- Details
- Category: Յուշատետր
Յունուար 28ին հայ ժողովուրդը կը տօնէ իր Ազգային Բանակին վերականգնման ու մեր ժամանակներու ոգիով հիմնադրութեան Օրը։
Այսօրուան տօնը յագեցած է ազգային ինքնավստահութեամբ, հպարտութեամբ ու մարտունակութեամբ վերանորոգուելու ազգապահպան ու հայրենակերտ խորհուրդով։
- Details
- Category: Յուշատետր
Այսօր՝ 27 Յունուարին, հայկական երաժշտութեան ապրող վարպետներէն Տիգրան Մանսուրեան կը դառնայ 75 տարեկան։
Մեծատաղանդ երգահանը կը պատկանի փաղանգին այն բացառիկ արուեստագէտներու, որոնք ոչ միայն բարձրորակ գործ կը ստեղծեն եւ նորարարական շունչ կը բերեն, այլեւ՝ արուեստասէր հասարակութեան եւ սեփական ժողովուրդին հիացումին կ'արժանանան նաեւ իրենց անհատականութեան եւ մարդկային արժանքներուն համար։
- Details
- Category: Յուշատետր
Այսօր՝ 24 Յունուարին հայ ժողովուրդը կը տօնէ ծննդեան 90ամեակը իր հանճարեղ զաւակներէն Պարոյր Սեւակի։
Տօնակատարութեան օր է Յունուար 24ը, որովհետեւ 1924 թուականի այդ օրը հայ ժողովուրդը ծնունդ տուաւ իր միտքն ու հոգին լայն հորիզոններու բացող, մարդուն եւ աշխարհին մասին թարմ, գեղեցիկ ու իմաստուն պատգամ փոխանցող եւ, մանաւանդ, հայ ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութեան երգը ամենայն հզօրութեամբ հնչեցնող՝ հայոց Անլռելի Զանգակատան խրոխտ բանաստեղծին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Այսօր կը նշենք երկրորդ տարեդարձը Հայ Դատի պահանջատիրութեան ճակատին վրայ արձանագրուած քաղաքական կարեւոր յաղթանակի մը, որ թէեւ սահմանադրական իր պսակումին չարժանացաւ եւ գործնապէս չորդեգրուեցաւ, բայց վճռորոշ նախընթաց մը հանդիսացաւ եւ նոր հորիզոն բացաւ Հայ Դատի պայքարին առջեւ։
- Details
- Category: Յուշատետր
22 Յունուարին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ երգի եւ երաժշտութեան սիրուած վարպետներէն Առնօ Բաբաջանեանի։
Այսօր ծննդեան 93րդ տարեդարձն է տաղանդաշատ երաժիշտին, որ միայն 62 տարի ապրեցաւ, բայց գիտցաւ ու կրցաւ 5 տարեկանէն սկսեալ - հնչիւններու մոգական ուժով - մնայուն ու անվերջ երգահանդէսի մը վերածել իր կեանքի ժամանակը, անոր իւրաքանչիւր վայրկեանը։