2 Սեպտեմբերը, 21 տարի առաջ, ուղի լուսաւորող թուական մը նուիրագործեց հայոց պատմութեան մէջ, երբ Արցախի քաջարի հայութիւնը հռչակեց իր անկախութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմը դնելով։

Հայոց նորագոյն պատմութեան անիւը շրջուեցաւ յանդուգն այդ քայլով, որ վերջ տուաւ Արցախի տասնամեակներու գերեվարման եւ սրբագրեց Ստալինի բռնակալ ձեռքով ու «օրհնութեամբ», 1921-1923 թուականներուն, հայ ժողովուրդին դէմ գործուած աղաղակող անարդարութիւնը։


Ծայր աստիճան դժուար պայմաններու մէջ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը եւ ծանրագոյն հարուածներու դիմակալման գնով մեր ժողովուրդը, Արցախի մէջ ու ամբողջ Հայաստանի տարածքին, կրցաւ իրագործել ատրպէյճանեան լուծէն ազատագրուելու իր որոշումը՝ ապրելու եւ բարգաւաճելու ընդունակ անկախ պետականութեան մը ինքնակազմակերպումին ու հզօրացումին լծուելով։
Այդպէ՛ս. 2 Սեպտեմբեր 1991ին, այդ ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ եւ Շահումեանի Շրջան խորհրդային սահմանադրական անւանումներով ծանօթ հայոց Արցախ Աշխարհին մէջ, խորհրդային բառապաշարով արցախահայութեան Ժողովրդական Պատգամաւորները գումարեցին օրէնսդիր իշխանութեան Մարզային եւ Շրջանային Խորհուրդներու միացեալ նիստ մը եւ հռչակեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։
Օրին դժուար էր հաւատալ, որ Շուշիի բարձունքներուն ամրակայուած ատրպէյճանական զօրքի հրետանիի հարուածներուն եւ արձակազէններու կրակոցին տակ ինքնապաշտպանութեան դիրքերու վրայ գտնուող, աւելին՝ անհաւասար ուժերով ազատութեան համար մարտնչող Արցախի հայութիւնը ի վիճակի պիտի ըլլար, իրողապէս եւ ըստ ամենայնի, կենսա- գործելու իր անկախութիւնը ատրպէյճանական լուծէն՝ ի հեճուկս ժամանակի եւ պայմաններու աննպաստ դասաւորումին ապրելու ընդունակ իր պետականութիւնը կազմաւորելով։
Բայց նախ Արցախի, ապա՝ մայր Հայաստանի եւ, ի վերջոյ, աշխարհասփիւռ ողջ հայ ժողովուրդի վճռականութեան, մարտունակութեան եւ միասնական պայքարին շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ մերօրեայ հայութեան ազգային անկախ պետականութեան երկրորդ կռուանը։
Այսօր, երբ 21 տարիներու հեռաւորութենէն յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք եւ ընդհանուր հաշուեկշռի կþարժանացնենք Արցախի հայութեան հետ մեր ժողովուրդին կտրած ուղին, արդարօրէն հպարտութիւնը կը համակէ մեր միտքն ու սիրտը՝ ի տես գերագոյն զոհաբերութեան գնով ձեռք բերուած նուաճումներուն։
Եւ առաջին հերթին կը խոնարհինք անմեռ յիշատակին առջեւ առիւծասիրտ այն ազատամարտիկներուն, որոնք հերոսական իրենց պայքարով եւ իմացեալ մահուամբ անմահանալու ազգային մեր աւանդը վերանորոգող իրենց նահատակութեամբ՝ հայկական տարածք ազատագրելու եւ ամրօրէն պաշտպանելու նորօրեայ դիւցազնապատումը պարգեւեցին Հայաստանին եւ հայութեան։
