Դեկտեմբեր 3ին, 93 տարի առաջ, քեմալական Թուրքիոյ եւ լենինեան Ռուսաստանի միջեւ սեղմուած ու երկու կողմէ կրակի մէջ յայտնուած՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անձնատուր եղաւ եւ ստիպուեցաւ ստորագրել Ալեքսանդրապոլի պարտութեան Դաշնագիրը, որ ծանր տապանաքարի տակ դրաւ Հայկական Հարցը։

Հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին պարտադրուած խորհրդային ամբողջատիրութեան շուրջ 70ամեայ լուծին ամբողջ տեւողութեան, շատ մելան հոսեցաւ Ալեքսանդրապոլի Դաշնագրին շուրջ։ Խորհրդայիններու ծաւալած հակադաշնակցական քարոզարշաւներուն ամէնէն չարչրկուած թիրախիներէն մէկը դարձաւ Ալեքսանդրապոլի խայտառակ Դաշնագրին ստորագրումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի կառավարութիւնը ներկայացնող եւ Ալ. Խատիսեանի գլխաւորութեամբ կազմուած Հ.Հ. պատուիրակութեան կողմէ։

Պարտութեան եւ անձնատուութեան ամօթալի քայլ մըն էր ստորագրումը Ալեքսանդրապոլի Դաշնագրին, որ իր 15 կէտերով ամբողջապէս զինաթափման կ'ենթարկէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, վիճելի տարածքներ կը հռչակէր հայապատկան Կարսն ու Սուրմալուն, Շարուրն ու Նախիջեւանը, Սեւրի Դաշնագրէն հրաժարելու եւ Դաշնակիցներու հետ դիւանագիտական կապերը խզելու պարտաւորութեան տակ կը դնէր Հայաստանը եւ անվաւեր կը յայտարարէր Թուրքիոյ ի վնաս Հայաստանի կնքած բոլոր պայմանագրերը։ Փոխարէնը՝ քեմալական Թուրքիան պաշտօնական ճանաչում կը շնորհէր Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր կրճատուած ու խեղճացած սահմաններուն պաշտպանութիւնը իբր թէ ստանձնելով՝ որեւէ թշնամական յարձակման դէմ, հայ քաղաքացիներուն իրաւահաւասարութիւն խոստանալով եւ վիճելի տարածքներու հարցին միջազգային օրէնքին համապատասխան «լուծում տալու» յանձնառութեան տակ մտնելով։

Թէեւ Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը, յատուկ կէտով մը, կը պարտաւորեցնէր ստորադիր կողմերը, որ մինչեւ մէկ ամիս իրենց խորհրդարաններուն կողմէ վաւերացման արժանացնեն այդ պայմանագրութիւնը, այդուհանդերձ՝ ստորագրութեան պահուն արդէն հայկական կողմը կորսնցուցած էր իրաւական իր հիմքը եւ, բնականաբար, Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը բնաւ չունեցաւ վաւերացման խնդիր։ Ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն մնացած էր Դեկտեմբեր 2ի կէս գիշերէն ետք, ոչ ալ ինք՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մնացած էր. չկար այլեւս Հայաստանի Խորհրդարան, որ վաւերացնէր կամ մերժէր վաւերացումը Հայաստանը Թուրքիոյ անձնատուր դարձնող այդ պայմանագրին։

Հայաստանի պետական իշխանութիւնը, Դեկտեմբեր 3ի առաւօտեան վաղ ժամերուն, երբ Ալ. Խատիսեան կը ստորագրէր Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը, արդէն փոխանցուած էր խորհրդայիններուն, որոնք Քեմալի ազգայնական շարժման հետ ռազմավարական մեծ գործարքի մէջ էին՝ Անգլիոյ եւ ֆրանսայի ազդեցութեան գօտիները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սահմանափակելու ռազմավարական հաշուարկներով։

Աւելի՛ն, Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը իբրեւ պատերազմական պարտութեան պայմաններու մէջ պարտադրուած եւ այլեւս իշխանութենէ հեռացած կառավարութեան մը կողմէ ստորագրուած անձնատուութեան քայլ մերժելու փոխարէն, խորհրդայինները փութացին Մարտ 1921ին Մոսկուայի մէջ աւելի խայտառակ պայմանագիր մը ստորագրելու քեմալականներուն հետ։ Խորհրդայինները այդպիսով փորձեցին դիմագրաւել մինչ այդ՝ Փետրուար 18ին բռնկած հայ ժողովուրդին ապստամբութիւնը պոլշեւիկեան նորահաստատ բռնատիրութեան դէմ, որպէսզի կարենան վերահաստատել իրենց տիրապետութիւնը Հայաստանի վրայ։

