(Մահուան 10ամեակին առիթով)

Նոյեմբեր 12ի այս օրը իր ծննդեան 86րդ տարեդարձը պիտի տօնէր հայ լուսանկարչական արուեստի մեր ժամանակներու տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն Վարուժան Սէթեան, եթէ անողոք հիւանդութիւնը, տասը տարի առաջ՝ 26 Սեպտեմբեր 2003ին, մեր կեանքէն առյաւէտ չհեռացնէր Լիբանանի հայութեան արժանաւոր այս տաղանդը։

38 տարի առաջ, Նոյեմբեր 11ի այս օրը, Լիբանանի քաղաքացիական 15ամեայ պատերազմի առաջին բռնկումներու փուլին, Պէյրութի Ժեհթաուի հայահոծ թաղամասին մէջ, երկարամեայ հիւանդութեամբ անկողին գամուած ու հիւծած, հայ կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ մեր ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն Կարօ Գէորգեան։

Յատկապէս մեր ժամանակներուն, երբ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի չորս ծագերը հայ ժողովուրդը միասնաբար լարած է իր ուժերը, որպէսզի միջազգային քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան այժմէական ու հրատապ հարցերու օրակարգին վրայ արժանի տեղը ապահովէ Հայկական Հարցի արդար լուծման, պատմութեան խորերէն եկող Իսրայէլ Օրիի ազգային-քաղաքական աւանդը ուսանելի շատ դասեր կը փոխանցէ Հայութեան պահանջատիրական պայքարին համար։

Քսաներորդ դարասկիզբին հայ ժողովուրդը ապրեցաւ մշակութային իր երկունքին ամէնէն բեղմնաւոր շրջաններէն մէկը, որու նուաճումին մէջ իրենց կարեւոր ներդրումն ու անկորնչելի աւանդը ունեցան ատենի համաշխարհային մշակոյթին բացուած եւ սեփական ժողովուրդին գեղարուեստական ճաշակը յղկած ու բարձրացուցած մեծարժէք մեր գրականագէտներն ու արուեստաբանները։

99 տարի առաջ, 5 Նոյեմբերի այս օրը, Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարեցին Օսմանեան Կայսրութեան դէմ, որուն իթթիհատական կառավարութիւնը արդէն նետուած էր Առաջին Աշխարհամարտին ոլորապտոյտին մէջ՝ Գերմանիոյ եւ անոր զինակից Կեդրոնի Ուժերուն կողքին դիրք բռնելով։