Նոյեմբեր 27ի օրը պահանջատէր հայութիւնը կ'ոգեկոչէ մահուան տարելիցը իր ազգային-ազատագրական շարժման ճառագայթող անհատականութիւններէն եւ ղեկավար դէմքերէն Ռուբէն Տէր-Մինասեանի։
62 տարի առաջ, 27 Նոյեմբեր 1951ին, Փարիզի մէջ, մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ ՌՈՒԲԷՆ անունով հայոց սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ անմահացած հայ յեղափոխականի, պետական գործիչի եւ դաշնակցական ղեկավարի եզակի մարմնաւորումը։
Հայ ժողովուրդին նորագոյն պատմութիւնը հունաւորած եւ ազգային մեր ճակատագիրը կերտած անզուգական սերունդին մէջ իր ուրոյն տեղը եւ արժէքը ունեցաւ Ռուբէն։
Քսաներորդ դարասկիզբէն մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտը, հայ կեանքը փոթորկած բախտորոշ բոլոր վերիվայրումներու ընթացքին, Ռուբէն անվեհեր կանգնեցաւ հայ ազգային-քաղաքական իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան յառաջապահ դիրքերուն վրայ։ Ղեկավար մասնակցութիւն բերաւ 1) Օսմանեան անարգ լուծին դէմ ֆետայական շարժման ուժեղացումին եւ ծաւալումին, 2) Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին թրքական պետութեան ձեռնարկած Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ մեր ժողովուրդին մղած ինքնապաշտպանական ծանր մարտերուն, 3) Հայաստանի ու հայութեան վերջին ամրոցը ոգի ի բռին պաշտպանելու եւ անկախութիւնը նուաճելու պատմակերտ հերոսամարտին, 4) Ազատագրեալ Հայաստանի հայացման մեծակշիռ գործին, 5) Հայաստանին պարտադրուած խորհրդային ամբողջատիրութեան դէմ գաղափարական անհաշտ պայքարին, 6) Յետ-Եղեռնեան Սփիւռքի ազգային-քաղաքական կազմակերպումին եւ 7) հայոց նորահաս սերունդներու յեղափոխական ոգիով հա- յապահպանումին։
Աւազանի անունով Մինաս Տէր-Մինասեան՝ Ռուբէն ծնած էր 1882ին, Ախալքալաք (Ջաւախք)։ Տոհմական արմատներով՝ կարնեցի էր։ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի եւ Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանի մէջ ստացաւ իր ուսումը՝ թրծուելով ատենի ազգային-յեղափոխական այդ երկու մեծ հնոցներուն մէջ։ Կարճ շրջան մը Ցարական զինուորական-սպայական ուսման հետեւելէ ետք, հազիւ 21 տարեկան երիտասարդ՝ Ռուբէն միացաւ Դաշնակցութեան շարքերուն, հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դատին ամբողջապէս նուիրուելու ուխտով եւ յեղափոխական վճռականութեամբ։
Իր սերունդը ոգեշնչած «Սահմանը անցնելու» հաստատակամութեամբ՝ Ռուբէն իր կարգին իբրեւ նորագիր մուտք գործեց Արեւմտահայաստան՝ «բուն Հայաստանը», ինչպէս ինք կը սիրէր շարունակ ընդգծել։
Երիտասարդ տարիքի իր ողջ ներուժը Ռուբէն անմնացորդ նուի- րաբերեց հայ ազգային-ազատագրական պայքարին՝ Կարսի հնոցին եւ Վանի յեղափոխական բնօրրանին մէջ իր կազմաւորումէն մինչեւ Սասնոյ ազատամարտին ղեկավարումը, 1907էն սկսեալ, ու Տարօնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն զինուորական հրամանատարութիւնը՝ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն։
