- Details
- Category: Յուշատետր
Փետրուար 25ի այս օրը, 149 տարի առաջ, Արեւմտահայաստանի Շապին Գարահիսար գիւղաքաղաքին մէջ, արհեստաւոր Թորոս Օզանեանի յարկին տակ, լոյս աշխարհ եկաւ Անդրանիկ անունով հայ մանուկ մը, որ կոչուած էր դառնալու հայ ժողովուրդին մռայլ երկնակամարը լուսաւորող եւ ջերմացնող անմար աստղ մը։
- Details
- Category: Յուշատետր
այ բանասէրներու, ազգագրագէտներու, հնագէտներու եւ հայագէտներու ամբողջ սերունդ մը, 19րդ դարու կէսերէն սկսեալ, իր անփոխարինելի ներդրումը ունեցաւ Հայաստան Աշխարհի եւ Հայկական Բարձրաւանդակի ազգային արմատները հետազօտելու, յայտնաբերելու, գիտականօրէն ուսումնասիրելու եւ, իբրեւ քաղաքակրթական անկորնչելի հարստութիւն, հայոց սերունդներուն ժառանգ կտակելու սրբազան գործին մէջ։
- Details
- Category: Յուշատետր
21 Փետրուարին, 95 տարի առաջ, Ալեքսանդրապոլի (Կիւմրի) մէջ վախճանեցաւ բանաստեղծ, գրականագէտ եւ ուսուցիչ Վահան Մանուէլեան, որ կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայ գրականութեան 19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի ծաղկումին մէջ։
- Details
- Category: Յուշատետր
20 Փետրուարին, 105 տարի առաջ, Ալվարի (Թաւրիզ) մէջ, յանուն Պարսկական Սահմանադրական շարժման յաղթանակին, երիտասարդ իր կեանքը զոհաբերեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման եզակի դէմքերէն Մարտիրոս Չարուխճեան։
- Details
- Category: Յուշատետր
Փետրուար 19ին, 83 տարի առաջ, Թիֆլիսի մէջ իր բախտին լքուած, հայոց Արհաւիրքի ու Յարութեան բախտորոշ ժամանակաշրջանին վերիվայրումներուն հետեւած իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայոց նորագոյն պատմութեան անզուգական հերոսներէն զօրավար Թովմաս Նազարբէգեան։