Սեպտեմբեր 25ի այս օրը, 68 տարի առաջ, Երեւանի մէջ իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք ծնունդներէն Մանուկ Աբեղեան, որ բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով արժանի պիտի մնայ հայոց սերունդներու երախտագիտութեան՝ հայ գրականագիտութեան, բանասիրութեան եւ լեզուաբանութեան բնագաւառներուն մէջ իր կատարած գիտական բազմավաստակ ներդրումին համար։
Անմիջապէս պէտք է նշել անշուշտ, նաեւ՝ գլխագիր, որ Մանուկ Աբեղեանի անունով կնքուեցաւ քսաներորդ դարու քսանականներուն խորհրդային իշխանութեանց կողմէ հայոց Մեսրոպեան՝ դասական ուղղագրութեան դէմ գործուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը։ Պետական որոշումով եւ պետական միջոցներու խստագոյն կիրարկմամբ պարտադրուած «աբեղեանական» կամ «պոլշեւիկեան» այսպէս կոչուած «ուղղագրութիւն»ը փաստօրէն հասաւ իր նպատակին եւ, երկաթեայ վարագոյրով արդէն երկփեղկուած հայ ժողովուրդին զոյգ թեւերուն ու աշխարհաբարի զոյգ՝ արեւելահայ ու արեւմտահայ ճիւղերուն միջեւ, բացաւ ներհակ ուղղագրութեանց խոր խրամատ մը։
Կասկածէ վեր է, միաժամանակ, որ այդ նշումը ոչինչ կը պակսեցնէ Մանուկ Աբեղեանի հայագիտական մեծակշիռ ներդրումէն՝ անոր գիտական ու անվիճելիօրէն տիտանական երախտաշատ վաստակէն։
Մանուկ Աբեղեանի գրականագիտական, բանասիրական եւ լեզուաբանական գործերուն սոսկ մատենագիտութիւնը ինքնին բաւարար է, որպէսզի ընթերցողը ամբողջական երախտագիտութեամբ խոնարհի անխոնջ աշխատանքին եւ գիտական հմտութեան առջեւ հայ մտքի այս արժանաւոր ներկայացուցիչին։
Մանուկ Աբեղեան ծնած էր 1865ի Մարտ 15ին, հին Նախիջեւանի Աստապատ գիւղը, հայ հողագործի ընտանեկան յարկին տակ։
Սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ Կարմիր վանքի դպրոցին մէջ։ 1876ին ընդունուեցաւ Էջմիածնի ԳԷորգեան Ճեմարանը եւ աւարտեց 1885ին: Անմիջապէս հրաւիրուեցաւ դասախօսելու ինչպէս նոյն Գէորգեան Ճեմարանի, այնպէս ալ Շուշիի եւ Թիֆլիսի հայոց թեմական եւ մասնաւոր վարժարաններուն մէջ։
1893ին մեկնեցաւ արտասահման եւ բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Ենայի, Լայփցիկի, Պերլինի եւՓարիզի համալսարաններուն մէջ։ 1898ին ավարտեց Ենայի համալսարանը՝ ստանալով փիլիսոփայութեան դոկտորի աստիճան։ Այնուհետեւ վերադարձաւ Գէորգեան Ճեմարան, ուր մինչեւ 1914 թուականը հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասատու եղաւ ու սերունդներ հասցուց։ Ապա չորս տարի, մինչեւ 1918ի Հայաստանի անկախութիւնն ու Երեւանի Պետական Համալսարանի հիմնադրութիւնը, ուսուցչական պաշտօն վարեց Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին մէջ։
Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համալսարանին բացման օրէն իսկ՝ Մանուկ Աբեղեան պրոֆեսորի պաշտօն ստանձնեց եւ պատրաստեց հայոց լեզուի ու գրականութեան բազմաթիւ մասնագէտներ։ 1925-30 թուականներուն ղեկավարեց Խորհրդային Հայաստանի գիտութեան եւ արուեստի ինստիտուտը: Ակադեմական ու դասախօսական բեղուն աշխատանքի պատնէշին վրայ մնաց մինչեւ իր մահը՝ 25 Սեպտեմբեր 1944ին։
