Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան բախտորոշ եւ վիճայարոյց թուականներու շարքին իր կարեւոր տեղը ունի 2 Դեկտեմբեր 1920ը, երբ 28 Մայիս 1918ին հաստատուած Ազատ ու Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան օրինական կառավարութիւնը, քեմալական թուրքերու եւ պոլշեւիկ ռուսներու միացեալ գրոհին տակ իյնալով, պարտուելով եւ չարեաց փոքրագոյնը ընտրելով, ստիպուեցաւ Լենինի խորհրդայիններուն փոխանցել մեր երկրին իշխանութիւնը։

Խորհրդահայ պատմագրութիւնը, ամբողջ եօթանասուն տարի, պետական ամէն միջոց գործածելով աշխատեցաւ իր ուզած մեկնաբանութիւնը պարտադրել հայ ժողովուրդի ճակատագիրը ձեւաւորած 1920ի տարեվերջի ծանրակշիռ իրադարձութիւններուն։

Խորհրդային քարոզչական մեքենան տասնամեակներով արհամարհեց ու նենգափոխեց պատմական փաստերը եւ երբեք չուզեց խոստովանիլ, որ Լենին ու Քեմալ գաղտնի համաձայնութեամբ, Հայաստանի վրայ արշաւող իրենց զօրքերով, երկու կրակի մէջ առին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ճզմեցին անոր անկախութիւնը՝ ստիպելով մեր ժողովուրդին կամքը արտայայտող դաշնակցական կառավարութեան, որ իշխանութիւնը յանձնէ Լենիններու նշանակած «Յեղափոխական Կոմիտէ»ին (Յեղկոմին)։

Աւելի՛ն. Խորհրդային Հայաստանի մէջ կազմաւորուած երեք սերունդներ հնարաւորութիւնը չունեցան սորվելու եւ գիտնալու, որ ոչ միայն Հայաստանի անկախութեան կործանման մէջ ծանրագոյն պատասխանատուութիւն ունեցաւ թուրքեւխորհրդային դաւադրութիւնը, այլեւ ճշմարտութեան հետ որեւէ կապ չունի խորհրդայիններու շինած այն պատմագրութիւնը, թէ իբր 29 Նոյեմբեր1920ին Հայաստանի մէջ պատահած է «բանուորագիւղացիական յեղափոխութիւն», որ վար առած է եղեր օրուան «դաշնակների կառավարութիւն»ը եւ հաստատած է… խորհրդային իշխանութիւն։

Պատմական տուեալները եւ փաստերը կը վկայեն տարբեր ճշմարտութեան մասին։

Իրականութիւնը այն է, որ Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան կործանումը խորհրդանշող տխրահռչակ թուականներու շարքին գլխաւոր օղակն է 29 Նոյեմբեր 1920ը։

1920 թուականի ա՛յդ օրը, Խորհրդային Ռուսաստանի Կարմիր Բանակը գրաւեց Հայաստանի հիւսիսային դարպասներէն Իջեւանը եւ յատկապէս թաթար, ազերի եւ թուրք պոլշեւիկներէ բաղկացած «Հայաստանի Յեղկոմ»ին անունով յայտարարեց Հայաստանի խորհրդայնացումը…

Փաստօրէն երկարատեւ ու անյաջող բազում գրոհներէ ետք է, որ Կարմիրները ի վերջոյ կրցան Իջեւան մտնել՝ օգտուելով Հայոց Բանակի ընկրկումէն, որ այդ օրերուն կենաց-մահու կռիւ կը մղէր Հայաստան ներխուժած քեմալական զօրքերուն դէմ։

Բայց Կարմիր բանակի Իջեւան մուտքը ինքնին բաւարար չէր, որպէսզի հայոց բանակը վար դնէր իր զէնքերը։ Ընդհակառակն՝ հայկական զօրքերը կենաց-մահու կռիւ կը մղէին բոլոր ճակատներու վրայ։ Նոյեմբեր 29ին խօսքն անգամ չկար Հայաստանի խորհրդայնացման մասին։ Այդ օրերուն Երեւան առաքուած եւ Յունիս 1920էն ի վեր հայեւխորհրդային բանակցութիւններուն Լենինը ներկայացնող բանագնացը՝ Լեգրան միայն Դեկտեմբեր 1ին, իր կառավարութեան անունով, վերջնագիր ներկայացուց Սիմոն Վրացեանի կառավարութեան, որպէսզի իշխանութիւնը յանձնէր խորհրդայիններուն…

