Սեպտեմբեր 21ին, ամէն տարի, ահա՛ 21 տարիներէ ի վեր, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, հայ ժողովուրդը միասնաբար ու ամխառն հպարտութեամբ կը տօնէ լուսաշող տարեդարձը Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին։


Այո՛, աշխարհով մէկ՝ քաղաքամայր Երեւանէն ու հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր հայօճախները, հայ մարդը Սեպտեմբերի այս օրը կը տօնէ ու կը վերյիշէ 1991 թուի Սեպ- տեմբեր 21ի հանրաքուէն, որ Խորհրդային Հայաստանի քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքա- ցիներուն 99 տոկոսի միահամուռ ձայնով՝ «Այո՛» պատասխանեց Հայաստանը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու եւ անկախ հանրապետութիւն հռչակելու Հանրաքուէի միակ հարցումին։
Յանկարծական պոռթկումի մը ծնունդը չեղաւ Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէն։ Նոյնիսկ բնախօսական ծննդաբերութեան նման անցաւ խմորումներու եւ ցաւագին գալարումներու երկարատեւ փուլէ, մինչեւ որ 1991 թուի Սեպտեմբեր 21ի այդ  պայծառագոյն օրը մեր ժողովուրդը, ազատ կողմնորոշման ու անկախ ընտրութեան ժողովրդավարական իր անբռնաբարելի իրաւունքին տէր կանգնելով՝ վճռահատող հանրաքուէով հաւաքաբար որոշեց լծուիլ ազատ եւ անկախ իր հայրենիքն ու պետականութիւնը կերտելու դժուարին պայքարին։
Հայաստանի Անկախութեան «Այո՛» պատասխանող մեր ժողովուրդը, թէ՛ հայրենի ոստաններուն մէջ եւ թէ սփիւռքեան հայօճախներու աշխարհատարած քարտէսին վրայ տարտղնուած, օրին իսկ կը գիտակցէր, որ ազատ ու անկախ ապրելու իր իրաւունքին լիովին տէր կանգնելու համար, փաստօրէն, հաւաքաբար կը նետուէր անդառնալի, այլեւ անհարթ եւ ծանրագոյն դժուարութիւններով ականապատուած ուղիի մը մէջ։
Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէի յաղթանակին ենթահողը մենք պատրաստեցինք Մայիս 1990էն սկսեալ, երբ տակաւին Խորհրդային Միութեան լծորդուած Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւորներու ընտրութեանց ընթացքին, օրուան իշխանութիւնը ստանձնելու համազ- գային մեր վստահութեան քուէին արժանացուցինք ատենի Կոմկուսին դէմ ծառացած ժողովրդային ուժերը։
Հայոց Համազգային Շարժումի վիպապաշտ ու խանդավառ ժամանակն էր։ Համատարած միասնականութեան այդ ալիքին վրայ արագընթաց իշխանափոխութիւն սկսաւ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան  ընտրուեցաւ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ, Վազգէն Մանուկեան նշանակուեցաւ Հայաստանի վարչապետ եւ երկու ամիս ետք, Օգոստոս 23ին, Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը որդեգրելով՝  նորընտիր Գերագոյն Խորհուրդը որոշեց Խորհրդային Հայաստանը վերակոչել Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ յառաջ ընթանալ 28 Մայիս 1918ին հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ու ժողովրդավարական աւանդները վերականգնելու ուղղութեամբ։
Դիւրին չեղաւ յառաջխաղացքը։
Առաջին քայլերէն իսկ երեւան եկան ռազմավարական ուղղութիւններու հակասութիւնն ու խաչաձեւումը։ Մինչ ժողովրդային ուժերու իշխանաւոր՝ Տէր-Պետրոսեանական թեւը նախընտրեց քալել  Խորհրդային Միութենէն անջատուելու քաղաքականութեան ուղիով, նոյն այդ ուժերուն անկախական թեւը նախընտրեց քայլ առ քայլ վերականգնել ազատ ու անկախ Հայաստանի կենարար կռուանները, մանաւանդ՝ Արցախեան Ազատամարտի հաշւոյն անհարկի տուրք չվճարել հակախորհրդային կողմնորումին, նկատի առնելով, որ ատոր հետեւանքով անխուսափելիօրէն պիտի իյնայինք Քրեմլինի հակադարձ հարուածներուն տակ։
Բայց անջատողական ռազմավարութիւնը յաղթեց ու յառաջ մղուեցաւ եւ մենք ունեցանք ծանր կորուստներ Արցախեան ճակատին վրայ։ Ինկան Գետաշէնն ու Արծուաշէնը։ Մարտիրոսացան Թաթուլ Կրպէյեանի եւ Սիմոն Աչըգկէօզեանի պէս բազում հերոսներ։ Ընկրկեցանք, բայց չխոնարհեցանք։ Շարունակեցինք պայքարը։
