Փետրուար 18ը կը խորհրդանշէ ամէն կարգի բռնակալութեանց, անիրաւութեանց եւ անարդարութեանց դէմ հայ ժողովուրդի հերոսական ապստամբութեան, այլեւ յեղափոխական ըմբոստացման անկապտելի ոգին։

«ՄԵՍՐՈ՜Պ, հայ դարերու դիմաց կեցող՝
Դուն ադամանդեայ ապառաժ,
Դուն, մանուկներու մերկ ուղեղէն
Մինչեւ հանճարը ցոլքեր ցանող,
Գիտակցութեանց անգիւտ փարոս...»։

Փետրուար 17ի այս օրը, հայերէն տառերուն, հայոց գրաւոր այբուբենին եւ հայ դպրութեան հիմնադիր Սուրբին՝ Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած մեծն Սիամանթոյի ոգեշունչ բնութագրումով կ'ոգեկոչենք մահուան տարելիցը հայ ժողովուրդին հայերէն գիրեր պարգեւած եւ Հայ ազգային ինքնութեան ու ինքնուրոյնութեան հիմնաքարը հաստատած Մեծ Վարդապետին։

Փետրուար 15ին կը տօնենք ծննդեան տարեդարձը հայ ժողովուրդի անմահ տաղանդներէն Ռուբէն Սեւակի։
Միայն 30 տարի ապրեցաւ Ռուբէն Սեւակ, չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել կանխահաս տաղանդի իրեն բաժին ինկած ստեղծագործական երկունքի ժամանակը, որովհետեւ թուրք ցեղասպանը բրտօրէն կտրեց անոր կեանքին թելը։

Փետրուար 13ի այս օրը կը նշենք ծննդեան տարեդարձը արդի հայ գրականութեան ճառագայթող դէմքերէն Շաւարշ Նարդունիի, որ ոչ միայն արեւմտահայերէնը բարձրացուց իր գեղեցկագոյն յղկումի բարձունքին, այլեւ սփիւռքահայուն մէջ վառեց անմար կրակը «Հայաստան ամէն բանէ վեր» դաւանող գաղափարապաշտութեան։

«…Ես ասում եմ. մարդ չպիտի էնքան քաղցր լինի՝ որ կուլ տան, չպիտի էնքան դառը լինի՝ որ թքեն։ Քեզ կուլ են տուել, ու գովում են, զաւակս, քեզ կուլ են տալիս: Ասում ես խիղճ, բայց խիղճը գիտե՞ս երբ է գեղեցիկ - երբ գազանի մէջ է: Քոնը խիղճ չի, խեղճութիւն է: