Դեկտեմբեր 4ը դարաշրջան բացող թուական է հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման աւելի քան 120ամեայ պատմութեան մէջ։

Այսպիսի՛ օր մը, 131 տարի առաջ, «Ձայնը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն» եւ «թունդ-թունդ ելան հայոց սրտեր զէնքի շաչիւնէն»...

Հայ յեղափոխական պայքարի եւ որոշապէս Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան կազմաւոր- ման ակունքը կու գայ 1882 թուականի Դեկտեմբեր 4էն, երբ Կարնոյ մէջ հայ երիտասարդութիւնը ըմբոստացաւ սուլթանի բռնակալութեան դէմ եւ հայոց ազատամարտի ազդանշանը տուաւ իր մեծ ցոյցով, որմէ ներշնչուած՝ հայ աշուղներն ու ժողովուրդը սերունդներ ոգեշնչող պատգամի վերածեցին «Ձայն մը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն» երգը։

Կարին միջնաբերդ քաղաքը 19րդ դարու հայոց պատմութեան բախտորոշ թռիչքներու եւ վերիվայրումներու բնօրրանը հանդիսացաւ։ Յաջորդաբար 1820ական, 1850ական եւ 1870ական թուականներուն, երբ ռուս-թրքական պատերազմներով Մեծ Հայքի եւ Արեւմտահայաստանի ապագան կը վճռուէր, Էրզրումը կամ Կարինը գլխաւոր կռուախնձորը դարձաւ Արեւելքի այդ ատենի երկու հզօր կայսրութեանց մըրցապայքարին։

Ռուսական զօրքին հետ բազմիցս ռազմի դաշտ նետուած հայ կամաւորականները, 19րդ եւ 20րդ դարուն քանի ու քանի անգամ, ազատագրեցին հայկական այս հինաւուրց օճախը թրքական լուծէն, հազիւ գործի վերածեցին Կարինը հայօրէն շէնշող մայրաքաղաք մը դարձնելու իրենց դարաւոր երազը, բայց չկրցան երկար վայելել իրենց արեամբ նուաճուած յաղթանակին պտուղը, որովհետեւ ռուսը վերստին թուրքին զիջեցաւ մեր հողը եւ Կարնոյ հայութիւնը դարձեալ ենթարկուեցաւ թրքական ջարդի ու աւերումին...

Կարինը ողբերգական վերիվայրումի այդ հերթական հանգրուաններէն մէկը կ'ապրէր 1878էն ետք, երբ Պերլինի Դաշնագրով մեծապետական Եւրոպան տէր կանգնեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան հայկական նահանգներու բարենորոգման պահանջին։

Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. նոր բազմած էր սուլթանական գահին եւ կատաղի պայքար յայտարարած էր հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան շարժումին դէմ։

Իսկ Կարնոյ մէջ, լուսամիտ ու ազատախոհ հոգեւորականներու եւ վարժապետներու գլխաւորութեամբ, հայ երիտասարդութիւնը մեծ խանդավառութեամբ փարած էր զինեալ ապստամբութեան գաղափարին։ Մեր ժողովուրդը արդէն սկսած էր երգել եւ սպասել այն օրուան, երբ Կարնոյ մէջ հայոց թագաւորական վերականգնեալ գահին բազմած պիտի տեսնէր... հայ իշխան։

Ահա՛ այդ ժամանակ, 1882ին, Կարնոյ մէջ հիմնուեցաւ Հայկական Գաղտնի Ընկերութիւնը, որ բառին բուն իմաստով ընդյատակեայ կազմակերպութիւն էր եւ կը յատկանշուէր զինուորական կառոյցով ու երկաթեայ կարգապահութեամբ։ Ծրագրով զուտ ազգային-ազատագրական գաղափարներու հետամուտ շարժում էր, որ կþառաջադրէր երիտասարդները զինել եւ պատրաստել համաժողովրդական ապստամբութեան՝ օսմանեան եւ սուլթանական կարգերու տապալման առաջադրանքով։

Կարնոյ Հայկական Գաղտնի Ընկերութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ. թուրք ոստիկանութիւնը շատ կանուխ տեղեկացաւ նորաստեղծ միութեան մասին եւ 4 Դեկտեմբեր 1882ին արդէն ընդհանուր արշաւի ձեռնարկեց հայ յեղափոխականներուն դէմ, շուրջ 300 հայ երիտասարդներ բանտերը նետեց եւ իր սաղմին մէջ խեղդել փորձեց Արեւմտահայաստանի ազգային-ազատագրական շարժման առաջին պոռթկումին սկզբնաքայլերը։

