Փետրուար 4ի այս օրը, 1952ին, հայ ժողովուրդը կորսնցուց մեծ պատմաբան, բանասէր եւ աղբիւրագէտ իր զաւակը՝ ակադեմիկոս փրոֆ. Յակոբ Համազասպի Մանանդեանը։
Հայ ժողովուրդի արդի ժամանակներու երկու «դարաշրջաններ»ն ալ ապրեցաւ Երեւանի մէջ առյաւէտ հանգչած Հայ մտքի այս անմահ հսկան։

Երէկ՝ Փետրուար 2ի օրը, ծննդեան 129րդ տարեդարձն էր մեծանուն Կոստան Զարեանի, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ հայ գրականութեան ոգեղէն ու վսեմ արժէքներու խուզարկու եւ պատգամաբեր՝ արուեստագէտ գրողն ու իրա՛ւ մտաւորականը։

49 տարի առաջ, Յունուար 31ի այս օրը, Փարիզի մէջ մահացաւ սփիւռքահայ գրականութեան տաղանդաւոր դէմքերէն բանաստեղծ Ահարոն Տատուրեան։

Յունուար 30ին լոյս աշխարհ եկած է հայ ժողովուրդի Մեծ Անմահներէն Մովսէս Խորենացին, որ իր բանաստեղծական վարակիչ շունչով եւ իմացական¬իմաստասիրական լայն հորիզոնով՝ եղաւ հայոց Պատմահայրը եւ թեւ ու թռիչք տուաւ հայ Ազգային Ոգիին։
Եթէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մեր ժողովուրդին տուաւ իր Ազգային Եկեղեցին ու քրիստոնէական հաւատքը, եթէ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ստեղծեց հայոց գիրերը

Այսօր կ'ոգեկոչենք մահուան 95ամեակը հայ ժողովուրդի ամէնէն պայծառ դէմքերէն Արամ Մանուկեանի, որուն անունին իրաւամբ կապուած են ներկայ Հայաստանի անկախութեան նուաճումն ու հայոց պետականութեան վերականգնումը։