Հայ ազգային-ազատագրական շարժման դառն ու տխուր էջերը կը կազմեն անոնք, որոնք կը վերաբերին հայ կեանքի «ներքին ցեցեր»ու վնասակար գործունէութեան եւ զանոնք մաքրագործելու յեղափոխական անհրաժեշտութեան։
Վանի մէջ 5 Փետրուար 1908ին դաւաճան Դաւոյի կատարած մատնութիւնը ծանրագոյններէն մէկն է այդ էջերուն։
Մանաւանդ որ թէ՛ Աւետիս Ահարոնեան իր «Արիւնոտ Թթխմոր» պատմուածքով, թէ՛ Մալխաս իր «Զարթօնք»ի էջերուն սպառիչ կերպով վիպականացուցած են Հայկական Ազատամարտի այդ սեւ դրուագը՝ սերունդներուն փոխանցելով ե՛ւ Դաւոյի դաւաճանութեան ամօթալի խորհուրդը, ե՛ւ 16ամեայ պատանի Տաճատ Թերլեմեզեանի (1888-1982) ձեռամբ դաւաճանին ահաբեկման ազգային-քաղաքական, այլեւ գաղափարական-բարոյական մշտանորոգ պատգամը։
Դհերցի Դաւոն (Դաւիթ) Վանի դաշնակցական կազմակերպութեան գործունեայ անդամներէն էր. Կոմսի (բժիշկ Վահան Փափազեան) եւ Արամի ղեկավարութեան օրօք՝ պատասխանատու պարտականութիւններ կատարած յեղափոխական գործիչ էր։ Բայց եկաւ պահ, երբ արատաւոր նկարագրի տէր այս գործիչը սայթաքեցաւ թէ՛ գաղափարական, թէ՛ բարոյական իմաստով։
«Իմ Յուշերը» անունով իր գործին Ա. հատորի եզրափակիչ բաժնով, Կոմս լայնօրէն անդրադարձած է ընդհանրապէս 1907ի վերջերուն եւ 1908ի սկզբնաւորութեան Վանի եւ շրջակայքի մէջ հայ յեղափոխական շարժման դիմագրաւած թրքական ճնշումներուն եւ հարուածներուն, որոնց գագաթնակէտը հանդիսացաւ երկար տարիներու ընթացքին այնքան դժուարութեամբ ու արեան գնով կուտակուած զէնքերու եւ զինամթերքի պահեստները Սուլթանի կառավարութեան մատնելու Դաւոյի դաւաճանութիւնը։
Անդրադառնալով Դաւոյի դաւաճանական քայլին՝ Կոմս կը վկայէ.-
Դաւօ սայթաքեցաւ գաղափարական առումով, երբ Վանի յեղափոխական իւրայատուկ մթնոլորտին մէջ իրեն վստահուած մարտական «գործակատար»ի հանգամանքը չարաշահեց՝ ընդհանրապէս ոչ-մարտական գործիչներուն հանդէպ, յատկապէս «եկուոր» արեւելահայ յեղափոխականներուն նկատմամբ «դրսեցիի» եւ «պարոն»ի թունաւոր տրամադրութիւններ սրսկելով իր շրջապատէն ներս։
1905ին Դաշնակցութեան կողմէ «Կովկասեան նախագիծ»ի որդեգրումը, որ Սուլթանի բռնատիրութեան դէմ պայքարին զուգահեռ կþառաջադրէր պայքար ծաւալել նաեւ Ցարի բռնապետութեան հակահայ վարքագծին եւ ընկերային կեղեքումներուն դէմ, առաջացուցած էր բուռն դժգոհութիւն եւ մինչեւ ներքին պառակտումի գացող հակադրութիւն՝ խմբապետ Միհրանի օրինակով արեւմտահայ մարտական գործիչներու մօտ։ Դաւօ անշուշտ հատեմատութեան եզր չունէր խմբապետ Միհրանի մարտական վաստակին ու հռչակին հետ, բայց իր չափով հետեւորդ մը դարձաւ Միհրանականութեան... Եւ ինչպէս որ Միհրան ինք յանգեցաւ ցարական գաղտնի սպասարկութեանց ձեռքը հակայեղափոխական գործիք դառնալու անփառունակ վախճանին, նոյնպէս եւ Դաւօ ինկաւ Սուլթանի կառավարութեան դաւաճանօրէն ծառայելու տիղմին մէջ...