Ծանրակշիռ որոշում էր 2 Սեպտեմբեր 1991ի լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը։ Խորհրդային բանակի համազգեստով գործող իշխանաւոր «օրինական» ուժ էր ատրպէյճանական զօրքը, որ այնուամենայնիւ ձեռնարկած էր Արցախի հայութիւնը բնաջնջելու նորօրեայ ցեղասպանութեան՝ ամէնէն անօրէն իշխանութեան մը մահացու գործիքը դառնալով։
Խաղաղ հաւաքներով եւ օրէնսդրական ու սահմանադրական իրաւունքներու վրայ խարսխուած դիմումներով արդարութիւն ու Հայաստանի հետ միացում պահանջող Արցախի հայութիւնը, ատրպէյճանական եւ խորհրդային հարուածներուն տակ աստիճանաբար կռանելով իր ազգային¬քաղաքական կամքն ու հաւաքական ուժը, քայլ առ քայլ ընդարձակեց ազ- գային¬ազատագրական իր պայքարը, ունեցաւ ծանրագոյն կորուստներ՝ բայց չընկրկեցաւ, մինչեւ որ ներկայացաւ քաղաքական յարմար պահը, որպէսզի  հռչակէր Արցախի անկախութիւնը։
Ատրպէյճան որոշեց դուրս գալ Խորհրդային Միութենէն եւ վերականգնել 1918¬1920 թուականներու Ա-տըրպէյճանի Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ անկախ պետութիւն, ինչ որ իրաւականօրէն եւ քաղաքականօրէն լրիւ ազատ արձակեց ձեռքերը Արցախի հայութեան, որպէսզի ձեռնարկէր ատրպէյճանական բռնակալ լուծէն ամբողջական ազատագրումի իր յաղթարշաւին։
Փաստօրէն Արցախը բնաւ մաս չէր կազմած թրքական սուիններով 1918ին ստեղծուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան։ Միայն խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Ստալինեան մութ գործարքով նուէր տրուած էր ազերիներուն... եւ 1991ին արդէն ժամանակն էր, եթէ ուշ չէր, որպէսզի անարդարութիւնը վերջնականապէս սրբագրուէր եւ, նոյնինքն խորհրդային օրէնքներով ու սահմանադրութեամբ առաջնորդուելով, բայց նաեւ ու մանաւա՛նդ միջազգային օրէնքի հիմնարար Ուխտագիրներուն վրայ հիմնուելով, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզն ու Շահումեանի Շրջանը միաւորուէին անկախ պետութիւն հռչակ-ւած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ։
Այսօր 21ամեայ լիարժէք պետութիւն է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որ ոչ միայն իր պաշտպանական բանակով կրցաւ ազերի բռնատիրութենէն ազատագրել հայապատկան Արցախի տարածքները, այլեւ՝ իրաւական ու ժողովրդավարական հիմունքով պետականութեան իր շէնքը քար առ քար բարձրացնել եւ նոյնինքն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան աւատապետական իշխանութեան տակ ճնշուած ազերի հասարակութեան ինքնափրկումի օրինակ ծառայել։
Ճիշդ է, Արցախի իրողապէս նուաճուած անկախութիւնը մինչեւ այսօր դեռ չէ արժանացած միջազգային ընտանիքի ճանաչումին եւ իրաւական նուիրագործումին։ Բայց երբ արեան գնով նուաճուած անկախութիւնը ի վիճակի ես պահելու, պետականօրէն արմատաւորելու եւ քաղաքականօրէն ամրապնդելու, անպայման վստահ կրնաս ըլլալ, որ ի վերջոյ կը հասնի նաեւ իրաւական ճանաչումի ժամը։
Այդ ինքնավստահութեամբ է, որ Արցախէն ու հայրենի մեր ոստաններէն մինչեւ աշխարհի հեռաւոր ափերը սփռուած իրաւատէր հայութիւնը, 21 տարիէ ի վեր, միջազգային իրաւական ճանաչումի հասնելու միասնական միեւնոյն հաստատակամութեամբ՝ կը տօնէ Արցախի անկախութեան հռչակման տարեդարձը։