Յեղափոխական յանդուգն գործիչի, գաղափարի աննկուն մարտիկի եւ քաջարի հայդուկապետի իր մեծ կենսափորձն ու հասունութիւնը Ռուբէն ամբողջապէս եւ արժանաւորապէս նուիրագործեց՝ ի սպաս հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջաններէն մէկուն, 1917էն 1922 երկարող տարիներու ծանրակշիռ վերիվայրումներու յաղթահարումին։ Եղաւ Հայաստանի անկախութեան կերտիչներէն եւ մեծագոյն ներդրումներէն մէկը ունեցաւ հայոց նորաստեղծ պետականութեան հիմերու ամրապնդման մէջ՝ իր անունին կապելով Հայաստանի հայացումը, հայոց բանակին հզօրացումը եւ հայրենի պետականութեան ամրոցին մաքրագործումը ներքին ցեցերէն՝ թուրք-թաթար թէ պոլշեւիկ խռովարարներէն։
Ռուբէնի կեանքին ու մեծագործութեան դափնեպսակը կազմեց, տարագրութեան շուրջ երեսնամեայ երկարատեւ շրջանին՝ 1922էն 1951, հայ ազատագրական շարժման ազգային-քաղաքական, յեղափոխական-գաղափարական եւ կազմակերպական-բարոյական աւանդներուն բաց ճակատով ու խորասոյզ հայեացքով տէր ու արթուն պահակ կանգնելու մտաւորական մեծ թռիչքը։
Սեփական կեանք չունեցաւ Ռուբէն՝ այնքա՜ն քանքարաւոր իր անհատականութիւնը լիարժէք դրսեւորելու եւ անձնական ինքնահաստատման ասպարէզ մը նուաճելու իմաստով։ Նոյնիսկ երբ ընտանիք կազմեց, մնայուն ու սեփական երդիք չունեցաւ, այլ ամբողջ ընտանիքով շրջեցաւ երկրէ երկիր՝ առժամեայ բնակութիւն հաստատելով հոն, ուր Դաշնակցական Գործը տարաւ զինք։
1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր ժողովին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընտրուած Ռուբէնը մինչեւ մահ մնաց ու գործեց այդ պատասխանատուութեան վրայ՝ դաշնակցական սկզբունքայնութեան, հետեւողականութեան եւ ինքնահաւատարմութեան անզուգական դրօշակիրն ու յառաջապահ Ուսուցիչը հանդիսանալով։
Ռուբէն իր քաղաքական գրականութեամբ ուղղակի ճամբայ հարթեց եւ գալիքի ուղին հունաւորեց՝ Հայաստանի խորհրդայնացման հետեւած հայ քաղաքական մտքի խոր պառակտման երկար ժամանակաշրջանին։
Ռուբէն հիմնաւորեց եւ դրօշակիրը դարձաւ հայակեդրոն արեւելումի ռազմավարութեան այնպիսի ժամանակներու մէջ, երբ ազգային ու ապազգային, ժողովրդավարական եւ ամբողջատիրական, յեղափոխական ու քաղքենիական հոսանքներու եւ արեւելումներու միջեւ ներազ- գային սուր պայքարները ահաւոր զառիթափի մը մատնած էին հայաշխարհը՝ բարդուելով Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայութեան աշխարհասփիւռ բեկորներու հաւաքման, հայապահպանման, ինքնակազմակերպման ու վերականգնման ինքնին դժուարին պայքարին վրայ։