Դաւօ նաեւ բարոյական առումով սայթաքեցաւ, երբ ընտանիքի հայր ըլլալով հանդերձ՝ դաշնակցական պատանի ընկերոջ մը երիտասարդ քոյրը պղծեց ու յղի ձգեց... Վանի «Աղուէսաձոր» անունով յայտնի նեղ ու կիսաւեր փողոցին վրայ, միայարկ ու հիւղակի նման համեստ տան մը մէջ կþապրէին որբ դաշնակցական պատանին եւ քոյրը։ Պատանին ամբողջ օրը կþաշխատէր Վանի շուկային մէջ, իսկ քոյրը կը զբաղէր տան հոգերով։ Դաւօ օգտուած էր պատանիին բացակայութենէն, զէնքի եւ զինամթերքի պահեստաւորման գործով իր շրջագայութեանց ընթացքին յաճախակի այցելած էր անոնց տունը։ Իսկ երբ տեղեկացած էր, որ աղջիկը յղի մնացած է՝ մերժած էր պատասխանատուութիւնը ստանձնել, ինչ որ զայրացուցած էր նաեւ աղջկան պատանի եղբօր, որ կուսակցա- կան դատ բացած էր Դաւոյի դէմ։
Տեղը չէ մանրամասն անդրադառնալու այդ ողբերգութեան ծալքերուն, բայց թէ՛ Կոմս, թէ՛ Արամ իրենց յուշերուն մէջ կը վկայեն, որ իր գործած պղծութեան բացայայտումէն առաջ իսկ, Դաւօ որոշած էր վիժումի ենթարկել աղջիկը, բայց վիժումի ծախսը հոգալու համար Արամէն յիսուն ոսկիի օժանդակութիւն ուզած էր՝ իբր թէ բանտը գտնուող իր հօր ազատ արձակումը կաշառքով յաջողցնելու համար։ Արամ եւ Վանի դաշնակցական ղեկավար մարմինը դէմ կեցած էին կաշառք տալու գաղափարին։ Իսկ երբ կատարուած պղծումը բացայայտուած էր եւ Կոմս իր մօտ կանչած ու ազդարարած էր Դաւոյին, արդէն սայթաքումի լեցուած բաժակը յորդած էր եւ Դաւօ դիմած էր Վանի ոստիկանապետին՝ Դաշնակցութեան զինապահեստներուն տեղը ցոյց տալու դաւաճանութեամբ, փոխարէնը կառավարութեան մօտ իր ընտանիքին հետ ապաստան գտնելու խնդրանքով։
Գայթակղութեան ծալքերը, դաւաճանութեան ծանրակշիռ նշանակութիւնը եւ հայոց զինապահեստներու առգրաւման հետագայ զարգացումները լիարժէք ընկալելու համար, կþարժէ ընդհանուր պատկերացում մը փոխանցել այդ ժամանակ Վանի մէջ տիրող մթնոլորտին մասին։
Վանի ամբողջ շրջանը, թէ՛ քաղաքը եւ թէ Այգեստանը, 1900ականներու սկզբնաւորութեան, կþապրէր գաղափարական ու կազմակերպական եռուն ժամանակներ։ Յատկապէս Արամի Կարսէն Վան գալով՝ Արմենականներու հետ յեղափոխական իր զարթօնքը ապրած եւ Դաշնակցութեան հետ յեղափոխական կուռ կազմակերպութեամբ օժտուած Վանը վերածուած էր Հայկական Ազատամարտի իսկական միջնաբերդի։
Ինքնապաշտպանութեան նպատակով զէնքի ապահովումը եւ Վանի մէջ կուտակուած պահեստներէն դէպի Երկրի խորերը զէնքի փոխադրութիւնը սուրբ գործ դարձած էր ոչ միայն յեղափոխականներուն, այլեւ՝ նոյնինքն ժողովուրդին համար։ Ստեղծուած էր, բնականաբար, յեղափոխական անձնուիրումի եւ ազգային պատուախնդրութեան խորհրդաւոր մթնոլորտ, ուր Դաշնակցութիւնը իր վրայ վերցուցած էր թրքական կառավարութեան