Այս տարի յատուկ նշանակութեամբ եւ վերանորոգ մարտունակութեամբ կը տօնենք Արցախի անկախութեան տարեդարձը, որովհետեւ քաղաքակիրթ աշխարհի աչքերուն առջեւ, օր-ցերեկով, տեղի ունեցաւ հայասպան ատրպէյճանցի բանակային մը ցկեանս բանտարկութեան իր դատապատիժէն ազատ կացուցանելու ամօթալի գործարք մը՝ Եւրոպական Միութեան անդամ Հունգարիոյ եւ Եւրոպայի անդամակցութեան յաւակնորդ Ատրպէյճանի իշխանութեանց միջեւ։
Ծանօթ է, որ ութ տարի առաջ, Հունգարիոյ մէջ, ՆԱԹՕի սպայական վարժեցումներու բազմազգեան ծրագրի մը գործադրութեան ընթացքին, որուն կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի բանակներէն սպաներ, ատրպէյճանցի Րամիլ Սաֆարով՝ ազգային ատելութենէ տարուած եւ հակահայ գազանային մոլուցքով՝ կացինահար սպաննեց հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած պահուն։ Մարդասպանը դատուեցաւ հունգարական արդարադատութեան  կողմէ, խոստովանեցաւ ազգային ատելութեան հողի  վրայ իր գործադրած ոճիրը եւ դատապարտուեցաւ ցկեանս բանտարկութեան։ Բայց Ատրպէյճանի բռնակալ ու հայատեաց իշխանութիւնը բնաւ չհաշտուեցաւ իր սպային տրուած ցկեանս բանտարկութեան պատիժին հետ։ Տարիներ շարունակ, ամէն միջոցի դիմելով, Պաքու փորձեց հունգարական իշխանութիւններէն ստանձնել մարդասպանութեան համար դատուած ու դատապարտուած ատրպէյճանցի ոճրագործ բանակայինը։ Ատրպէյճանական դիմումներուն օգնութեան հասաւ նաեւ նոյնինքն թրքական պետութիւնը։ Եւ ահա օրեր առաջ բացայայտուեցաւ, որ ամօթալի գործարք մը կնքուած է Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Ատրպէյճան մինչեւ երեք միլիառ տոլար արժողութեամբ հունգարական պետական արժեթուղթեր գնած է եւ իր այդ քայլը իբրեւ կաշառք ծառայեցուցած է մարդասպան Սաֆարովի արտայանձնումին համար։
Հունգարիոյ կառավարութեան մեղքով՝ Րամիլ Սաֆարով այսօր կը գտնուի Պաքու, արժանացած է ոչ միայն նախագահ Ալիեւի անմիջական ներումին եւ կը վայելէ ազատութիւնը, այլեւ՝ իբրեւ ազգային հերոսի՝ բարձր կարգի աստիճաններու եւ նիւթական պարգեւներու։
Հայ ժողովուրդի ազգային արժանապատուու- թեան հասցուած այս ծանր վիրաւորանքին ու ընդհանրապէս մարդկային արդարադատութեան եւ մարդկային իրաւանց այսօրինակ ոտնակոխումին դէմ բուռն ընդվզումի եւ մարտունակ ծառացումի մթնոլորտին մէջ է, ահա՛, որ այսօր կը նշենք Արցախի անկախութեան տարեդարձը, որուն նուաճման ճանապարհը հազարաւոր հայորդիներու հերոսական պայքարով ու մարտիրոսացման եւ նահատակութեան արեամբ հարթուեցաւ, իսկ Հունգարիոյ մէջ կացինահար սպաննուած Գուրգէն Մարգարեանը եղաւ վերջին զոհերէն մէկը Արցախեան Ազատամարտին։
Զոհը՝ ազերիական, այլեւ համաթրքական հայատեացութեան, որուն շարունակուող մոլուցքին դէմ մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու համազգային մեր ուխտը վերանորոգելու յանձնառութեամբ կը տօնենք Արցախի իրողական ազատագրութեան տօնը։

Ն.