Մակար Եկմալեան (1856-1905). Հայոց ազգային-ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութեան արդիականացման ջահակիրը
- Details
- Category: Յուշատետր
Մարտ 6ի այս օրը, 109 տարի առաջ, հազիւ 49 տարիքը բոլորած՝ մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ հայ երաժշտութեան մեծարժէք հսկաներէն Մակար Եկմալեան։
Եկմալեան կը հանդիսանայ հայ ազգային երաժշտութեան ինքնուրոյն ոճին եւ բարձրարուեստ՝ արհեստավարժ մշակման ու կատարելագործման շարժումին անմահ յառաջապահներէն մէկը՝ Տիգրան Չուխաճեանի եւ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի հետ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Մարտ 5ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաներէն Թէոդիկի (Թէոտորոս Գրիգորի Լէպճինճեան), որ ապրեցաւ եւ գործեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին՝ դառնալով արժանահաւատ վկան հայոց նահատակութեան, յարութեան եւ վերապրումին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Հայաստանի անկախութեան ամրապնդման եւ հայոց ազգային պետականութեան հիմնաւորման պատմակերտ գործին մէջ իր անկորնչելի ներդրումն ու մեծարժէք աւանդը ունի հայ ժողովուրդի ճարտարապետական հանճարին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Ալեքսանդր Թամանեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք Մարտ 4ին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Փետրուարի այս օրերուն, 26 տարի առաջ, աշխարհի չորս ծագերէն միլիոնաւոր մարդիկ սահմըռկած աչքերով հետեւեցան ազգային «մաքրազտման» քստմնելի ոճրագործութեան մը, որ ժամանակակից պատմութեան սեւ ու ամօթալի էջերէն մէկը դարձաւ՝ «Սումկայիթի փոկրոմը» անունով։
- Details
- Category: Յուշատետր
Փետրուար 25էն 26 լուսցող գիշերը, 1992ին, Ստեփանակերտէն չորս մղոն դէպի հիւսիս գտնուող Խոջալուի մէջ, արձանագրուեցաւ ռազմաքաղաքական մեծ նշանակութեամբ յաղթանակ մը, որ դարձակէտ կազմեց Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարի հերոսական տարեգրութեան մէջ։