Ռուբէնի «Յեղափոխականի մը յիշատակները» եօթհատորեակը, «Հայաստան՝ միջ-ցամաքային ուղիներու վրայ» գիտաշխատութիւնը, «Հայ-թրքական կնճիռը», «Հ.Յ.Դ. կազմակերպութիւնը» եւ միւս անկորնչելի գործերը բառին բուն իմաստով այբենարան դարձան ամբողջ սերունդներու համար եւ կը շարունակեն, իբրեւ այդպիսին, ուղի լուսաւորել նաեւ մեր օրերուն։
Ահա՛ կարճ հատուած մը Ռուբէնի «Յուշեր»էն, որ նուիրուած է ֆետայիներու կենսակերպին եւ կը վկայէ, ընդհանրապէս, հայ յեղափոխական շարժման աւանդներուն տէր կանգնելու եւ անոնց միջոցաւ գալիք սերունդներու ուղին հունաւորելու Ռուբէնի նախանձախնդրութեան մասին.-
«Տարօն աշխարհին մէջ ֆետայիները շարունակական շարժման մէջ են եղած սկիզբէն մինչև օսմանեան սահմանադրութիւն։ Անոնք իրաւունք չունին մէկ վայրի մէջ եօթը օրէն աւելի մնալու, նայած տեղին պայմաններուն։
«Ասոր պատճառները երկուք էին։
«Առաջին, որ կառավարութիւնը միշտ շփոթի մէջ մնայ եւ չկարողանայ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել մէկ վայրի վրայ։ Այսպիսով, ֆետայիները ամէնուրեք լինելով, հնարաւորութիւն չէին տար կառավարութեան թակարդի մէջ ձգելու զիրենք, ինչպէս նաեւ յաճախակի պատահած մատնութիւնները, դիտաւորեալ թէ անմեղ, ապարդիւն կ'անցնէին։
«Երկրորդ պատճառը տնտեսական էր։ Քանի որ ֆետայիները պաշար չէին պտտցներ իրենց հետ, ուստի պիտի բաւականանային մէկ գիւղէն մէկ փոր հաց ուտելով։ Ասկէ աւելի ծանրանալը թէ՛ անիրաւութիւն էր եւ թէ՛ գիւղին ուժերէն վեր։ Ասոր համար ալ ֆետային ստիպուած է անվերջ ճանապարհ կտրել մէկ գիւղէն միւսը, մէկ լեռնէն միւս լեռը, մէկ դաշտէն միւս դաշտը եւ այսպէս շարունակ։
«Երբ արեւը մարը մտնէ, ֆետայիները ոտքի կ'ելլեն, ըլլայ պարզ գիշեր, թէ բուք բորան, անձրեւ կամ ձիւն ու ցուրտ եղանակ։ Ան պիտի շարժուի եւ իր տեղը փոխէ եւ գայլի նման կը գերադասէ մութ գիշերը։ Այդ ժամանակ ան աւելի յանդուգն է եւ աւելի վտանգաւոր թշնամիին համար։ Ֆետայիները կը սիրեն ձիւնոտ ու անձրեւոտ գիշերները ճամբայ կտրել։
«Երբ ֆետային ոտքի կը կանգնի ճամբայ իյնալու, կը համբուրուի մնացեալ ֆետայիներու հետ. ամէն մէկը կը կատակէ իր բարեկամին հետ, եւ բոլորն ալ, կին ու երեխայ միասին, արտասուալից աչքերով ճամբայ կը դնեն զայն «ուղուր» ըսելով։ Ֆետայիները կը պատասխանեն «շէն մնաք» եւ կը մեկնին։ Ընդհանրապէս թոյլ չեն տար, որ գիւղացիները ուղեկցեն իրենց։ Յաճախ գիւղի խումբէն մէկ քանին պահապան կը կանգնեցնեն, որ ոչ ոք չհամարձակի տանեն դուրս գալ եւ տեսնել, թէ ֆետային ի՛նչ ուղղութեամբ կը կորսուի մութին մէջ»։
Թէ՛ յեղափոխական ու ֆետայական իր գործունէութեամբ, թէ՛ քաղաքական ու պետական գործիչի իր իրագործումներով, թէ՛ սփիւռքահայ նոր սերունդներու դաշնակցական կազմաւորման մէջ իր ունեցած սերմնացանի վաստակով՝ Ռուբէն խստապահանջ դարբինը եղաւ հայ քաղաքական մտքին ու յեղափոխական կամքին, մեր ժողովուրդի նոր ժամանակներու կեանքին ամէնէն բախտորոշ հանգրուանին։
Ն.