- Details
- Category: Յուշատետր
Դեկտեմբեր 10ի այս օրը, Արցախի հայութեան հետ, մեր ժողովուրդը աշխարհի չորս ծագերէն կը տօնէ 22րդ տարեդարձը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան հանրաքուէին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Դեկտեմբերի այս օրերուն, 108 տարի առաջ, Անդըրկովկասի ատենի մայրաքաղաք Թիֆլիսը թատերաբեմ դարձաւ արիւնալի ընդհարումներու՝ իր բազմազգեան բնակչութեան հայ եւ թաթար-թուրք հատուածներուն միջեւ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Քառորդ դար անցած է արդէն 7 Դեկտեմբեր 1988ի այն չարաղէտ օրէն ասդին, երբ ահաւոր երկրաշարժը քարուքանդ աւերեց Հայաստանի հիւսիսային շրջանները, տասնեակ հազարներով հայ մարդոց, յատկապէս մանկահասակներու կեանք խլեց եւ, Հայաստանի հետ, ցնցեց ամբողջ աշխարհը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Դեկտեմբեր 5ին, 92 տարի առաջ, Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ, հարուստ բնակիչներու առանձնատուներով յատկանշուող փողոցի մը վրայ, օր-ցերեկով, հայ ժողովուրդի վրիժառու բազուկը արդար մահապատիժի ենթարկեց աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայորդիներու ցեղասպանութեան թրքական ոճիրին գլխաւոր պատասխանատուներէն՝ Իթթիհատական կառավարութեան վարչապետ Սայիտ Հալիմ Փաշան։
Ահաբեկիչը 21 տարեկան Արշաւիր Շիրակեանն էր։
- Details
- Category: Յուշատետր
Դեկտեմբեր 4ը դարաշրջան բացող թուական է հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման աւելի քան 120ամեայ պատմութեան մէջ։
Այսպիսի՛ օր մը, 131 տարի առաջ, «Ձայնը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն» եւ «թունդ-թունդ ելան հայոց սրտեր զէնքի շաչիւնէն»...