Կարնոյ հայ երիտասարդութեան այդ ըմբոստացումէն երեք տարի ետք միայն կեանքի պիտի կոչուէին բառին բուն իմաստով կուսակցական կազմակերպութիւնները հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ։ Նախ՝ արմենականները, ապա՝ հնչակեանները եւ ի վերջոյ Դաշնակցութիւնը, որ Մոսկուայի եւ Թիֆլիսի հայ ուսանողական-յեղափոխական խմբաւորումները ի մի բերելու իր երկունքին մէջ, յատուկ կարեւորութեամբ պիտի մօտենար եւ նոր կեանքի կոչէր Կարնոյ Հայկական Գաղտնի Ընկերութենէն վերապրած մարտունակ տարրերը։

4 Դեկտեմբեր 1882ին համիտեան բռնակալութիւնը իր առաջին ծանր հարուածը հասցուց հայ յեղափոխական շարժման։ Կարնոյ ապստամբութիւնը ճըզմուեցաւ, բայց կախարդակէն սրուակէն դուրս ելած էր արդէն յեղափոխութեան փերին եւ, ինչպէս երգը կ'աւետէ,

«Ուրախացաւ Մայր Հայաստան, ելաւ կանգնեցաւ,
«Հինգ դարերու սուգ, տառապանք մի քիչ մեղմացաւ։
«Հոն կանգնեցաւ սուրբ դրօշակ արիւնով ներկուած,
«Անոր վրայ Ազատութիւն կամ Մահ էր գրուած»։

Կարնոյ ազատատենչ հայութեան եւ յատկապէս անոր մարտունակ երիտասարդութեան ապստամբական այդ առաջին շարժումը անարձագանգ չմնաց։ Հակառակ թրքական բանտերուն, յեղափոխական երգը եւ կայծերը սրտէ սիրտ տարածուեցան ու ոտքի հանեցին հայութիւնը՝ ի Հայաստան, թէ ի Կովկաս եւ այդպէս, ընկրկումի մէջ անգամ, բոցավառեցին խարոյկը հայկական յեղափոխութեան հետագայ բոցավառումին, որ մինչեւ Հայաստանի անկախութիւն եւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնում առաջնորդեց դարաւոր գերութեան տակ հիւծած հայ ժողովուրդը։

4 Դեկտեմբեր 1882ին, թէեւ համիտեան բռնակալութիւնը իր առաջին ծանր հարուածը հասցուց հայ յեղափոխական շարժման, բայց հայուըմբոստ ոգին այլեւս դուրս ելած էր կախարդական սրուակէն եւ, հեքիաթի փերիին պէս,՝ հայկական յեղափոխութիւնը կարելի չէր խցկել ու դատապարտել... անշարժութեան։

Եւ հայոց աշխարհով մէկ բոլոր ըմբւստներն ու յեղափոխականները արձագանգեց՝ին, որ՝

«Ձայն մը հնչեց Էրզրումի Հայոց լեռներէն,
Թունդ թունդ ելան Հայոց սրտեր զէնքի շաչիւնէն:
«Հայ գիւղացին դարուց ի վեր սուր զէնք չէր տեսած,
Դաշտը թողուց, սուր, հրացան բահի տեղ առած:
«Քնքոյշ կեանքը ծանր է թւում հայ օրիորդին,
Զէնքը ձեռին յորդորում է Հայոց քաջերին:
«Հայ տիկինը ստիպում է ամուսնոյն գնալ,
Պատերազմի դաշտին վրայ վէրք տալ՝ ստանալ:
«Հայ ծերուկը ցուպը ձեռին լալով խնդրում է,
Հայրենիքի ազատութիւն տեսնել ու մեռնիլ:
«Անմիութիւն տունը քանդող հայոց խեղճ ազգին,
Հրաժարեցաւ, տեղի տուաւ միութեան ձայնին:
«Լսեց թուրքը ու սառեցաւ արիւնը վատին,
Չէր երազել Հային տեսնել նա այդ վիճակին»…

Կարնոյ ազատատենչ հայութեան եւ յատկապէս անոր մարտունակ երիտասարդութեան ապստամբական այդ առաջին պոռթկումէն արդէն 131 տարիներ անցած են, հայ ժողովուրդը դարակազմիկ վերիվայրումներէ անցած է եւ հասած է Հայաստանի անկախութեան ու հայ ազգային պետականութեան վերականգնումին։ Եւ ամէն անգամ, որ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին վրայ կը սաստկանայ անարդարութեան ճնշումը, եւ ամէն անգամ որ փորձ կը կատարուի ոտնակոխելու հայկական իրաւունքը՝ հայոց սերունդները աշխարհի չորս ծագերէն ձայն կու տան իրարու՝

«Ձայնը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն»...
Եւ վերստին թունդ-թունդ կ՛ելլեն հայոց սրտերը։
Հայ Յեղափոխականն

Ն.