Յունուար 14ի այս օրը, 87 տարի առաջ, Ժընեւի մէջ վախճանեցաւ հայ յեղափոխական շարժման առասպելական դէմքերէն եւ խոնարհ հերոսներէն Անտոն Գոշ։

Ինչպէս աշխարհի տարածքին, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ, 19րդ դարու առաջին տասնամեակներէն սկսեալ մամուլը հիմնական դեր կատարեց ազգային լեզուամտածողութիւնը ժողովրդականացնելու եւ արդիականացնելու ճակատին վրայ՝ դառնալով հանրային դաստիարակութեան ամէնէն կենսունակ հնոցը, որոշ իմաստով ամէնօրեա՛յ դպրոցը։

Յունուար 10ի օրը, 143 տարի առաջ, հայրենի Սիւնեաց աշխարհի Բռնակոթ գիւղին մէջ եւ Գէորգ Տէր-Աւետիքեանի ընտանեկան յարկին տակ, լոյս աշխարհ եկաւ Նիկողայոս անունով մանուկ մը, որ կոչուած էր դառնալու հայ ժողովուրդի մտաւորական եւ ակադեմական լուսապայծառ դէմքը մարմնաւորող մեծանուն անմահներէն մէկը։

Այսօր՝ 2014 թուականի Յունուար 9ին, հայ ժողովուրդը կը նշէ իր հանճարեղ զաւակներէն Սերգէյ Փարաճանովի ծննդեան 90ամեակը։
Շարժանկարի արուեստին բանաստեղծականութիւնն ու խորհրդապաշտութիւնը Փարաճանով մարդկութեան մատուցեց ամենայն գեղեցկութեամբ ու կենսայորդ տեսարաններով։

Յունուարի 8ի այս օրը, 133 տարի առաջ, Թիֆլիսի մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի ռազմական տաղանդին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն՝ ռուս ցարական բանակի հայազգի զօրավար Արշակ Յարութիւնի Տէր-Ղուկասով։