Դեկտեմբերի այս օրերուն, 108 տարի առաջ, Անդըրկովկասի ատենի մայրաքաղաք Թիֆլիսը թատերաբեմ դարձաւ արիւնալի ընդհարումներու՝ իր բազմազգեան բնակչութեան հայ եւ թաթար-թուրք հատուածներուն միջեւ։
1905ի գարնան համառուսական առաջին յեղափոխութեան բռնկումին եւ ծաւալումին հետ, Անդրկովկասը իր կարգին արագընթաց քայլերով ինկած էր մէկ կողմէ յեղափոխական շարժումներու հակացարական ըմբոստացումներուն, իսկ միւս կողմէ ցարական իշխանութեանց հովանաւորութիւնը վայելող հակայեղափոխական ուժերու գործած բրտութեանց ոլորապտոյտին մէջ։
Ժողովրդավարական ազատութեանց եւ աշխատաւորական իրաւունքներու ձեռքբերման պահանջով՝ գործադուլներու եւ ցոյցերու աստիճանաբար ահագնացող ալիքը ամէնուր ոտքի հանած էր ռուս թէ Ցարական Կայսրութեան ենթակայ տարբեր ազգութեանց յեղափոխական ուժերն ու ժողովրդային շարժումները։
Հակադարձաբար, Ցարիզմի հաստատած ոստիկանական պետութիւնը, լծակից ունենալով պահպանողական եւ աջակողմեան ծայրայեղականները, արեան մէջ խեղդել կը փորձէր յեղափոխական շարժումներու համատարած ըմբոստացումները։
Յեղափոխական եւ հակայեղափոխական ուժերու այդ ընդհանուր առճակատումը, Անդրկովկասի պարագային, ունեցաւ նաեւ առանձնայատուկ դրսեւորում։ Ցարական իշխանութեանց հրահրումով՝ շարժման մէջ դրուեցաւ սեւ ուրուականը ազգամիջեան հակամարտութեանց։
Բազմազգեան համակեցութեան օրրան նկատուած Անդրկովկասը՝ իր ռուս, վրացի, հայ եւ թուրք-թաթար ազգաբնակչութեան խայտաբղէտ խառնարանով, յանկարծ անդին անցաւ յեղափոխական եւ հակայեղափոխական ճամբարներու առճակատումէն, թատերաբեմ դառնալով ընդհանրապէս ազգամիջեան լարուածութեան եւ յատկապէս հայ-թաթարական արիւնալի ընդհարումներու։
Ռուսն ու վրացին, հայն ու թաթարը բնականաբար ունէին քաղաքակրթական-կրօնական եւ ազգային-հասարակական զարգացման մակարդակի լուրջ տարբերութիւններ, որոնք Անդրկովկասը վերածած էին ազգամիջեան խուլ մրցապայքարի սաղմերով եռեւեփող զգայուն միջավայրի մը։
Անդրկովկասի կառավարման ղեկին տիրանալու եւ Բագուի նաւթարդիւնաբերական հարուստ պաշարները հակակշռելու ազգամիջեան մրցապայքարը խորացած էր արդէն, երբ համառուսական առաջին յեղափոխութիւնը պայթեցաւ։ Յեղափոխականներուն եւ Ցարի կողմնակից հակայեղափոխականներուն միջեւ քաղաքացիական կռուի կայծերը արագօրէն տարածուեցան նաեւ ու մանաւա՛նդ Անդրկովկասի մէջ, ուր ազգամիջեան լարուածութեան վառօդի տակառը յանկարծակի կրակ առաւ ու, ահաւոր պայթումով, հրահրեց հայ-թաթարական արիւնալի ընդհարումները։
Սոսկ բնական ու տարերային բռնկումի հետեւանք չեղաւ հայեւթուրք լարուածութեան վառօդի տակառին պայթումը։ Հայեւթուրք ընդհարումները նաեւ հրահրուեցան եւ արուեստականօրէն քաջալերուեցան թէ՛ ցարական իշխանութեանց, թէ՛ սուլթանի կառավարութեան կողմէ։
Ցարական իշխանութիւնները թուրք-թաթար խուժանին զինեցին եւ հայութեան դէմ արձակեցին՝ հակացարական պայքարի դաշտ նետուած յեղափոխական ուժերու բազմազգեան գործակցութիւնը պառակտելու եւ ընկճելու իրենց հաշիւներով։
