80 տարի առաջ, Փետրուար 11ի այս օրը, Մարսէյլի մէջ «Համազգային»ի կողմէ կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութեան մը ընթացքին, աւելի քան երկու հազար հանդիսականներու ներկայութեան, օրուան պատգամաբերը բեմին վրայ չկրցաւ աւարտել իր խօսքը.- Ուղեղի կաթուածը յաւիտենական լռութեան մատնեց Աւետիս Ահարոնեանին՝ Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան մեծ երգիչին։

Հայ հոգեւորականութիւնը բախտորոշ ազդեցութիւն ունեցած է մեր ժողովուրդի քաղաքակրթական զարգացման հազարամեակներու երթին վրայ, որովհետեւ Հայաստանի ու հայութեան բաժին հանուած պետականազուրկ կեանքի բերմամբ, երկար դարեր, ան կոչուած է ոչ միայն հոգեմտաւոր, այլեւ՝ ազգային-քաղաքական առաջնորդութեան։

99 տարի առաջ, Փետրուար 8ի օրը, Օսմանեան Կայսրութեան Երիտթրքական կառավարութեան պարագուխները գաղտնի ժողովի հրաւիրեցին իրենց կուսակցութեան կեդրոնական մարմինը՝ հայ ժողովուրդը պետական միջոցներով բնաջնջելու ցեղասպանական իրենց ծրագիրը գործադրութեան յանձնելու պատմական ծանրագոյն որոշումը կայացնելու համար։
Երիտթուրք կառավարութեան եռագլուխ ղեկավարութիւնը կազմող Մեհմետ Թալէաթ (վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար), Իսմայիլ Էնվեր

Փետրուար 6ի այս օրը, 95 տարի առաջ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, պաշտօնական ու հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարին, որ պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի հետագայ հոլովոյթին հունաւորման մէջ։

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման դառն ու տխուր էջերը կը կազմեն անոնք, որոնք կը վերաբերին հայ կեանքի «ներքին ցեցեր»ու վնասակար գործունէութեան եւ զանոնք մաքրագործելու յեղափոխական անհրաժեշտութեան։
Վանի մէջ 5 Փետրուար 1908ին դաւաճան Դաւոյի կատարած մատնութիւնը ծանրագոյններէն մէկն է այդ էջերուն։