պաշտօնական գործառոյթները՝ հայերու ամէն կարգի հարցերուն իւրովի լուծում տալով։ Կազմուած էր դատական իւրայատուկ կառոյց մը, որ մինչեւ հեռաւոր գիւղերը ճիւղաւորուած էր եւ յարգ ու վարկ վայելող հայերէ բաղկացած էր։ Այդ կառոյցն էր, որ ընտանեկան, տնտեսական եւ ընդհանրապէս կենցաղային ամէն տեսակ դժուարութեանց արդարացի լուծում տալու առաքելութիւնը ստանձնած էր։ Դաշնակցութեան Կ.Կոմիտէն մինչեւ իսկ «Հրաման» կոչուած պաշտօնական Յայտարարագիր մը ցրուած էր ամէնուրեք՝ արգիլելով եւ պատիժ սահմանելով բարոյական ամէն կարգի սայթաքումնե- րու, վաշխառութեան, դրամաշորթութեան եւ այլ արատաւոր երեւոյթներու վերաբերեալ։
Ահա՛ նման պայմաններու եւ մթնոլորտի մէջ պատահելով՝ Դաւոյի գործած անբարոյականութեան դէմ աղջկան եղբայրը կը պահանջէր արդար լուծում գտնել իր ընտանիքին վիճակուած ամօթի խարանին։ Դաւօ կա՛մ պէտք է ամուսնանար յղի մնացած աղջկան հետ, կա՛մ պէտք է կրէր Դաշնակցութեան «Հրաման»ով սահմանուած մահապատիժը։
Դաւօ նախընտրեց դիմել մատնութեան եւ դաւաճանութեան՝ Փետրուար 5ին։ Կառավարութիւնը «աչքի լոյս»ի պէս պահպանեց Դաւոյին, որովհետեւ Դաշնակցութեան զինապահեստներուն մասին ան բաւականաչափ տեղեկութիւններ ունէր։ Դաւոյի մատնութեամբ՝ հինգ-վեց կարեւոր զինապահեստներ բռնագրաւուեցան թուրք ոստիկաններու կողմէ, որոնց խուզարկութիւնները անձամբ կþառաջնորդէր դաւաճանը։
Ժողովուրդի աչքին Դաւօ դարձաւ մահապատիճի արժանի «ցեց» մը։ Կոյս աղջկայ պղծումէն աւելի ահաւոր եւ ծանրակշիռ նկատուեցաւ Դաւոյի կատարած մատնութիւնն ու զինապահեստներու բացայայտման դաւաճանութիւնը։ Թէեւ նոյնինքն ժողովուրդի ձեռքով զէնքի պահեստները այլուր տեղափոխուեցան եւ Դաւոյի մատնութիւնները այլեւս անզօր էին նոր պահեստանոցները յայտնագործելու, բայց արդէն ամէն սահման կտրած-անցած Դաւոյի դաւաճանութեան արատը մահապատիժով մաքրելու որոշումը տրուած էր։
Դաւոյի ահաբեկումը յանձնարարուեցաւ 16ամեայ Տաճատ Թերլեմեզեանի, որ ամիս մը ետք՝ Մարտ 10ին, յանդուգն գործողութեամբ մը, ի կատար ածեց իրեն վստահուած ազգային պարտքը.-
Մատնիչ Դաւօ օր-ցերեկով եւ ոստիկաններով շըրջապատուած՝ ահաբեկուեցաւ բանուկ փողոցի վրայ...
Բայց ահաբեկման մասին կþարժէ բանալ յուշատետրի առանձին էջ։
Որքան անցնին ժամանակները, այնքան կը բիւրեղանան թէ՛ Դաւոյի դաւաճանութեան ամօթալի խորհուրդը, թէ՛ ազգային այդ խարանը արդար մահապատժի ահաբեկումով մաքրագործելու խիզախութեան պատգամը։
Դաշնակցական աւանդ դարձած է այն խորհուրդը, որ դիւրին է դաշնակցական երդուիլը, բայց դժուար է մինչեւ մահ այդ երդումին արժանի մնալն ու դաշնակցականօրէն ապրիլն ու գործելը։
Դաւոյի սայթաքումը ողբերգական ապացոյցներէն մէկն է։
Ն.