Խորհրդայինները եւ քեմալականները Մոսկուայի դաշնագրով ալ չբաւարարուեցան եւ Հոկտեմբեր 1921ին, ի նպաստ թրքական կողմին Մոսկուայի մէջ կատարուած զիջումները ամրագրելով, Խորհրդային Հայաստանի իրենց դրածոյ իշխանաւորներուն ստիպեցին ստորագրութիւնը Կարսի տխրահռչակ Դաշնագրին՝ անդառնալիօրէն կոտորակելով եւ 30 հազար քիլոմեթրով պետութեան մը վերածելով նորանկախ Հայաստանը։

Պատմական աղիտալի իրադարձութեանց ա՛յս խորապատկերին մէջ կը տեղաւորուի ճգնաժամի եւ խայտառակ պարտութեան այն Պահը, որ ստեղծուեցաւ 1920 աշնան ամիսներէն սկսեալ Հայաստանի մէջ եւ Դեկտեմբեր 3ին յանգեցաւ Ալեքսանդրապոլի պարտութեան դաշնագրին ստորագրութեան։

Խորհրդահայ 70ամեայ խեղաթիւրումներէ ետք այսօր արդէն ոչ ոք կþուրանայ, որ Խորհրդային Ռուսաստանը ինքնահաստատման իր հարցերը լուծելու համար, 1920ականներուն, ըստ կամս վարուեցաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ճակատագրին հետ՝ քեմալականները դարպասելու եւ սիրաշահելու սոսկական խաղաթուղթի մը վերածելով Հայաստանն ու հայոց ազգային անկախ պետականութիւնը.-

Հայ իրականութեան մէջ ազգային, քաղաքական թէ կուսակցական ոչ մէկ արմատ ունեցող պոլշեւիկները, Կարմիր համազգեստ հագած թաթար-ազերի հայասպաններուն ապաւինած, ուզեցին «աշխատաւորական յեղափոխութեան» մեծ փորձադաշտի վերածել սուգի եւ սովի հայրենիք Հայաստանը. իսկ հայ ազգային-ազատագրական շարժման տասնամեակներու պայքարով անկախ Հայաստան կերտած հայ քաղաքական ուժերը, Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ, կենաց-մահու կռիւ մղելէ եւ թրքական սալին ու ռուսական մուրճին միջեւ ճզմուելով պարտուելէ ետք, ի զուր փորձեցին, չարեաց փոքրագոյնին՝ ռուսական կողմին փարելով, կարելի առաւելագոյնը փրկել հայ ժողովուրդին յետ-եղեռնեան բեկորներուն ազգային-պետական վերապրումի կռուաններէն...

93 տարիներ անցած են Ալեքսանդրապոլի Դաշնագրին ստորագրութենէն ասդին. աշխարհով մէկ դարակազմիկ փոփոխութիւններ արձանագրուած են եւ առնուազն երկու աշխարհակարգէ անցած է ողջ մարդկութիւնը. բայց հայաստանեան կողմն աշխարհի, Թուրքիոյ ցեղասպանական ծանր ժառանգութեան ճնշման տակ, տակաւին կը շարունակուի յաճախանքը Ալեքսանդրապոլի Դաշնագրի ստորագրութեան։

Թուրքիան այսօր ալ կը շարունակէ իր անիրաւ կամքը պարտադրել Հայաստանի, իսկ իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, միշտ Թուրքիան սիրաշահելու ռուսական քաղաքականութեան ճնշման տակ, այսօր եւս կը դիմագրաւէ թրքական նախապայմաններուն անձնատուր դառնալու դաժան ճնշումը։

Պատահական չէ, որ օրին Մուսթաֆա Քեմալ, արժեւորումը կատարելով Ալեքսանդրապոլի Դաշնագրին եւ անոր հետեւող Մոսկուայի ու Կարսի Դաշնագիրներուն, կը յոխորտար, թէ Հայաստանը եղաւ այն առաջին պետութիւնը, որ իրաւական ճանաչում շնորհեց Քեմալական Թուրքիոյ՝ անոր հետ միջազգային պայմանագիր ստորագրելով։

Ի վերջոյ այսօր ալ, Էրտօղանները յոխորտալու տեղ ունին, երբ Հայաստանին պարտադրուած թրքական շրջափակումը վերցնելու համար, հայ ժողովուրդի վաղուան սերունդներուն հաշւոյն պատմական զիջումներ կը պարտադրեն վերանկախացեալ Հայաստանի իշխանութիւններուն...

Մանաւանդ որ այդ ճնշումները կը բանեցնեն մեծապետական ուժերու օրհնութեամբ՝ վերանկախացեալ Հայաստանի իշխանութիւններուն պարտադրելով անցեալը սոսկ յիշել եւ բնականոն յարաբերութեանց ու հաշտութեան նոր էջ մը բանալ ցեղասպան թրքական պետութեան հետ։

 Ն.