- Details
- Category: Յուշատետր
Դեկտեմբեր 3ին, 93 տարի առաջ, քեմալական Թուրքիոյ եւ լենինեան Ռուսաստանի միջեւ սեղմուած ու երկու կողմէ կրակի մէջ յայտնուած՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անձնատուր եղաւ եւ ստիպուեցաւ ստորագրել Ալեքսանդրապոլի պարտութեան Դաշնագիրը, որ ծանր տապանաքարի տակ դրաւ Հայկական Հարցը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան բախտորոշ եւ վիճայարոյց թուականներու շարքին իր կարեւոր տեղը ունի 2 Դեկտեմբեր 1920ը, երբ 28 Մայիս 1918ին հաստատուած Ազատ ու Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան օրինական կառավարութիւնը, քեմալական թուրքերու եւ պոլշեւիկ ռուսներու միացեալ գրոհին տակ իյնալով, պարտուելով եւ չարեաց փոքրագոյնը ընտրելով, ստիպուեցաւ Լենինի խորհրդայիններուն փոխանցել մեր երկրին իշխանութիւնը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Նոյեմբեր 29ին, տասը տարի առաջ, Թեսաղոնիկէի մէջ, տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած հանդիսաշուք տօնակատարութեան ընթացքին, օրուան իր պատգամը փոխանցելէ վայրկեաններ ետք, յանկարծամահ շիջեցաւ եւ հոգին աւանդեց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ արժէքաւոր ու արժանաւոր նուիրեալներէն՝ Յունաստանի Հայոց Թեմի 45 տարիներու Առաջնորդ Սահակ Արքեպիսկոպոս Այվազեան։
ՌՈՒԲԷՆ (Մինաս Տէր-Մինասեան, 1882-1951). Հայ քաղաքական մտքին եւ յեղափոխական կամքին խստապահանջ դարբինը
- Details
- Category: Յուշատետր
Նոյեմբեր 27ի օրը պահանջատէր հայութիւնը կ'ոգեկոչէ մահուան տարելիցը իր ազգային-ազատագրական շարժման ճառագայթող անհատականութիւններէն եւ ղեկավար դէմքերէն Ռուբէն Տէր-Մինասեանի։
- Details
- Category: Յուշատետր
47 տարի առաջ, 1966ի այս օրը՝ Նոյեմբեր 26ին, Քալիֆորնիոյ մէջ իր ծննդեան 70ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութեան աւարտին, երբ օրուան եզրափակիչ իր ելոյթը կþունենար, բեմին վրայ յանկարծամահ ինկաւ հայ գրականութեան նոր ժամանակներու մեծագոյն դէմքերէն Համաստեղ։