Մարտ 20ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը խորհրդահայ գրականութեան «հիմնադիրներէն» համարուող Արազիի։
Աւետիք Իսահակեանի գնահատումով՝ Արազի կը հանդիսանայ «առաջին եւ գիտակից պրոլետարական արձակագիրը» արդի հայ գրականութեան մէջ։

Հայ ժողովուրդի անձնուրաց քաջորդիներու եւ առասպելատիպ հերոսներու ֆետայական փաղանգին մէջ առանձնայատուկ իր տեղը ունի Սասնոյ Խիանք գաւառի ծնունդ Աւետիսեան Մուշեղը, որ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ անմահացաւ իբրեւ Խմբապետ Մուշեղ։

Մարտ 18ի այս օրը վախճանած է Անկախութեան Սերունդի վաստակաւոր ներկայացուցիչներէն՝ 18 Փետրուար 1921ին կազմուած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի քարտուղար Սահակ Տէր-Թովմասեան։

Մարտ 17ի օրը անմահ խորհուրդով մը իր անմոռանալի տեղը գրաւած է մեր ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ՝ խորհրդանշելով հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական սրբացման եւ յեղափոխական պայծառակերպման օրը։

93 տարի առաջ, Մարտ 15ի օրը, Պերլինի մէջ գործուեցաւ իւրօրինակ ահաբեկչութիւն մը, որ խտացուց արիւնի եւ արհաւիրքի ամբողջ պատմութիւն մը եւ խորհրդանշեց ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին արդար ցասումը, վրէժը եւ պահանջատիրութիւնը։