Նոյեմբեր 19, 1918ին, 95 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան անխոնջ ու բազմահմուտ պահապաններէն եւ վաստակաշատ մշակներէն Մաղաքիա Արք. Օրմանեան։

Ահա 108 տարի է, որ հայոց իրերայաջորդ սերունդները, ազգային իրենց յիշողութիւնը մշտարծարծ պահելով, յեղափոխական մեր երգերու շարքին, իրենց շրթներուն վրայ շարունակ կը վերաթարմացնեն անմահն Գալուստ Արխանեանի նուիրուած սրտառուչ երգը.-

Ազատութեան որդին եմ, Արխանեան Գալուստն եմ. Երբ որ բանտէն ազատուիմ Դարձեալ խումբ պիտի կազմեմ։

Նոյեմբեր 17ին հայ ժողովուրդը կ'ոգեկոչէ եւ կը մեծարէ յիշատակը իր երախտաշատ հոգեւորականներէն ու մտաւորական մեծ ուսուցիչներէն Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի։

Նոյեմբեր 14ի այս օրը, 81 տարի առաջ, Երեւանի մէջ, 72 տարեկանին վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակներէն եւ հեղինակաւոր դէմքերէն Լէօ։

Վաստակաշատ հեղինակութիւն մը եղաւ Լէօ՝ ընդհանրապէս հայ քաղաքական մտքի ուսումնասիրութեան եւ, յատկապէս, հայոց պատմութեան քննական հետազօտման ու արժեւորման առումներով։

Նոյեմբերի այս օրերուն, 95 տարի առաջ, իր տեսակին մէջ աննախընթաց քաղաքական սպանութիւն մը ծանր ցնցումի եւ խոր սուգի մատնեց նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանը։