիւններու վերանորոգման առումներով։
Արդիւնքը եղաւ 2008 թուականին Հ.Հ. Արտակարգ Իրավիճակների Նախարարութեան ստեղծումը Հ.Հ. նախագահի հրամանագրով, որուն հետեւեցաւ Հ.Հ. պետական տօնացոյցին մէջ նուիրագործումը Սեպտեմբեր 4ի հռչակման՝ իբրեւ «Արտակարգ Իրավիճակների Աշխատողի Օր»։

 

Ն.