Այդ հիման վրայ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետը պիտի գրէր հետագային.- Հայաստանի անկախութիւնը եւ ազգային պետականութիւնը ճզմուեցան «թրքական սալին եւ ռուսական մուրճին միջեւ»։

Այդպէ՛ս, 93 տարի առաջ, 2 Դեկտեմբեր 1920ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ստիպուեցաւ Խորհրդային Ռուսաստանի հետ ստորագրելու մեր հայրենիքի իշխանութիւնը պոլշեւիկներուն փոխանցող ծանրագոյն պայմանագիրը։

Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեամբ գործող Հ.Հ. կառավարութեան կողմէ պատմական այդ փաստաթուղթը ստորագրեցին պաշտպանութեան նախարար Դրօ եւ ելեւմտական նախարար Համբարձում Տէրտէրեան, իսկ Խորհրդային Ռուսաստանի կողմէ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Ռ.Ս.Ֆ.Ս.Հ. լիազօր ներկայացուցիչ Պորիս Լէգրան։

Պայմանագիրը կը բաղկանար 8 կէտերէ։

Առաջինով՝ Հայաստանը կը յայտարարուէր «անկախ եւ սոցիալիստական Խորհրդային հանրապետութիւն»։

Երկրորդով՝ Հայաստանի բովանդակ իշխանութիւնը կը փոխանցուէր նոր կազմուող «ժամանակաւոր Ռազմա-Յեղափոխական Կոմիտէ»ին։

Երրորդով կը ճշդուէին Հայաստանի սահմանները, որոնք կը ներառնէին մինչեւ Սեպտեմբեր 1920ի թրքական արշաւանքը Հայաստանի Հանրապետութեան մաս կազմող անխտիր բոլոր տարածքները։

Չորրորդ եւ հինգերորդ կէտերով կ'որոշուէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը եւ Դաշնակցութեան թէ ընկերվարական միւս կուսակցութեանց անդամները, մինչեւ պայմանագրի ստորագրութիւնը իրենց ունեցած գործունէութեան եւ քաղաքական կեցուածքներուն համար, որեւէ հալածանքի պիտի չենթարկուէին։

Վեցերորդով կը ճշդուէր կազմը «Ռազմա-Յեղափոխական Կոմիտէ»ին, որ պիտի բաղկանար 7 անդամէ, 5ը՝ Կոմունիստական կուսակցութենէն եւ 2ը՝ «ձախ դաշնակցականների խմբակ»ից։

Եօթներորդով Խորհրդային Ռուսաստանը յանձն կ'առնէր զինուորական անհրաժեշտ ուժերը տրամադրել «Հայաստանի Սոցիալիստական Խորհրդային Հանրապետութեան պաշտպանութեան համար»։

Իսկ վերջին՝ ութերորդ կէտով կը յստակացուէր, որ մինչեւ կէս գիշեր գործադրութեան պէտք է դրուէր համաձայնագիրը, Հ.Հ. կառավարութիւնը պէտք է հեռանար իշխանութենէ եւ, մինչեւ Ռազմա-Յեղափոխական Կոմիտէի Երեւան ժամանումը, իշխանութիւնը պէտք է յանձնուէր բանակի հրամանատարութեան՝ Դրոյի գլխաւորութեամբ, որուն կողքին կոմիսարի դեր պիտի ստանձնէր Խորհրդային Ռուսաստանի ներկայացուցիչներէն «ընկեր Սիլին»։ Որքան պատմական իր անդրադարձներով ծանրակշիռ, այնքան քաղաքական առումով ուսանելի շատ դասեր պարունակող քայլ էր Հայաստանի պետական ղեկին այդպէ՛ս փոխանցումը խորհրդայիններուն։

