Հայ հոգեւորականութիւնը բախտորոշ ազդեցութիւն ունեցած է մեր ժողովուրդի քաղաքակրթական զարգացման հազարամեակներու երթին վրայ, որովհետեւ Հայաստանի ու հայութեան բաժին հանուած պետականազուրկ կեանքի բերմամբ, երկար դարեր, ան կոչուած է ոչ միայն հոգեմտաւոր, այլեւ՝ ազգային-քաղաքական առաջնորդութեան։
Հայոց պատմութեան երկնակամարը իրենց ճառագայթներով լուսաւորող հոգեւորական աստղե- րու ամբողջ փաղանգ մը հունաւորած է ազգային մեր երթը՝ սկսելով Հայոց Հաւատքը հիմնադրող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն։
Հայոց Պատմութենէն նոյնպէս կը սորվինք, որ հայ հոգեւորականութեան ճառագայթող աստղերուն մեծութիւնն ու վեհութիւնը խորաչափելու համար պէտք չէ նայիլ տգիտութեան եւ խաւարամտութեան բազում օրինակներ պարզած հայ հոգեւորականներու անարժան ամբոխին։ Ընդհակառակն՝ արժեչափի պէտք է վերածել օրինակը հայ հոգեւորականի խոնարհ հերոսներուն, որոնք ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ որ գործած են, արժանաւորապէս տէր կանգնած են իրենց կոչումին՝ սեփական ժողովուրդին հոգեմըտաւոր առաջնորդը եւ ստեղծագործ վարակիչ շունչը դառնալու իրենց առաքելութեան։
Հայ հոգեւորականութեան այդօրինակ խոնարհ հերոսներու փաղանգին մաս կը կազմէ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան, որուն մահուան 75ամեակը կը լրանայ այսօր՝ Փետրուար 10ին։ (Այս տարի նաեւ 140ամեակն է երջանկայիշատակ Արքեպիսկոպոսի ծննդեան)։
Ծնած էր Պարտիզակ 27 Սեպտեմբեր 1874ին։ Աւազանի անունով՝ Պիլիճեան Մկրտիչ, Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան հանդիսացաւ Արմաշի Դպրեվանքի շունչով թրծուած եւ այդ շունչը հայաշխարհով մէկ տարածելու առաքելութեան զինուորագրուած անձնդիր հոգեւորականը։
Երիտասարդ տարիքին իսկ հոգեւոր պատաս- խանատուութեանց կոչուեցաւ նոյնինքն Արմաշի եւ, ապա, Կ. Պոլսոյ մէջ։ Իր ուղին հարթեց իբրեւ հայ հաւատացեալի սրտին խօսող եւ մեր ժողովուրդին հոգեմտաւոր աշխարհը մշակող հովիւ։ Առաջին իսկ քայլերէն Հայու Հաւատքին անխոնջ տարածիչը դարձաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին եւ առաքելութեան ճառագայթումին նուիրաբերեց իր անձն ու գործը, հոգեմտաւոր ու հասարակական ծառայութեան իր ողջ կարողականութիւնը։
Թորգոմ Սրբազանի արժանիքները ի յայտ եկան յատկապէս Եգիպտոսի Հայոց Թեմի առաջնորդութեան շրջանին, քսաներորդ դարու երկրորդ եւ երրորդ տասնամեակներուն։ Իրեն վստահուեցաւ ոչ միայն քսաներորդ դարասկիզբին հայկական գաղթաշխարհի ամէնէն ծաղկուն օճախը հանդիսացած Եգիպտոսի թեմին առաջնորդութիւնը, այլեւ իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նուիրական պատուիրակ՝ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսին վըստահուեցան կաթողիկոսական նուիրակի կարեւորագոյն առաքելութիւնները ի Պարսկաստան եւ Հնդկաստան։
Ո՛ւր որ գործեց, Թորգոմ Սրբազան ազգային հոգեմտաւոր շարժում առաջացուց իր շուրջ՝ ոչ միայն գրական, բանասիրական եւ թարգմանական իր բեղուն գործունէութեամբ, այլեւ՝ իբրեւ թեմակալ առաջնորդ կամ կաթողիկոսական նուիրակ նորահաս սերունդները դէպի բարձրագոյն ուսում, ստեղծագործ աշխատանք եւ հոգեւո- րական կոչում մղելով։
Արմաշի հայ հոգեւորական սերունդին արժանաւոր այս ներկայացուցիչը ամէնուր պաշտամունք տարածեց Հայաստանի հանդէպ։ Գաղթաշխարհի հայութիւնը հայրենի հողին կապելու, հայրենական արժէքներով տարագիր հայուն ազգային ինքնաճանաչումն ու հպարտութիւնը ջրդեղելու առաքելութեան անխոնջ դրօշակիրը դարձաւ։ Իր ներշընչումով եւ նախաձեռնութեամբ էր, որ Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն ետք, ի խնդիր Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման եւ հզօրացման, Եգիպտոսի հայ գաղութի առաջնորդութեամբ թափ տուաւ նորանկախ Հայաստանի կարիքներուն հասնելու գաղթաշխարհի հայութեան զօրաշարժին։
Յատկապէս 1931էն ետք իր հասունացման փուլը նուաճեց Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի հոգեմտաւոր ծառայութիւնը, երբ ան ընտրուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ շարունակելու համար հայ հոգեւորականութեան արժանաւոր միւս ներկայացուցիչին՝ բանաստեղծ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի գործը։ Ոչ միայն Ժառանգաւորացի ուսուցչական կազմը արժանաւոր եւ հեղինակաւոր դասախօսներով հարստացուց, այլեւ՝ կարեւոր դեր ունեցաւ Միջին Արեւելքի տարբեր հայօճախներէն նոր սաներ Ժառանգաւորաց բերելու եւ անոնց ուսում ու հայեցի շունչ ջամբելու գործին մէջ։
Իր պատրիարքութեան շրջանին էր, նաեւ, որ պաշտօնաթերթ «Սիոն»ը հայագիտական եւ բանասիրական գիտական հանդէսի իր փայլուն ու ծաղկուն ժամանակները ապրեցաւ։
Թորգոմ Պատրիարքի կարապի երգը եղաւ իր մղած հաւատքի պայքարը ի սպաս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասան պահպանումին։ Նախ՝ Թորգոմ Արք. Գուշակեան հայաշխարհով մէկ բացայայտեց պոլշեւիկներու ձեռամբ Ամենայն Հայոց Խորէն Մուրադբեգեան Կաթողիկոսի խեղդամահ սպանութեան քստմնելի ոճիրը։ Ապա՝ ամէնուր սէր ու յարգանք վայելող Թորգոմ Սրբազանը համընդհանուր շարժում ծաւալեց ի պաշտպանութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին պահպանման ու հայադրոշմ առաքելութեան լիարժէք վերականգնումին։
Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան սրտի կաթ- ւածով յանկարծամահ վախճանեցաւ 1939ի Փետրուար 10ին՝ հայ ժողովուրդին ժառանգ ձգելով գրականագիտական եւ բանասիրական հարուստ ժառանգութիւն մը, որուն կարեւորագոյն նուաճումը իրաւամբ կը նկատուի Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աշխարհաբարի թարգմանութիւնը։
Ն.