Իսկ համիտեան բռնակալութիւնը, ցարական Ռուսաստանի ներքին խռովութեանց ընձեռած «յարմար պահը» օգտագործեց, Անդրկովկասի տարածքին տեղաւորուելու եւ Բագուի հարստութեանց շահագործման մէջ կարկանդակի իր բաժինը ապահովելու ռազմավարութեամբ։
Եւ այդպէ՛ս, 1905ի գարնան բռնկեցան հայ-թաթարական արիւնալի ընդհարումները, որոնք Բագուէն մինչեւ Նախիջեւան, անցնելով Գանձակէն ու Երեւանէն, պարբերական բորբոքումներով եւ զինադուլի խախուտ համաձայնութիւններով՝ շարունակուեցան ու ընդլայնեցին մահասփիւռ բախումներու իրենց աշխարհագրութեան ծիրը։
Հոկտեմբեր 1905ին, մասնակի բախումներով, նաեւ Թիֆլիսի մէջ բռնկեցան հայ-թաթարական ընդհարումները, որոնք սակայն անմիջապէս հակակշռուեցան յեղափոխական շարժումներու բազմազգ ղեկավարութեանց ջանքով։ Առաջին այդ փուլին, կարելի եղաւ Անդրկովկասի մայրաքաղաքէն առժամաբար հեռացնել ազգամիջեան բուռն լարուածութեան պայթումը։
Բայց ժամանակը եկաւ ցոյց տալու, որ նոյնինքն Թիֆլիսի իր նստավայրէն Ցարի փոխարքային հրահրած հայ-թաթարական հակամարտութիւնը ի վերջոյ ամբողջ ուժգնութեամբ պիտի պայթէր նաեւ Անդըր- կովկասի մայրաքաղաքին մէջ։
Դեկտեմբերի 6ին, Թիֆլիսի կեդրոնը, թաթար-թուրք ամբոխը յարձակումներ գործեց հայերու վրայ եւ տասնեակներով անպաշտպան զոհեր խլեց։ Բայց հակահայ այդ խժդժութիւնները անպատասխան չմնացին։ Ցարական իշխանութեանց գաղտնի հովանաւորութիւնը վայելող թաթար-թուրք ամբոխի ղեկավարութիւնը անմիջապէս դէմ յանդիման գտնուեցաւ Դաշնակցութեան որոշումով՝ Նիկոլ Դումանի եւ Համազասպի ղեկավարութեամբ կազմուած հայկական ինքնապաշտպանութեան հարուածող խումբերուն, որոնք 9 Դեկտեմբերին պատժական պատասխան քայլերու դիմեցին։
Այդպէ՛ս, օրեր շարունակ, Թիֆլիսը թատերաբեմ դարձաւ բուռն ընդհարումներու։
Մինչեւ նոր տարուան՝ 1906ի Յունուար ամսուան աւարտը, Անդրկովկասի մայրաքաղաքը անդորր չունեցաւ։ Հակացարական եւ հակայեղափոխական ուժերու առճակատման բորբոքումներուն կողքին, թափ առին հայեթուրք արիւնալի բախումները՝ քաղաքական եւ գաղափարական դժուարին ընտրանքներու առջեւ կանգնեցնելով ռուս թէ վրացի, հայ թէ թուրք¬թաթար բոլոր կուսակցութիւնները։ Եւրոպան եւս ոտքով-գլխով ինկաւ ոլորապտոյտին մէջ՝ նաւթի պաշարներով հարուստ տարածաշրջանէն ներս ազդեցութեան գօտիներ հաստատելու բուռն մրցապայքար մը ծաւալելով։
1905ի հայ-թաթարական ընդհարումներէն հայ քաղաքական միտքը քաղեց ծանր, բայց կարեւոր դասեր, որոնց խտացումով կատարեց անզուգական հայդուկապետը՝ Նիկոլ Դուման ինք, երբ գրեց.-
«Ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է։ Եւ մի ազգ - եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել - պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քա- ղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։
Ն.