Եւ երբ Մարտ 1991ին Խ. Միութեան կորպաչովեան ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս որոշեց առաջին քայլը նետել Խորհրդային Միութեան իրաւական լուծարման ուղղութեամբ, երբ Քրեմլին որոշեց համամիութենական հանրաքուէ մը կազմակերպել՝ Խ. Միութեան կազմին մէջ մնալով անկախ հանրապետութիւններ դառնալու հարցին շուրջ, Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը որոշեց չմասնակցիլ այդ հանրաքուէին եւ, փոխարէնը, կազմակերպել ուրոյն հանրաքուէ նոյն տարուան Սեպտեմբեր 21ին՝ Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալով անկախ պետութիւն դառնալու հարցը համաժողովրդային քուէարկութեան ու վճռահատումի յանձնելով։
Հետեւեցաւ լարուածութեան դժուարին շրջան մը խորհրդային կեդրոնին հետ Հայաստանի յարաբերութեանց մէջ, որուն ծանրագոյն պահը առաջացաւ Օգոստոս 1991ին, նախատեսուած Սեպտեմբերի հանրաքուէէն հազիւ ամիս մը առաջ, երբ խորհրդային կեդրոնական իշխանութեանց մակարդակին պետական յեղաշրջումի փորձ տեղի ունեցաւ Կոմկուսի բարձրագոյն ղեկավարութեան ծայրայեղական ու կարծր թեւին կողմէ՝ Եանայեւի գլխաւորութեամբ։
Ողջ Հայաստանով ու աշխարհասփիւռ հայութեամբ ապրեցանք մղձաւանջային օրերը խորհրդային ամբողջատիրութեան վայրագ վերահաստատումին եւ անոր հակաղարաբաղեան պատժական քայլերուն... հաւանականութեան։ Նոնինքն անջատման ռազմավարութեան դրօշակիր Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի օրուան նախագահը փութաց իր «հաւատարմութիւնը» յայտնելու պետական յեղաշրջումի փորձը կատարած Եանայեւներուն։
Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէին 21րդ տարեդարձին առիթով կարժէ վերյիշել մեր կտրած ուղիին այդ փշոտ անցքերը, որպէսզի Հայաստանի վերանկախացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնման Մեծ Քայլի իր իմաստով, արժէքով եւ փառքով տօնենք մեր ժողովուրդին 99 տոկոսի միահամուռ «Այո՛»ին տարեդարձը։
Կþարժէ վերյիշել, որպէսզի մեր այսօրուան քայլերուն եւ վաղուան ընտրանքներուն մօտենանք հայ ժողովուրդի կենսափորձին եւ սորված դասերուն ամբողջական գիտակցութեամբ։
Որպէսզի բնաւ մտահան չընենք, որ՝
- Մեր ժողովուրդը, յանուն Հայաստանի անկախութեան, պատրաստ է ամէն զոհաբերութեան, անգամ գերագոյնին։ Նոյնիսկ երբ անկախութեան առաջին օրերը՝ «Լեւոնի տարիները» ծանր զրկանքի եւ ծայրայեղ աղքատացման մատնեցին մեր ժողովուրդին, «խորհրդային ժամանակներու կարօտախտ» դրսեւորելով հանդերձ, դարձեալ ազգովին մենք կառչած մնացինք անկախութեան երթը ամէն գնով յառաջ մղելու հաւաքական ուխտին ու յանձնառութեան։ Եւ եթէ աւելի քան միլիոն հայերու արտագաղթ տեղի ունեցաւ եւ զգալապէս դատարկուեցաւ Հայաստանը, պատճառը սոսկ եւ այնքան սովն ու անապահովութիւնը չէին, որքան համաժողովրդային ընդվզումն էր արագօրէն եւ վայրագօրէն յղփացող իշխանաւոր վերնախաւի մը կազմաւորման եւ բռնիշխանական վարքագծին անարդարութեան դէմ։
Այդ առումով ալ հայ ժողովուրդը ամէն հիմք ունի այսօր հպարտութեամբ տօնելու Սեպտեմբեր 21ի Անկախութեան Հանրաքուէնի տարեդարձը։
Հայաստանն ու հայութիւնը, Սեպտեմբեր 21ի Մեծ Քայլով, անդառնալի ընտրանքը կատարեցին յառաջ շարժելու Ազգի ու Հայրենիքի՝ հայոց պետականութեան Իրաւական եւ Ժողովրդավարական կայացման ու ինքնահաստատման ուղիին վրայ՝ յանուն Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութեան վերականգնումին։
Միացեալ Հայաստանի ուղին դեռ մեր առջեւն է՝ երկար ու անհարթ ճամբու մը բոլոր դժուարութիւններով, որոնց յաղթահարումը կախեալ է մեր հաւաքական կամքէն եւ միասնական ուժէն, որպէսզի նախապատրաստենք եւ պատրաստ գտնուինք քաղաքական այն նպաստաւոր պահուն, երբ ազգովին պիտի յաջողինք իր տրամաբանական աւարտին հասցնել 23 Օգոստոս 1990ին հռչակուած եւ 21 Սեպտեմբեր 1991ին ամրագրուած Հայաստանի անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան աւանդներու վերականգնման պայքարը։

Ն.