Նախ՝ ճնշման ու պարտադրանքի տակ գոյացաւ այդ համաձայնութիւնը։ Կարմիր բանակը արդէն՝ Նոյեմբեր 29ին ներխուժած էր Հայաստան, Իջեւանը գրաւելով։ Իսկ Քեազիմ Քարապէքիրի հրամանատարութեամբ Հայաստանի վրայ արշաւող թրքական բանակը հասած էր Ալեքսանդրապոլ, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Ալ. Խատիսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պատերազմը դադրեցնելու բանակցութիւններ կը վարէր։ Փաստօրէն Հայաստան յայտնուած էր թրքական սալի եւ ռուսական մուրճի միջեւ։ Հետեւաբար, «չարեաց փոքրագոյնը» ընտրելու քայլ էր, ըստ ամենայնի, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը ընդունող պայմանագրին ստորագրութիւնը։ Հայաստան պարզապէս անձնատուր եղաւ խորհրդայիններուն՝ երկու կրակի մէջ յայտնուած ըլլալով։

Պատահածը պոլշեւիկեան ներքին յեղաշրջում չէր, այլ փաստացի գրաւում։

Երկրորդ՝ պայմանագրին ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 2ի ցերեկը եւ նոյն օրուան կէս-գիշերին գործադրութեան դրուեցաւ կողմերուն միջեւ կայացած համաձայնութիւնը։

Պայմանագրի ստորագրութեան եւ գործադրութեան օրն ու ժամը կարեւոր նշանակութիւն ունեցան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան համար։ Ժամերու տարբերութեամբ, Դեկտեմբեր 3ի վաղ առաւօտեան՝ լուսցող գիշերուան ժամը 3ին, Ալեքսանդրապոլի մէջ կնքուեցաւ երկրորդ պայմանագիր մը, այս անգամ քեմալական Թուրքիոյ եւ արդէն իշխանութիւնը խորհրդայիններուն փոխանցած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ։

Հետեւաբար, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իրաւականօրէն եւ իրողապէս դադրած էր գոյութիւն ունենալէ, երբ իր անունով Ալ. Խատիսեան ստորագրեց Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը, որ Հայաստանէն հողային մեծ զիջումներ կը կատարէր Թուրքիոյ՝ ձեռքբերելու համար թրքական յառաջխաղացքին դադրեցումը։

Երկու առումներով ալ, Խորհրդային Ռուսաստանը չյարգեց իր իսկ կողմէ պարտադրուած պայմանագիրը։

Ռազմա-Յեղափոխական Կոմիտէն, հազիւ Երեւան հասած, անմիջապէս անհաշտ կռիւ յայտարարեց ոչ միայն Դաշնակցութեան եւ միւս կուսակցութեանց, այլեւ՝ նոյնինքն հայոց բանակի սպայակազմին դէմ։ Զօր. Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ՝ բանակի հրամանատարակազմը աքսորուեցաւ Ռուսաստանի խորերը։ Իսկ Երեւանի բանտերը լեցուեցան Դաշնակցութեան եւ միւս կուսակցութեանց երեւելի անդամներով։

Իսկ արտաքին քաղաքականութեան ճակատին վրայ, խորհրդայինները ոչ միայն անվաւեր չյայտարարեցին Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը, այլեւ քեմալական Թուրքիոյ հետ աւելի ծանր պայմաններով համաձայնութիւններ կնքեցին նախ Մոսկուայի, ապա՝ Կարսի դաշնագիրներով, յաջորդաբար Մարտ եւ Հոկտեմբեր 1921ին։

Փաստօրէն 2 Դեկտեմբեր 1920ին Հայաստանի Հանրապետութեան դաշնակցական կառավարութեան պարտադրուած պայմանագիրը պարզապէս սկիզբը եղաւ Հայ Դատը թաղելու այն քաղաքականութեան, որուն խորհրդայինները ձեռնարկեցին 1920ին՝ Հայաստանի անկախութեան ու ազգային պետականութեան կործանումին ձեռնամուխ ըլլալով, Քեմալական Թուրքիոյ հետ զինակցաբար։

Ն.