Դեկտեմբեր 17ի այս օրը, 93 տարի առաջ, Հայաստանը բռնագրաւած խորհրդային իշխանութիւնները, Յեղկոմի յատուկ հրամանագրով, որոշեցին պետականացնել Ս. Էջմիածնի ազգային հարստութեան գլխաւոր հիմքն ու խորհրդանիշը կազմող Մատենադարանը, ուր մէկտեղուած էին հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան եւ մշակութային ստեղծագործութեան ձեռագիր վկաները։

Դեկտեմբեր 16ին, 47 տարի առաջ, Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովը որդեգրեց Քաղաքացիական եւ Քաղաքական Իրաւունքի Միջազգային Համաձայնագիրը (Ուխտագիրը), որուն գլխաւոր առանցքը ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին միջազգային օրէնքով նուիրագործումն էր՝ իբրեւ հիմքը մարդկային ու քաղաքացիական ազատութեանց եւ իրաւունքներուն։

Յատկապէս մեր օրերուն համար ուսանելի կարեւոր դասեր կը յուշէ պատմական Օրինակը Ցարական Կայսրութեան Հերոսի ու «Սրտի Դիկտատոր»ի փառքը նուաճած հայազգի զօրավար կոմս Լոռիս-Մելիքովին, որուն մահուան 125րդ տարելիցը կը լրանայ Դեկտեմբեր 13ի այս օրը։

83 տարի առաջ, 1930ի այս օրը՝ Դեկտեմբեր 12ին, օտար ափերու վրայ աչքերը առ յաւէտ փակեց յեղափոխական հայուհիի արժանաւոր ներկայացուցիչ մը՝ Սաթենիկ Արղութեան, որ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մէջ իր յատուկ տեղը գրաւեց «Ծաղիկ» անունով։

Թէեւ մեր օրերուն միջազգային հանրութիւնը մեծ կարեւորութեամբ կը հետեւի Ցեղասպանութեան ոճիրը - իբրեւ մարդկութեան դէմ ծանրագոյն յանցագործութեան - դատապարտելու, օրէնքով պատժելի հռչակելու եւ կանխարգիլելու օրակարգին, այսուհանդերձ՝ պատկերը նոյնը չէր անցեալ դարուն։