21 Յունուարի այս օրը, 1872ին, 21 տարիքը նոր թեւակոխած, բայց արդէն թոքախտէ հիւծած՝ մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ վաղամեռիկ բանաստեղծի հանճարեղ բոցավառումը խորհրդանշող Պետրոս Դուրեան, որ իր երգերով գրաւեց սիրտը մեր ժողովուրդին եւ արժանաւորապէս բազմեցաւ հայ գրականութեան անմահ մեծերու գահին։

Յունուար 20ի օրը կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան մայրական շունչն ու կանացի հեղինակութիւնը ինքնատիպ գրաւչութեամբ մարմնաւորած տաղանդաւոր բանաստեղծ ու խիզախ մտաւորական Սիլվա Կապուտիկեանի։

«Պարզ էր, որ յեղափոխութեան յենարանը պէտք է փնտռել ո՛չ Կովկասում եւ ոչ էլ արտասահմանում, ուր կարող են շատ շուտով ոգեւորուել եւ նոյն արագութեամբ էլ սառչել եւ անտարբերութեան մէջ ընկղմուել, այլ այնտեղ, հեռո՜ւ, հայ ժողովուրդի տանջուող սրտի մէջ, եւ որ յեղափոխութիւնը կանգ չի առնի ոչ մի խորտակիչ ուժի առաջ, քանի գոյութիւն ունեն կեանքի տանջանքները,- նա միայն կը փոխի իր ձեւը, յարմարուելով նոր պայմաններին, եւ երբեք ի էութիւնը»։

16 Յունուարի այս օրը մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան 120րդ տարեդարձը հայ գրականութեան անմահ արժէքներէն Մատթէոս Զարիֆեանի, որ թէեւ մարմնապէս կարճատեւ կեանք մը ունեցաւ, այդուհանդերձ՝ իր ինքնատիպ քնարերգութեամբ եւ յոյզերու ծով աշխարհով յաւերժութեան արժանացաւ։

Յունուար 15ի այս օրը, 113 տարի առաջ, 71 տարեկանին, թոքախտի հետեւանքով վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն Մատթէոս Մամուրեան։

Բազմաշնորհ ծնունդ էր Մ. Մամուրեան.- Ներհուն մտաւորական, մանկավարժ, վիպագիր, հանրային գործիչ, անխոնջ թարգմանիչ եւ, ամէն բանէ առաջ ու վեր, տաղանդաւոր հրապարակագիր։