Մանուկ Աբեղեան գրած է հայոց լեզուի, հին թէ նոր ժամանակներու գրականութեան եւ հայ ժողովրդական ստեղծագործութեանց ու բանահիւսութեանց վերաբերեալ բազում գիտական աշխատութիւններ, շրջած է Հայաստանի գիւղերը՝ հաւաքելով հայ ժողովրդական առասպելներ, գուսանական տաղեր, հայրէններ, գրի առած է հայկական Դիւցազներգութեան (էպոսի) բազմաթիւ տարբերակներ։ Որոշ ժամանակ եղած է նաեւ խմբագիր՝ մասնակցելով «Նոր¬Դար» թերթի խմբագրութեան։
Կը նկատուի հայոց տաղաչափութեան առաջին ուսումնասիրողն ու փաստացի, ամբողջական հետազօտութեան հեղինակը։
1886ին արդէն, Աբեղեան գրառած էր «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպի մոկաց տարբերակը, կատարած էր անոր առաջին մասնագիտական հետազօտութիւնը եւ 1889ին հրատարակած՝ «Դաւիթ եւ Մհեր» վերնագրով: Հետագային ստեղծեց «Սասնայ Ծռեր»ու դասական տեսութիւնը:
Ինչպէս որ «Հայկական Հանրագիտարան»ը կը հաստատէ, Մ. Աբեղեան նորովի պարզաբանեց հայ ժողովուրդի հին ու նոր հաւատալիքները, առասպելական զրոյցները։ Մշակեց հայ առասպելաբանութեան գիտական նոր տեսութիւնը («Հայ վիպական բանահիւսութիւն», 1966): Իր «Ժողովրդական խաղեր» (1904) եւ «Հին գուսանական ժողովրդական երգեր» (1931) մենագրութեանց միջոցաւ, Աբեղեան հետազօտած է հայոց խաղիկներու, միջնադարեան հայրէններու տեսակային (ժանրային), կառուցուածքային, տիպաբանական, տաղաչափական յատկանիշները, պարզաբանած է անոնց ժողովրդական բնոյթը, նշած է ժողովրդական երգերու ակունքները, զարգացումն ու ընթացքը:
Իր «Հայոց հին գրականութեան պատմութիւն» (1944¬46) քառահատոր աշխատութեան մէջ, Մ. Աբեղեան գիտական խորացումով ու մշակումով անդրադարձած է հայ գրականութեան սկզբնաւորման, պատմութեան, գրական դէմքերու եւ դպրոցներու գնահատման, ծագման ու զարգացման հարցերուն:
1910ականներէն սկսեալ, Աբեղեան խորացաւ հայկական բանաստեղծութեան տաղաչափութեան հետազօտմամբ («Հայերէն տաղաչափութեան մասին», 1916, «Տաղաչափութեան զարգացումը Չարենցի եւ ուրիշների բանաստեղծութիւնների մէջ», 1923, «Հայոց լեզուի տաղաչափութիւն», 1933):
Մանուկ Աբեղեանի գիտական վաստակին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն անոր լեզուաբանական¬քերականական աշխատութիւնները: «Աշխարհաբարի քերականութիւն» (1906), «Աշխարհաբարի շարահիւսութիւն» (1912), «Հայոց լեզուի տեսութիւն» (1931) աշխատութիւններով, Աբեղեան եղաւ առաջիններէն, որ աշխատեցաւ գիտականօրէն համակարգել արեւելահայերէնի հնչիւնաբանութիւնը, պարզել հնչիւնափոխութեան երեւոյթները, համակողմանիօրէն հետազօտել բառագիտութիւնն ու բառակազմութիւնը: Աբեղեանի կողմէ պատրաստուած է առաջին «Ռուս-Հայերէն բառարանը» (1925 թ.). մասնակցած է շարք մը բառարաններու ստեղծման աշխատանքներուն:
Մանուկ Աբեղեանի անունով կոչուած են Հ.Հ. Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Գրականութեան Հիմնարկը եւ դպրոց մը‘ Երեւանի մէջ։
Ն.